2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (45)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

45.- ՄԽԻ­ԹԱՐ ՄԵ­ԹՈՆ ՀԱՍ­ՏԱ­ՏՈՒԵ­ԼՈՒ ԽՆԴ­ՐԱ­ՆՔ ԿԸ ՆԵՐ­ԿԱՅԱՑ­ՆԷ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

 

 

Մ­խի­թար աղեր­սա­գիր մը կը ներ­կա­յաց­նէ Վե­նե­տի­կի Հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան կող­մէ ու­ղար­կուած երեք քն­նիչ­նե­րուն, «Sindici Inquisitori», որ տա­կա­ւին Նէապո­լիս կը գտ­նուէին, խնդ­րե­լով որ Մե­թո­նի մէջ վանք եւ եկե­ղե­ցի կա­ռու­ցե­լու հա­մար տա­րածք տրա­մադ­րեն, ինչ­պէս նաեւ պե­տա­կան վար­ձա­կա­լու­թեամբ հո­ղա­տա­րածք՝ իրենց ապ­րուս­տը հո­գա­լու հա­մար։ Այս աղեր­սագ­րին կը կցէ նաեւ 12 Հոկ­տեմ­բեր 170­2ին գրուած յանձ­նա­րա­րա­կան նա­մա­կը որ հե­ռա­տե­սօ­րէն խնդ­րած էր Բե­րա ապ­րող իրեն ծա­նօթ եւ բա­րե­կամ Լո­րեն­ցոյ Սո­րան­ցոյ Վե­նե­տի­կի Հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան դես­պա­նէն։­

Ե­րեք իրա­ւա­պաշտ­պան­նե­րը, Ան­ճե­լոյ Մո­րո­զի­նի, Ճիաքո­մոյ Մի­նիոյ եւ Վին­չեն­ցոյ Կրի­մա­նի, կ՚ըն­դու­նին Մխի­թա­րի խնդ­րան­քը եւ 27 Մարտ 170­3ին ար­քու­նի մուր­հակ մը կու տան, ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար Մես­սե­նիայի գա­ւա­ռա­պե­տին, որ Նա­ւա­րին քա­ղա­քը կը մնար, ուր նշուած էր որ քա­ղա­քին մէջ այդ կրօ­նա­ւոր­նե­րուն, շուրջ 1200 մետր քա­ռա­կու­սի տա­րածք տրա­մադ­րուէր եկե­ղե­ցի եւ վանք կա­ռու­ցե­լու հա­մար։ Իսկ եթէ յար­մար տեղ չգտ­նուէր՝ դղեակին մէջ յատ­կա­ցուէր այդ տա­րած­քը։ Եկա­մու­տի հա­մար Գա­լա­սոն գիւղն ամ­բողջ հո­ղա­տա­րած­քով ինչ­պէս նաեւ Մավ­րա­մաթ գիւ­ղին մեծ մա­սը կը տրուի վար­ձա­կա­լու­թեամբ, որ­պէս­զի պե­տու­թեան ութ­սուն ոս­կի վճա­րեն եւ մնա­ցած եկա­մու­տը իրենց ապ­րուստ ըլ­լայ։ Այս բո­լո­րը, սա­կայն, պայ­մա­նով որ եկե­ղե­ցին ու վան­քը երեք տա­րուան ըն­թաց­քին կա­ռու­ցած ըլ­լային։

Քն­նիչ­նե­րը Մխի­թա­րի նա­մակ մըն ալ կը յանձ­նեն՝ ուղ­ղուած Մե­թո­նի Կա­ռա­վա­րի­չին, որ­պէս­զի ար­քու­նի բնա­կա­րան­նե­րէն մէ­կը տրա­մադ­րէր հայ կրօ­նա­ւոր­նե­րու հա­սա­րա­կու­թեան՝ մին­չեւ որ վան­քի կա­ռու­ցու­մը աւար­տէին եւ հոն տե­ղա­փո­խուին։ Վե­նե­տի­կի Հա­սա­րա­կա­պե­տու­թիւ­նը այս եւ նման մի­ջոց­նե­րով կը փոր­ձէր քրիս­տո­նեանե­րու թի­ւը աճեց­նել թուր­քե­րու տի­րա­պե­տու­թե­նէն ազա­տագ­րած այդ տա­րածք­նե­րուն վրայ։­

Այս բո­լոր փաս­տա­թուղ­թե­րով Մխի­թար եւ իր միաբան­նե­րը կը մեկ­նին Նէապո­լի­սէն դէ­պի Մե­թոն ամ­րա­կա­ռոյց դղեակը, ուր կը ստա­նան ըն­դար­ձակ տուն մը, եւ վան­քի պայ­ման­նե­րուն յար­մա­րեց­նե­լով՝ հոն կը սկ­սին բնա­կիլ։ Այդ տան մէջ սե­նեակ մըն ալ մա­տու­ռի վե­րա­ծած էին, ուր առա­ջին աշա­կերտ­նե­րը, որ ար­դէն քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւն ալ ու­նէին, Մխի­թա­րի առ­ջեւ իրենց կրօ­նա­ւո­րա­կան ուխ­տե­րը կը կա­տա­րեն, խոս­տա­նա­լով հնա­զան­դու­թիւն, ող­ջա­խո­հու­թիւն եւ անինչ կեանք մը։ Ասոնք էին՝ Հ. Եղիա Կոս­տանդ­նու­պոլ­սե­ցի վար­դա­պե­տը, Հ. Յով­հան­նէս Սե­բաս­տա­ցի Վար­դա­պե­տը, Հ. Գէորգ Այն­թէպ­ցի վար­դա­պե­տը եւ Հ. Մա­նուէ­լը։ Իսկ մնա­ցած­նե­րը որ­պէս նո­րըն­ծա­ներ՝ կը սկ­սին կրօ­նա­ւո­րա­կան կեան­քի սկզ­բունք­նե­րուն ծա­նօ­թա­նալ։ Այս խմ­բա­կին պատ­կա­նող պա­տա­նի­նե­րուն կը սկ­սի քե­րա­կա­նու­թիւն դա­սա­ւան­դել. ասոնք էին՝ Պօ­ղոսն ու Պետ­րո­սը, Թով­մասն ու Գաբ­րիէլը, Մի­քայէլն ու Յա­կո­բը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2025, 08:36