Ծնունդ, մսուր, լոյս Ծնունդ, մսուր, լոյս 

«Պատրա՞ստ ենք Ս. Ծնունդը դիմաւորելու» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Ս. Ծնունդի պատրաստութեան համար հաւատացեալը կարիքը ունի հոգեւոր պատրաստութեան: Նման Մեծ Պահոց, պէտք է նուազեցնէ առօրեայ զբաղումները, եւ աղօթքով, խոստովանութեամբ, հոգեւոր ընթերցումներով եւ սուրբ խորհուրդներուն մասնակցելով, իր հոգին մաքրէ Տէր Յիսուսը ընդունելու համար: Սակայն ճիշտ հակառակն է որ կը պատահի:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ս. Ծնունդը կանխող ժամանակահատուածը եկեղեցին կը կոչէ Ծննդեան Հիսնակ, որ կը սկսի ծնունդէն 50 օրեր առաջ եւ կը տեւէ մինչեւ դեկտեմբերի 24։ Այս իմաստով հիսնակը, զոր եկեղեցին մեզի շնորհած է, կարեւոր է պատրաստուելու եւ հաստատ կերպով դիմաւորելու Տէր Յիսուս Քրիստոսի աշխարհ առաջին գալուստեան տօնը։

Անհրաժեշտ է, որ մենք երբեմն վերաքննենք մեր անձերը, թէ ինչքանով կը պատրաստուինք դիմաւորելու մանուկ Յիսուսը։ Ծննդեան սրբազան տօնին մենք պէտք է պատրաստուենք ոչ միայն արտաքին երեւոյթներով, այլ նաեւ ներքնապէս՝ մեր հոգիները մաքրելով, զղջումով, խոստովանանքով եւ աղօթքով։ Այս է իսկական պատրաստութիւնը, որ կ'օգնէ մեզի բանալու մեր սրտերը՝ մանուկ Յիսուսը ընդունելու համար։
Նախապէս, եւ յատկապէս արեւմուտքի մէջ, սովորութիւնը կար Ս. Ծնունդը կանխող 50 օրեր պահեցողութեամբ անցնել, ճիշդ նման մեծ պահոց շրջանին:
Արեւելքի եկեղեցիներ ընդօրինակելով արեւմուտքէն, իրենք ալ սկսան այս պահեցողութիւնը աւանդոյթը: Սակայն, ցաւօք սրտի, մինչ արեւելքի եկեղեցիները պահեցին այս գեղեցիկ աւանդութիւնը, արեւմուտքը բոլորովին զանց առաւ զայն եւ մնացին միայն եկեղեցական արարողութիւնները:

Ս. Ծնունդի պատրաստութեան համար հաւատացեալը կարիքը ունի հոգեւոր պատրաստութեան: Նման Մեծ Պահոց, պէտք է նուազեցնէ առօրեայ զբաղումները, եւ աղօթքով, խոստովանութեամբ, հոգեւոր ընթերցումներով եւ սուրբ խորհուրդներուն մասնակցելով, իր հոգին մաքրէ Տէր Յիսուսը ընդունելու համար: Սակայն ճիշտ հակառակն է որ կը պատահի: Մարդիկ ամէն տեսակի զբաղումներով կը խճողեն իրենց առօրեան, որ գրեթէ որեւէ տեղ չի մնար Յիսուս մանուկին, ճիշտ նման առաջին ծնունդին: Շուկաները, յանուն ծնունդին, աստուածային օրէնքը զանց կ'առնեն եւ Կիրակի օրերը սովորական օրերու կը վերածեն: Մարդիկ այնքան խճողուած եւ յոգնած կ'ըլլան իրենց աշխատանքներով եւ զբաղումներով, որ հոգեւոր պատրաստութիւնը գրեթէ աննշան եւ անհեթեթ կը մնայ: Այո, ուրախութիւնը կարեւոր է. երբ հրեշտակները աւետեցին Փրկիչին ծնունդը, «խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն» մաղթեցին մարդկութեան: Ուրախանալ Յիսուս մանուկի ծնունդով արդար է եւ իրաւ: Սակայն ինչ որ կը պատահի այն է, թէ մարդիկ այնքան կեղեւներով կը զբաղին, որ գրեթէ հոգեւորը ոչ մէկ ազդեցութիւն կ'ունենայ:

Երբ եկեղեցին նախապէս ծոմ կը պահէր, անով հաւատացեալները կ'առաջնորդէր որպէսզի խոնարհեցնեն իրենց մարմինները եւ վերանորոգեն իրենց հոգիները: Պահեցողութիւնը ջնջել, չի նշանակեր մոռնալ հոգիները պատրաստելու իրականութիւնը: Առաջին հերթին պէտք է խոստովանութիւն՝ այն անտեսուած եւ անհրաժեշտ խորհուրդը: Պէտք է ապաշխարողութեամբ պատրաստուիլ Ս. Ծնունդին: Փոխանակ գործի եւ աշխատանքներու երկար ժամեր տրամադրելու, պէտք է հոգեւոր նորոգութեան երկար ժամեր յատկացնել: Յիսուս ըսաւ. «Տուէ՛ք ու պիտի տրուի ձեզի ... քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի» (Ղուկ. 6:37): Ի զուր տեղ չէ, որ կը զրկուինք շատ մը օրհնութիւններէ, որովհետեւ մենք կը ճշդենք օրհնութիւն ստանալու չափանիշը: Եւ որովհետեւ քիչ կու տանք, քիչ ալ պիտի ստանանք:

Պատրաստութեան կարեւոր մէկ երեսն է նաեւ ողորմութիւնը: Միշտ պէտք է յիշենք կարիքաւորը եւ հիւանդը: Յիսուս ըսաւ.« Վասն զի անօթեցայ եւ ինծի ուտելիք տուիք. ծարաւեցայ ու ինծի խմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս առիք. մերկ էի, զիս հագուեցուցիք. հիւանդ էի, ինծի տես եկաք. բանտի մէջ էի, ինծի եկաք»(Մտթ. 25:35-36): Մենք մեր ստացուածքին տնտեսներն ենք, ամէն ինչ Տիրոջ կը պատկանի: Հետեւաբար պէտք է մեր ունեցածէն մաս եւ բաժին հանենք կարիքաւորին, որպէսզի նմանինք մոգերուն, որոնք մանուկ Յիսուսին իրենց նուէրները բերին:

Թող մեր յուսահատութիւնները եւ կամ մեր զբաղումները չխանգարեն մեզի մեր սրտերը բանալու՝ ընդունելու համար Տէր Յիսուսը մեր կեանքերէն ներս։
Այսպիսով կարող կ'ըլլանք իսկական խաղաղութիւնը գտնել մեր ներսիդին եւ զայն տարածել մեր շուրջը:
Ի վերջոյ, թող Ս. Ծնունդը մեզ ոչ միայն արտաքին եւ ժամանակաւոր ուրախութիւն բերէ, այլեւ ներքին վերածնունդ եւ խաղաղութիւն։ Մեր կեանքերը լեցուին սիրոյ եւ ողորմութեան գործերով. եւ իսկապէս պատրաստուինք Տէրը ընդունելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2025, 08:07