Իսթանպուլի Սուրբ Հոգի Եկեղեցին Իսթանպուլի Սուրբ Հոգի Եկեղեցին 

Կաթողիկէ Եկեղեցին Թուրքիոյ մէջ. Լեւոն ԺԴ. Պապին առաքելական ճամբորդութիւնը

Ներկայ Թուրքիոյ տարածքին ըստ պաշտօնական տուեալներու կաթողիկէ քրիստոնեաներու թիւը բնակչութեան 0,04 առ հարիւրն է, այսինքն 33 հազար։ Հոն տակաւին կը գոյատեւեն կաթողիկէ Լատին, Քաղդէացի, Հայ, Յոյն եւ Ասորի եկեղեցիները։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ. - Հայկական Բաժանմունք

Փոքր Ասիոյ տարածքին վրայ քրիստոնէութիւնը արդէն առաջին դարէն տարածուած է։ Առաքեալները այս տարածքին վրայ հիմնած են համայնքներ։ Ըստ աւանդութեան Պետրոս Առաքեալ Աղեքսանդրետի մէջ հիմնած է առաջին եկեղեցին ժայռափորի մէջ. Աստուածածինը ապրած է Եփեսոսի մէջ։

Այս տարածքին վրայ գումարուած են եկեղեցական Տիեզերական ժողովներ. հոն եղած է մէկէ աւելի Եկեղեցիներու կամ Ծէսերու կենդրոնը կամ թեմեր՝ Հայ, Բիւզանդական կամ Ուղղափառ, Ասորական եւ Քաղդէական Եկեղեցիներ։

Յատկապէս Հռովմէական Կայսրութեան բաժանումէն վերջ, 395 թուականին, Կոստանդնուպոլիսը ստացաւ յատուկ կարեւորութիւն։

Մահմետականութեան յառաջխաղացքը եւ դարերու տիրապետութիւնը ամբողջովին կը փոխակերպեն տարածաշրջանի համապատկերը։

Մահմետականութեան քաղաքականութիւնը թէեւ կենդրոնապէս ունէր մասնակի հանդուրժողական քաղաքականութիւն քրիստոնեաներու եւ հրէաներու հանդէպ, սակայն գործնականին տեղական սպանդներ, աւերումներ եւ կողոպուտներ գրեթէ առօրեայի կարգի անցած էին։

Ներկայ Թուրքիոյ տարածքին ըստ պաշտօնական տուեալներու կաթողիկէ քրիստոնեաներու թիւը բնակչութեան 0,4 առ հարիւրն է, այսինքն 33 հազար։ Հոն տակաւին կը գոյատեւեն կաթողիկէ Լատին, Քաղդէացի, Հայ, Յոյն եւ Ասորի եկեղեցիները։

Կաթողիկէ Եկեղեցին կազմուած է եօթը Եկեղեցական գաւառներէ ուր կը գործեն քառասուն ժողովրդապետութիւններ եւ տասնութ հովուական կեդրոններ։ Կաթողիկէ Կղերական դասը կազմուած է տասը եպիսկոպոսներէ, 18 թեմական քահանաներէ եւ 58 կրօնաւոր քահանաներէ, ապա երկու մնայուն սարկաւագներէ ու հինգ կրօնաւորներէ եւ 37 կրօնաւորուհիներէ։ Ապա կան երկու աշխարհական միսիոնարներ եւ 56 կրօնուսոյցներ։

Թուրքիոյ տարածքին վրայ կը գործեն 24 կաթողիկէ դպրոցներ, հինգ հիւանդանոցներ, երկու բուժարաններ, հինգ ծերանոց ու երկու մանկատուներ։

Նշենք որ Օսմանեան կայսրութեան լուծին տակ բազմաթիւ քրիստոնեաներ իսլամացած են խուսափելու համար ծանր տուրքերէ, անհաւասար եւ անարդար վերաբերմունքէ եւ տարբեր տեսակի ճնշումներէ՝ մինչեւ իսկ կեանքի սպառնալիքի տակ։

Թէեւ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Միլլէթի համակարգի ստեղծումով Եկեղեցիները կը վայելէին որոշ ինքնավարութիւն մը, սակայն այդ համակարգի պատճառով իսկ ենթակայ էին վարչակարգի աւելի սուր հսկողութեան։ Ասով հանդերձ Ինչպէս վերեւ նշեցինք Թուրքիոյ մէջ տակաւին կը գոյատեւեն Լատին, Քաղդէացի, Հայ, Յոյն եւ Ասորի եկեղեցիները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2025, 07:42