ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (44)
44.- ՄԽԻԹԱՐ Կ՚ԱՆՑՆԻ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ
Մտերիմներու միջոցով Մխիթար կը տեղեկանայ որ Զմիւռնիա գացող պատրաստ նաւ մը կար։ Հարուստ վաճառականի հագուստներով ծպտուած կ՚աճապարէ իր հետ եղած աշակերտներով նաւ մտնել եւ հեռանալ Կոստանդնուպոլիսէն։ Հայր Մանուէլը, Յովհաննէս սարկաւագը եւ Միքայէլ պատանին ալ ծպտուած էին որպէս իր աշխատաւորները։ Զմիւռնիա հասնելուն պէս Վենետիկ մեկնող նաւի մը կը հանդիպին, եւ գիտնալով հանդերձ որ այդ նաւը Պեղոպոնէս կանգառ պիտի չընէր, անմիջապէս կը բարձրանան, վայրկեան առաջ լքելու համար այդ սպառնալից երկիրը։
Աստուածային բարեգութ նախախնամութեամբ՝ բարեյաջող քամի մը կը բարձրանայ եւ կ՚ուռեցնէ նաւուն պարզած առագաստները եւ զիրենք կը քշէ հեռաւոր քրիստոնեայ ափեր։ Տասնըհինգ օր նաւարկելէ ետք, 1702ի Հոկտեմբերի վերջը կը հասնին Զակիւնթոս, կամ Զանթա կղզին։ Հոն ափ իջնելով՝ փառք կու տան Աստուծոյ այդ աննկարագրելի վտանգներէն եւ տառապալից փորձանքներէն վերջապէս ազատած ըլլալու համար։
Մխիթար իրենց անփորձանք ժամանումին մասին անմիջապէս նամակով մը կը տեղեկացնէ իր միւս աշակերտները, որ Պեղոպոնէսի Նէապոլիս քաղաքը հաւաքուած՝ իրեն կը սպասէին։
Մաքրարանի քառասնօրեայ ժամանակը աւարտելուն՝ արդէն վրայ հասած էր ձմրան ցրտաշունչ քամիներու շրջանը եւ Մխիթար իր հետ եղած աշակերտներուն հետ միասին կը ստիպուի Զանթա մնալ մինչեւ Յունուարի վերջը։ Այսպէս 1703 թուականի Փետրուարին նաւարկելով Պեղոպոնէսի շրջանը կ՚ընէ՝ արեւելեան ափը անցնելու համար։ Կէս ճամբուն՝ նաւը կը մտնէ Մեթոն բերդաքաղաքի նաւահանգիստը եւ Մխիթար քանի մը օր ցամաք ելլելով կը հանդիպի «բարեպաշտ եւ խոհեմ բնակիչներու», եւ կը ծանօթանայ քաղաքի բնակչութեան եւ կենսամակարդակին։ Ժամանակագիրը չի յստակեր արդեօք հայե՞ր էին թէ ոչ։
Շարունակելով իրենց նաւագնացութիւնը՝ կը հասնին Պեղոպոնէսի մայրաքաղաքը՝ Նէապոլիս, ուր իրենց անհամբեր կը սպասէին իր ութը աշակերտները։ Հոն էին նաեւ Սեբաստացի Յովնան եպիսկոպոսը, Յարութիւն պատանին, Անտոնն ու Մարտիրոսը, որոնք իրենց հետ միասին կը բնակէին վարձու առած տան մը մէջ։
Զանթա եղած ատեն արդէն Նէապոլիս գտնուող իր միաբանները տեղեկացուցած էին թէ երկրի իշխանութիւնը տրամադիր էր բնակութեան վայր եւ ապրուստի հողատարածք տրամադրել հեռաւոր երկիրներէն գաղթող քրիստոնեաներուն։ Այսպէս, հազիւ Նէապոլիս հասած՝ համախոհներու խումբին աւագներով կը խորհրդակցին թէ ո՛ւր հաստատեն իրենց բնակութիւնը։ Եւ քանի որ Մխիթար ճամբորդութեան ընթացքին աչքով տեսած էր Մեթոն բերդաքաղաքի ամրութիւնը, եւ տեղւոյն վրայ իմացած էր թէ բնակիչներուն մեծ մասը կաթողիկէ է, իշխող ազնուականներով եւ զինուորականներով, ինչպէս նաեւ Քիոս կղզիէն հոն ապաստանած մարդիկ, որ իրենց գերդաստաններով այդտեղ հաստատուած ըլլալնուն համար պետութենէն ստացած էին բնակելու վայրը եւ հողամասեր որպէս եկամուտ՝ կ՚որոշեն Մեթոն հաստատուիլ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ