TOPSHOT-PALESTINIAN-ISRAEL-CONFLICT-RELIGION-CHRISTIANITY

Կարդինալ Փիցապալլան Կազա փոխադրուած է Սուրբ Ծնունդը նշելու կաթողիկէ փոքր համայնքին հետ

Երուսաղեմի լատիններու Պատրիարքը այցելութիւն տուած է Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութեան՝ Գերապ Շոմալիի հետ միասին։ Ան այս օրերուն պիտի տեղեկանայ կաթողիկէ փոքր համայնքի իրավիճակի և մարդասիրական կարիքներու մասին:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եկեղեցին չէ լքած զանոնք, միշտ անոնց մօտիկ է, մօտիկ Կազայի կաթողիկէ փոքր համայնքին, որ այս տարուայ Սուրբ Ծնունդին համար եւս, նման 2024 տարուան, կ՛ ընդունի մխիթարութիւն եւ զօրակցութիւն, Երուսաղեմի լատիններու Պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլայի այցելութեամբ, որ 2023-ի Հոկտեմբերէն ի վեր եօթներորդ անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Կազան։

Երուսաղեմի լատիններու Պատրիարքը արդարեւ փոխադրուեցաւ Կազա այցելելու համար Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութիւնը՝ Գերապ Շոմալիի հետ միասին։

«Այս օրերուն Ծիրանաւորը «պիտի քննարկէ Ժողովրդապետական համայնքի ներկայի իրավիճակը, ներառեալ մարդասիրական անհրաժեշտ միջամտութիւնները, շարունակական օգնութեան և վերականգնողական աշխատանքները, ինչպէս նաև ապագայի հեռանկարները» կը կարդանք Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Նախատեսուած են հանդիպումներ տեղի հոգևորականներու և ծխական համայնքին հետ՝ համայնքի կարիքներու և անոնց աջակցելու շարունակական նախաձեռնութիւններու մասին տեղեկանալու համար։

Կիրակի օրը Ծիրանաւորը պիտի գլխաւորէ Սուրբ Ծննդեան պատարագը` Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութեան մէջ։

Այս այցը, ինչպէս կը բացատրէ Պատրիարքարանը, «կը նշէ Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւններուն սկիզբը համայնքի մը մէջ, որ ապրեցաւ և կը շարունակէ ապրիլ մութ ու դժուար ժամանակներ։ Այցը կը վերահաստատէ Կազայի Սուրբ Ընտանիք ծխական համայնքի անսասան կապը Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքութեան հետ եւ կը բացայայտէ այս վերջինիս յանձնառումը ընկերանալու իր հաւատացեալներուն` յոյսով, զօրակցութեամբ և աղօթքով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2025, 07:27