Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (72)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Պաւղիկեանց աղանդի շարունակութեան:

ՀԲ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Պաւղիկեանց  աղանդի շարունակութեան:

653-ին, Կոստանդինոս անուն Հայ մը երեւցաւ Մանանաղեաց գաւառէն: Կոստանդին, Ասորիքէն բերուած տարօրինակ Աւետարանի մը ընթերցմամբ՝ յարեցաւ Պաւղիկեան աղանդին ու անոր քարոզիչն եղաւ: Կոստանդին եւ իր հետեւողները ինքզինքնին Պօղոս առաքեալի աշակերտ կ՚անուանէին: Այս աղանդը մեծապէս տարածուեցաւ ի Հայս (նամանաւանդ Փոքր Հայք), ի Կապադովկիա եւ ի Պոնտոս: Կոստանդին բաւական զտեց այս աղանդը Մանիքէական սկզբունքներէ, սակայն պահեց բարւոյ եւ չարի սկզբանց վարդապետութիւններն եւ Մծղնէական անբարոյ արարքներն՝ իբր խայծ ժողովուրդն իր աղանդին կապելու: Կոստանդին քսանեօթ տարիներ քարոզեց եւ ժողովրդեան վրայ իր ազդեցութիւնը երթալով աւելցաւ, որ գրեթէ կը պաշտէր զայն: Կոստանդին՝ Պօղոս առաքեալի նման թուղթեր կը գրէր իր հետեւողաց կեդրոնները:

Բաց աստի, Յովհան Մայրագոմացիին եւ իր աշակերտին կամ եղբօր Սարգիսի Երեւութական վարդապետութիւնը կրօնական բանավէճեր կը խթանէին: 717-ին, Պաւղիկեանք եւ Սարգիսեանք Հագարացի ոստիկաններէն ուժ առած՝ Պատկերամարտական և Խաչամարտական խնդիրներ կը յարուցանեն: Պաւղիկեան աղանդը ըստ էութեան՝ փակ եղած է, որովհետեւ իր վարդապետութիւնը ամէն մարդու չէ բացատրուած: Ահաւասիկ Պաւղիկեան վարդապետութեան սկզբունքներն եւ դաւանանքը. Երկու Աստուած կայ, մին Չար՝ Հին Կտակարանինն, որ նիւթական աշխարհը ստեղծած է, եւ միւսը Բարի՝ հոգեւոր աշխարհի արարիչ, Նոր Կտակարանի Աստուածը: Մարդոց լաւ յատկութիւնները Բարի Աստուծոյ կողմանէ տրուած են, իսկ գէշ յատկութիւնները՝ Չար Աստուծոյ: Բարի Աստուածը ստեղծած է մարդոց հոգին, իսկ Չար Աստուածը (Դէմիուրգոսը) անոնց մարմինը:

Գնոստիկեանց նման Երրորդութիւնը մը կ՚ընդունէին. Որդի եւ Հոգի ի Հօրէ ծնեալ կամ բղխեալ՝ անոր համազօր չէին: Քրիստոս իր մարմինն Երկինքէն բերաւ, եւ միայն Մարիամի մէջէն անցաւ իբր խողովակէ մը, ուստի եւ Քրիստոսի բուն մայրն Երկինքն է եւ ոչ թէ Մարիամ: Մարիամ Յիսուսէն վերջ ուրիշ զաւակներ ունեցած է: Սրբոց բարեխօսութիւնը կը մերժէին, եւ անոնց պատկերաց եւ անոնց մասունքներուն յարգանքը (պատկերայարգութիւնը) կռապաշտութիւն կը համարէին: Խաչի նշանին չէին երկրպագեր եւ կ՚ըսէին թէ խաչափայտը զուրկ է աստուածային զօրութենէ, նոյնիսկ որեւէ խաչ կուռք յայտարարելով: Անոնք մերժած են Եկեղեցին և անոր նուիրապետութիւնը, վանականութիւնը, եկեղեցական կարգերն ու պաշտամունքները (խունկ, ճրագ, զոհ, երկրպագութիւն), ինչպէս նաեւ Պետրոս առաքեայի թուղթերը, և անոր դէմ արտայայտուած են:

Մարկիոնականներուն նման՝ Հին Կտակարանը կը մերժէին: Անոնց Ս. Գիրքը բաղկացած էր Ղուկասի աւետարանէն եւ Պօղոս առաքեալի նամակներէն, զի այս վերջինը Պօղոսի (իրենց պետի) աշակերտին գործն է: Մկրտութիւնը կը կատարէին ոչ թէ ջրով, այլ բանիւ եւ ձեւով միայն: Հաղորդութեան Խորհուրդը կը կատարէին ոչ թէ նիւթով, այլ բանիւ եւ ձեւով: Միւռոնը չէին յարգեր եւ անոր որեւէ յատկութիւն չէին վերագրեր:  Պաւղիկեաններու եւ քրիստոնէական հերձուած՝ Նեստորականութեան միջեւ գործակցութեան մասին յիշատակութիւններու կը հանդիպինք Զ. դարուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2025, 07:41