2025.11.24 Libano: serata dedicata a San Ignazio Maloyan

Հոգեւոր ձեռնակ նուիրուած Զմմառու միաբան նահատակ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին

«Սուրբերը մեր աղօթքներուն պէտք չունին արդէն սրբութեան հասած են, այլ մենք պէտք ունինք անոնց բարեխօսութիւններուն, ուստի դիմենք նահատակ սուրբին որպէսզի ընդունինք երկնային շնորհներ»:

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Մայրավանքի մեծաւոր Գերպծ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեանի նախագահութեամբ, Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութեան «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 21 Նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած «Սրբութեան Լոյս մը՝ ծնած Ցեղասպանութեան խաւարէն» հոգեւոր ձեռնակ, ներկայութեամբ, Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահէ Փանոսեանի ներկայացուցիչի Տէր Խորէն Քհնյ. Մելքոնեանի, ՄԱՀԱԵՄ նախագահի եւ կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչի Վերապատուելի Նշան Պաքալեանի, Հոգեւոր հայրերու, նախկին նախարարներու, հայկական կուսակցութիւններու պատկան մարմիններու, Պուրճ Համուտի փոխ քաղաքապետի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու, բարերարներու, հայկական հաստատութիւններու եւ վարժարաններու տնօրէններու, թաղապետերու, համայնքային, հայրենակցական, ընկերային, կուսակցական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներու, եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած յանձնախումբերու ու վարչութիւններու եւ մշակութասէր հանրութեան եւ բարեկամներու։

Հոգեւոր ձեռնակ նուիրուած Զմմառու միաբան նահատակ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին
Հոգեւոր ձեռնակ նուիրուած Զմմառու միաբան նահատակ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին

Բացման խօսքը արտասանեց «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» Մշակութային Միութեան ատենապետ Մարալ Հարպոյեան ըսաւ. «19 Հոկտեմբերը յիշարժան օր մըն է հայութեան համար, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան սրբադասուեցաւ հոգեպարար ու պատմական արարողութեամբ փառապանծ հայոց ազգիս, ի մասնաւորի Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան եւ Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան համար։ Մարտինի առաջնորդ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան հաւատքով նահատակուեցաւ, նահատակութեամբ սրբադասուեցաւ եւ սրբադասուելով մեծարուեցաւ։

Հարպոյեան աւելցուց. «Նոր սուրբերը յոյսի փայլուն նշաններ են. սուրբին կեանքը եւ վկայութիւնը ուժի եւ հաւատքի աղբիւր են, որուն նահատակութիւնը ընդհանրապէս եւ Սուրբ Մալոյեանի նահատակութիւնը յատկապէս գերագոյն խորհուրդ ու պատգամ կը պարունակէ հաւաքական նպատակները առաջնահերթ նկատելու։

Ատենապետը եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Խորանանք սուրբ Մալոյեանի կեանքի ու ուսմունքի մէջ գտնենք ոգեշնչում մեր հաւատքը ամրապնդելու»։

Ապա սրինգի, դաշնամուրի, երգեհոնի, ջութակի, տուտուքի եւ սաքսոֆոնի ընկերակցութեամբ համանուագ մը հրամցուցին Կասիա Լեւոնեան, Վերոնա Ռուսիալեան, Ժորժ Լեւոնեան Ճեսի Աւետիսեան, Նաթալի Աբոքեան եւ Նշան Կիս. Մարաշլեան, ներկայացնելով Հայաստանի ուրախ կեանքի խաթարումը «Հայաստան աշխարհ» եղանակով, հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ հայուն իրավիճակը «Տըլէ եաման»ով, ցաւն ու տառապանքը Կոմիտասեան «Տէր Ողորմեա»-ով, յոյսը «Քէլէ Քէլէ»-ի վերականգնումի եղանակով եւ վերջապէս հայու ողբերգութեան եւ ցաւին վերջ հանդիսացող Մալոյեանի սրբադասումը «Բազմաչարչար»-ով։

Հոգեւոր ձեռնակ նուիրուած Զմմառու միաբան նահատակ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին
Հոգեւոր ձեռնակ նուիրուած Զմմառու միաբան նահատակ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին

Ասմունքով հանդէս եկաւ Ռիթա Տէր Պետրոսեան ներկայացնելով իր հօր՝ Յարութիւն Տէր Պետրոսեանի բանաստեղծութիւնը «Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան»-ը։

Ցուցադրուեցաւ տեսաերզ մը սուրբին կենսագրական տեսերիզը, պատրաստուած Զմմառու Մայրավանքէն:

Ապա Մայրավանքի փոխ մեծաւոր Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան խօսք առնելով ներկայացուց Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի կեանքի հանգրուանները, իւրաքանչիւր շրջանի կարեւորագոյն կէտերը: Ան ըսաւ. « Լիբանանի չքնաղ լեռներու սրտին մէջ, մեր Զմմառու հնադարեան Մայրավանքին մէջ չկայ նահատակ սուրբին աճիւնները, սակայն անոր քարերուն վրայ կայ 15 նահատակ միաբաններու բացուած վէրքեր, ապահով կայ այնտեղ Ս. Մալոյեանին հոգին եւ Ցաւագին Տիրամայր Զմմառու սրբանկարը, որուն առջեւ ան ծնկաչոք երկար ժամեր աղօթած է վանքին սրբատաշ գմբէթին տակ եւ իր հաւատքի ապրումներով նուիրագործած է զայն: Ուստի Զմմառը ուխտավայր ըլլալու կողքին դարձաւ նաեւ սրբավայր»: Լուիսեան փակեց իր խօսքը ըսելով. «Շնորհաւոր ըլլայ սրբադասումը համայն հայութեան, որովհետեւ 110 տարիներ ետք, սրբութեան լոյս մը ծագեցաւ Ցեղասպանութեան խաւարէն եւ այս լոյսը պիտի շողայ դարէ դար»:

Երկրորդ երիզով ներկայացուեցաւ Վատիկանի Սուրբ Պօղոս հրապարակէն յայտարարուած Լեւոն 14 քահանայապետի աշխարհատարած նախադասութիւնը` Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման յայտարարութիւնը։

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուելով Անի Եփրեմեան ներկայացուց «Սուրբ Իգնատիոս» ասմունքը դարձեալ գրուած Յարութիւն Տէր Պետրոսեանի գրիչով։

Հոգեւոր ձեռնակ նուիրուած Զմմառու միաբան նահատակ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին
Հոգեւոր ձեռնակ նուիրուած Զմմառու միաբան նահատակ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին

Ապա ՄՏԿԿ միջ-եկեղեցական բաժանմունքի պատասխանատու Տէր Մովսէս Աբեղայ Եօսուլքանեան խօսք առնելով ըսաւ. «Հայ մեծանուններ ծնունդ առած են 1869-ին, որոնցմէ է նաեւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեան, որ իր հայկականութեամբ հպարտացուց ողջ հայութիւնը, որքան հպարտանալի է լսել «եան» մը կը սրբադասուի Ընդհանրական եկեղեցւոյ կողմէ»: Հ. Եօսուլքանեան նմանութիւն մը դրաւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի եւ մեծ երաժիշտ Կոմիտաս Վարդապետի միջեւ ըսելով. «Երբեք պատահական չէ տեսնել երկու մեծանուն հայեր Եգիպտոսի մէջ հայկական մշակոյթը կը պահեն, առաջինը հայ վարժարաններ բանալով եւ երկրորդը «Գուսան» երգչախումբը կազմելով»:

Ապա նորակազմ «Յոյս» երգչախումբը խմբավարութեան Տէր Նշան Սրկ. Հաննէշեանի եւ Ալեքս Լեւոնեանի քառաձայն ներկայացուցին «Սուրբ Սուրբ», «Հաց այս Մարմին» եւ «Հոգի Քրիստոսի» շարականները:

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեան ներկայացուց Յոյսի իսկական օրինակը, ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի ողբերգական էջը փակեցինք Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումով, մեր ժողովուրդը այլեւս խեղճանալու առիթ չունի, այլ հպարտութեամբ պէտք է ըսէ. «Ցեղասպանութեան արդիւնքը մեր հայ ազգի սրբութիւնն է»: Հայր Քէշիշեան աւեցուց. «Մալոյեանով մենք քաջութիւն եւ յաղթանակ սորվեցանք, որովհետեւ Աստուծոյ ծառայ Կարդինալ Աղաճանեան ըսած է. «Մենք տարիներ շարունակ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ողբերգական յիշատակ ու սգատօն էր, սակայն մեր սուրբերով փառապանծ փառատօնի վերածուեցաւ» Ահա ինչպէս մենք եւս տեսնենք մեր յաղթանակը եւ մենք եւս արժանանանք նոյն սրբութեան համբաւին»:

Հոգեւոր ձեռնակ նուիրուած Զմմառու միաբան նահատակ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին
Հոգեւոր ձեռնակ նուիրուած Զմմառու միաբան նահատակ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին

Մայրավանքի Մեծաւոր Գերպծ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան առաջին հերթին գնահատեց «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» մշակութային միութիւնը գլխաւորութեամբ Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի ըսաւ. «Մեր միաբան եղբայրը սուրբ է: Այս գրաւականով ապրինք եւ մենք եւս սորվինք Սուրբէն ինչպէս ջերմեռանդութեամբ պէտք է աղօթել եւ իր վառ օրինակով մենք ալ սրբութեան ճանապարհը կերտենք»: Գերապայծառ Զահթէրեան փակեց իր խօսքը ըսելով. «Սուրբերը մեր աղօթքներուն պէտք չունին արդէն սրբութեան հասած են, այլ մենք պէտք ունինք անոնց բարեխօսութիւններուն, ուստի դիմենք նահատակ սուրբին որպէսզի ընդունինք երկնային շնորհներ»:

Խօսքէն ետք, «Յոյս» երգչախումբը եզրափակեց Սուրբ Մալոյեանի նուիրուած ձեռնարկը ներկայացնելով «Բազմաչարչար» շարականը, որ շատ յատկանշական էր ժողովուրդի միակամ մասնակցութիւնը՝ երգեցողութեամբ եւ յոտնկայս մոմավառութեամբ հաստատելու թէ իսկապէս «Լոյս մը ծնաւ Ցեղասպանութեան Խաւարէն» եւ այդ լոյսը նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսի Լոյսը արտացոլող Ս. Իգնատիոս Մալոյեանն է: Որմէ ետք, Նորայր Պուտագեան, ցուցադրեց Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի դէմքի նկարը, զոր ձեռնարկին սկիզբէն ան սկսած էր նկարել, բոլոր ներկաները հիացմունքով եւ վառած մոմերով վերադարձան իրենց տուները, Ս. Մալոյեանի լոյսը իրենց հետ տանելով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2025, 07:59