Լիաբանան. Լեւոն ԺԴ. Պապին այցելութիւնը Լիբանան Լիաբանան. Լեւոն ԺԴ. Պապին այցելութիւնը Լիբանան  (ANSA)

Ռայի Պատրիարք. «Պապի այցելութիւնը պատմական է, իր թայմինկով ու պարունակութեամբ»

Ռայի պատրիարքին կարծիքով` պապի այցելութիւնը Լիբանանին պիտի տայ յատուկ կարգավիճակ, ինչ որ մեծ ծառայութիւն է, որմէ լիբանանցիները պէտք է օգտուին` խոր կերպով կարդալով անոր ուղերձներու բովանդակութիւնը եւ անոնց համաձայն ապրելով` հաշուի առնելով, որ պապին ժամանումը պէտք է առիթ ըլլայ վերատեսութեան ենթարկելու մտածելակերպը եւ իրականութեան նկատմամբ մօտեցումը:

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Վատիկանի շրջանակները մանրամասնօրէն, պահը պահին, կը հետեւին Լիբանանի ներքին կեանքին եւ տեղեակ են երկրի բացառիկ հանգամանքներուն, տնտեսական ճգնաժամին եւ ատոր ուղեկցող քաղաքացիներու արտագաղթի ալիքներուն պատճառով կուտակուած բացասական հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տարածքին մէջ Իսրայէլի պատերազմի վերսկսման սպառնալիքին` զուգահեռաբար Հըզպալլայի եւ Թել Աւիւի միջեւ  շարունակուող տագնապին»:

Ան նշեց, որ Լեւոն ԺԴ. պապի այցելութիւնը «պատմական» է, իր թայմինկով ու պարունակութեամբ, եւ Լիբանանի նկատմամբ նոր մօտեցումի դուռ պիտի բանայ:

Ռայի պատրիարքը ըսաւ, որ պապը Լիբանան կու գայ իրեն հետ բերելով «խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամ», ինչ որ հրատապ կարիք է լիբանանցի ժողովուրդին համար, որ մոռցած է արաբական աշխարհի արեւելքին մէջ իր յառաջադէմ դերակատարութիւնն ու իր բնորդային համակեցութեամբ յատկանշուող փոքր հայրենիքի արժէքը:

Ռայի պատրիարքին կարծիքով` պապի այցելութիւնը Լիբանանին պիտի տայ յատուկ կարգավիճակ, ինչ որ մեծ ծառայութիւն է, որմէ լիբանանցիները պէտք է օգտուին` խոր կերպով կարդալով անոր ուղերձներու բովանդակութիւնը եւ անոնց համաձայն ապրելով` հաշուի առնելով, որ պապին ժամանումը պէտք է առիթ ըլլայ վերատեսութեան ենթարկելու մտածելակերպը եւ իրականութեան նկատմամբ մօտեցումը:

Մարոնիներու պատրիարքը նշեց, որ պէտք է համոզուիլ «դրական չէզոքութեամբ», առանց որուն լիբանանցիները չեն կրնար ապրիլ` աւելցնելով, որ պապը «չէզոքութիւնը» պիտի չնշէ, որովհետեւ ատիկա ներքին հարց է:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը նշեց. «Հըզպալլայի զէնքի թղթածրարի լուծումը դիւանագիտութեան ճամբով է»:

Լուրը՝ Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2025, 06:24