2026.02.16 San Francesco

Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին մասունքներուն ցուցադրութիւնը Ասսիզիին մէջ

Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին մահուան 800-ամեակի առթիւ՝ 22 Փետրուարէն մինչեւ 22 համանուն Պազիլիքային ստորին Եկեղեցւոյ մէջ, առաջին անգամ ուխտաւորները պիտի կարենան աղօթել Սուրբին մասունքներուն առջեւ։ Նախատեսուած է շուրջ 370.000 ուխտաւորներու այցելութիւնը՝ օրական 15.000–18.000 հաւատացեալներով։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացի Պազիլիքային ստորին Եկեղեցւոյ մէջ, առաջին անգամ հաւատացեալները պիտի կարենան մօտէն աղօթել Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մասունքներուն առջեւ։ Ցուցադրութիւնը պիտի տեւէ մէկ ամիս՝ 22 Փետրուարէն մինչեւ 22 Մարտ, եւ կը կազմակերպուի Սուրբին մահուան 800-ամեակի առթիւ՝ որպէս վկայութիւն կեանքի մը, զոր ամբողջովին նուիրուած էր աղօթքին, ծառայութեան եւ աղքատներու հանդէպ սիրոյ։


Ի՞նչ նշանակութիւն ունի այսօր այս հին եկեղեցական աւանդոյթը։ Ի՞նչ արձագանգ կը գտնէ ան հասարակութեան մը մէջ, որ օր ըստ օրի կը հեռանայ կրօնական աւանդութեան նշաններէն։ Այս հարցերուն շուրջ Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի աշխատակից Ֆրանչեսքօ Ռեքուփերոն զրուցեց Սրբավայրի հաղորդակցութեան գրասենեակի տնօրէն՝ Հայր Ճուլիօ Չեզարէոյին հետ, որուն մտորումները կը ներկայացնենք ստորեւ։

Խոր հոգեւոր զարթօնքի պահ՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար

Ան նախ նշեց, որ անորոշութիւններով, ընկերային լարուածութեամբ եւ իմաստ փնտռելու մեր ժամանակաշրջանին մէջ, Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին մասունքներու պաշտամունքը ժողովրդական բարեպաշտութենէն անդին կ’երթայ։ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար այս իրադարձութիւնը կը ներկայացնէ խոր հոգեւոր զարթօնքի պահ մը, իսկ հաւատացեալներուն համար՝ քրիստոնէութեան ամենասիրելի եւ համամարդկային սուրբերէն մէկու կենդանի յիշողութեան հետ իրական հանդիպումի առիթ՝ այդպիսով նորոգելով պատմութեան, հաւատքի եւ համայնքի միջեւ խոր կապը։ 

Ուխտաւորներու հսկայական հոսք

Կազմակերպիչներուն համաձայն՝ նախատեսուած է 370.000 ուխտաւորներու Ասսիզի այցելութիւնը՝ օրական 15.000-18.000 հաւատացեալներով։ Քաղաքին հիւրանոցներն ու հիւրընկալութեան կառոյցները ամիսներէ ի վեր բոլորը ամրագրուած են։


Սուրբ Ասսիզացցին պատգամտ այսօր ալ արդիական է

 «Սուրբ Ֆրանչիսկոս չապրեցաւ մեր ժամանակէն շատ աւելի լաւ պայմաններու մէջ։ Անոր դարաշրջանը նշանաւորուած էր կրօնական պատերազմներով, քաղաքներու ներքին բախումներով, մեծ հակամարտութիւններով եւ ընտանեկան թշնամանքներով, անարդարութիւններով», նկատել տուաւ Սրբավայրի հաղորդակցութեան գրասենեակի տնօրէնը, որ ապա շարունակեց հաստատելով, թէ՝ Սուրբին պատգամը այսօր ալ արդիական է եւ կը հնչէ ուժեղ։ Ան կը յիշեցնէ, որ, Աւետարանը ընդունելով, մարդը փոքր քայլերով կրնայ իր շուրջը փոփոխութիւն բերել եւ սիրոյ եւ ինքնանուիրումի միջոցաւ խաղաղութեան ու եղբայրութեան մշակոյթ ստեղծել։

Մարդիկ կը փնտռեն Սուրբ Ֆրանչիսկոսը, որովհետեւ Անոր մէջ կը տեսնէին Քրիստոսի կենդանի պատկերը, որովհետեւ Անոր կեանքը դարձաւ Աւետարանի տեսանելի արտացոլումը եւ «800 տարիէ ի վեր Ֆրանչիսկոս կը շարունակէ դպչիլ մարդոց սրտերուն», եզրափակեց Հայր Ճուլիօ Չեզարէոն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2026, 07:59