ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (43)
43.- ՄԽԻԹԱՐ ԿԸ ՍՏԻՊՈՒԻ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ԻՐ ԱՊԱՍՏԱՐԱՆԷՆ
Յունաստան փախչելու եւ ապաստան գտնելու հեռանկարով, Մխիթար կ՚որոշէ Հ. Գէորգ վարդապետը հոն ուղարկել՝ երկրին հանգամանքները ուսումնասիրելու համար, որպէսզի բոլոր հարկաւոր տեղեկութիւնները մանրամասնօրէն իրեն փոխանցէր։
Այդ օրերուն, 1701 Հոկտեմբերին, լատիններու եւ հայերու միջեւ փոխըմբռնման եւ լարուած իրավիճակի մեղմացման պայմանագիր մը կը պատրաստուէր, Ֆրանսայի դեսպան Ֆէրիոլի եւ վեղարաւորներու մեծաւոր Յակինթոսի համագործակցութեամբ։ Յակինթոս անձամբ Ադրիանուպոլիս կ՚երթայ այս համաներման եւ հանդուրժողականութեան ծրագիրը գլուխ հանելու եւ Եփրեմ պատրիարքի հաւանութիւնը ստանալու համար, որմէ ետք պայմանագիրը պիտի ուղարկուէր Էջմիածին եւ Հռոմ՝ վաւերացուելու համար։ Քանի մը ամիս ետք, 1702ի Փետրուար 24ին այդ արարքին համար Եփրեմ պատիրարքը գահընկէց կ՚ըլլայ որպէս հանդուրժողականութեամբ պետական շահերու դէմ գործող անձ։ Պատրիարքական աթոռ կը բարձրանայ Աւետիք Եւդոկիացին, որ Կարին պաշտօնավարած ատենէն յայտնի էր լատինամէտներու հանդէպ իր անզիջող դիրքին համար։
Երբ 1702ի Յուլիսի վերջերը Աւետիք պատրիարք Կոստանդնուպոլիս կը տեղափոխուի, ադրիանուպոլսեցի երեք քահանաները որ լատիններուն յարած ըլլալու համար բանտարկուած էին Եփրեմ պատրիարքի ժամանակ, եւ մեծ գումարներ վճարելով քանի մը ամիսէ ի վեր ազատ կը շրջէին, սարսափահար կը դիմեն վեղարաւորներու վանքը, ուր Մխիթար ապաստան գտած էր։ Աւետիք պատրիարք լատիններու հետ համաձայնագիրը մշակելու գործընթացը կը շարունակէ, երկար բանակցութիւններ կը վարէ լատին եկեղեցականներու եւ Ֆրանսայի դեսպանին հետ, հալածանքները դադրեցնելու, արգելքները վերացնելու համար եւ այս բոլորին իրականացման պայմաններէն մէկն էր որ Մխիթար վարդապետն ու երեք քահանաները ներկայանային պատրիարքին, որ մեծ պաշտօններ տալ կը խոստանար։ Երբ այդ համաձայնագիրը կը կնքուի, Յակինթոս՝ վեղարաւորներու մեծաւորը կը կանչէ Մխիթարն ու երեք քահանաները ըսելու համար որ ամէն հակառակութիւն եւ վտանգ վերացած էր, եւ կը յորդորէ երթալ Ֆերիոլ դեսպանին շնորհակալութիւն յայտնել եւ ապա Աւետիք պատրիարքին ներկայանալ։
Մխիթար չի համոզուիր կատարուածին եւ պատրիարքին տուած խոստումներուն։ Երախտագիտութիւնը յայտնելու համար սիրով տրամադրութիւն կը յայտնէ ներկայանալու Ֆրանսայի դեսպանին, սակայն յանձն չ՚առներ Աւետիք պատրիարքին քով երթալ։ Այս պատճառով վեղարաւորներու մեծաւորը կը հարկադրէ զինք նոյն գիշերն իսկ լքել իրենց վանքը ուր ապաստանած էր։ Մխիթար կը ստիպուի քանի մը օր ֆրանսացի գինեվաճառի մը տունը վարձով մնալ մինչեւ որ հաւատարիմ բարեկամ մը յանձն կ՚առնէ իր տան ձեղնայարկը պահել զինքը, Հ. Մանուէլի եւ Յովհաննէս սարկաւագի եւ Միքայէլ պատանիին հետ միասին։ Տասնըհինգ օր կը մնան այդ թաքստոցին մէջ, ամենայն զգուշութեամբ, որպէսզի յանկարծ այցելուները կամ տան երեխաները չիմանային իրենց ներկայութեան մասին։
Մինչ այդ երեք քահանաները պարզամտութեամբ կ՚երթան պատրիարքարան՝ որոշ ժամանակ յետոյ կը բանտարկուին եւ այդ վիճակի մէջ կը մահանան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ