2025.12.15 Continuano le visite  dei pellegrini al convento di Bzommar

Տարբեր շրջաններէ ուխտաւորներ կը շարունակեն այցելել Զմմառու Մայրավանք եւ աղօթել նորահռչակ Սուրբի խորանին դիմաց

Ուխտաւորները այցելեցին Մայրավանքի տարբեր բաժինները՝ Մայր Եկեղեցի եւ թանգարանները
Ունկնդրէ լուրը

Հակառակ եղանակային պայմաններուն, շաբաթ 13 դեկտեմբերին, Զմմառ՝ ուխտավայր-սրբավայր այցելեցին NDU համալսարանի ուսուցչական կազմէն եւ աշխատաւորներէն խումբ մը հաւատացեալներ միօրեայ հոգեւոր կրթութեան մը մասնակցելու։

Մեծաւոր հօր բարի գալուստի խօսքէն ետք, անոնք մօտէն ծանօթացան պատմութեան եւ հոգեւոր ու մշակութային գանձերուն։

Հոգեւոր նիւթը ներկայացուց հ. Տիգրան Փիլիպոսեան, որ լայնօրէն նաեւ անդրադարձաւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի վարքին ու նահատակութեան։

Ուխտաւորները, հ. Նարեկ Լուիսեանի առաջնորդութեամբ այցելեցին Մայրավանքի տարբեր բաժինները՝ Մայր Եկեղեցի եւ թանգարաններ։ Իսկ հ. Վարդան Ճալլուֆեան ծանօթացուց անոնց գինեմառանն ու յիշատակարաններու բաժինը։ Հոգեւոր հայրերուն ընկերացան նաեւ տէր Նշան սարկաւագն ու կիսասարկաւագ Պօղոս Էմիշեանը։

Իսկ կիրակի 14 դեկտեմբերին, ծագումով Ռուս եւ Ուքրանացի հաւատացեալներու խումբ մը այցելեց Մայրավանք։ Անոնք մօտէն ծանօթացան պատմութեան եւ այստեղ մեծ խնամքով պահուած հոգեւոր հարստութեան։ Խումբին ընկերացաւ փոխ մեծաւոր՝ Հ. Նարեկ Լուիսեան։

Աղբիւրը` Զմմառու Միաբանութեան Մայրավանք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2025, 07:50