2024.08.26 Mons Georges Zabarian

«Տէ'ր, Պատուիրաններուդ Քաղցրութիւնը Ճաշակել Շնորհէ' Մեզի». Գերյարգելի Գէորգ վարդապետ Զապարեանի մտորումներէն

Ի նմանութիւն Յիսուսի, որ անապատին մէջ համակերպեցաւ Իր Հօր կամքին եւ յանձն առաւ Իր առաքելութիւնը բոլորանուէր գործադրելու ի գին ամէն զոհողութեան, մենք Մեծ Պահքի ժամանակ, վերանորոգ եռանդով շնորհք հայցե'նք հաստատապէս կառչած մնալու Տիրոջ, ու լիապէս կատարելու Անոր սուրբ կամքը՝ մեր եւ այլոց փրկութեան համար:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ծիսական օրացոյցին մէջ կան թուականներ, որոնք Տէրունական տօներ կը խորհրդանշեն, ու ծիրանի գօտի մը ինչպէս՝ մեզ կը կապեն Աստուծոյ:

Այս Տէրունական թուականները կը փեռեկեն քրիստոնէավայել կեանքի մը խափանող խոչընդոտները ու կը թելադրեն, որ պահ մը կանգ առնենք ու դանդաղեցնենք խօլական հեւքը մեր ամէնօրեայ քայլերուն:

Կանգ առնել՝ միմիայն քառասուն օր՝ կշռելու նժարները մեր յառաջդիմութեան ու նահաջներուն, ու վերաքննելու մեր հոգեյատակը. այդ մաքուր հոգեյատակը, որպէս Աստուածընկալ խորան Քրիստոսի սուրբ Յարութեան:

Ներկայ դարուս, ահեղավազ թափով գահավիժող նորարական իրադարձութիւնները կը բացայայտեն, թէ բաւարար չէ մկրտութեամբ քրիստոնեայ դառնալ. պարտինք, նաեւ, քրիստոնէաբար ապրիլ: Ս. Պետրոս կը հաստատէ. «Մկրտութիւնը, որ հիմա ձեզ կը փրկէ, ո'չ թէ սրբելով աղտը մարմինին, այլ՝ մարդս մաքուր խղճմտանքով Աստուծոյ ընծայելով շնորհիւ Յարութեան Յիսուսի Քրիստոսի» (Ա. Պետրոս 3, 21):

Հետեւաբար, իր կեանքը քրիստոնէաբար վարել կը նշանակէ ինքզինք Աստուծոյ ընծայել ազատօրէն ու գիտակցաբար:

Ա'ն է քրիստոնեան, որ Յիսուսի կ’աշակերտի սիրայօժար՝ պահելով Անոր կրկնակի պատուիրանը, ե'ւ Աստուածսիրութեան ո'ւ եղբայրսիրութեան:

Մեր առջեւ երկարող Քառասնորդաց Մեծ Պահքը այն յատուկ եւ առանձնաշնորհեալ ժամանակն է, որու ընթացքին Եկեղեցին մեզմէ կը խնդրէ, որ մեր խիղճը ներթափանցենք խորապէս ու հարցաքննենք, գիտակցելու՝ թէ ի'նչպիսի քրիստոնեաներ դարձած ենք. երջանի՞կ թէ ապերջանիկ, յանձնառո՞ւ թէ անտարբեր, զգայազո՞ւրկ թէ կենսունակ, դիտո՞ղ թէ փութաջան:

Մեծ Պահքը ճիշդ առիթն է սոյն հարցադրումներուն պատասխանելու, ու մեր հոգեւոր կենսակերպը գնահատելու աւետարանական ուղենշումներուն համաձայն:

Այս պարագային, Քրիստոս է, որ մեզի օրինակ կը հանդիսանայ:

Ան, անապատին մէջ քառասուն օր անցուց անձանձիր աղօթելով, Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ապրելով, Անոր մտիկ ընելով եւ Անոր կամքը կատարելու աննկուն յանձնառումով: Շնորհիւ Իր մղած մաքառումներուն փորձութիւններուն դէմ, կրցաւ նուաճել Փորձիչ Սատանան եւ ի դերեւ հանել անոր սադրանքները:

Ի տարբերութիւն Իր մղած պայքարին, մեր՝ մեղաւորներուս ոգորումները կը բնութագրուին անկումներու եւ վերականգնումներու, յաղթանակներու ու նահանջներու հերթականութեամբ:

Հետեւաբար, Քրիստոսի շնորհքին զօրութեամբ եւ Աստուծոյ սիրոյն, մեր մղած պայքարը ընդդէմ մեր Ես-ին, Աշխարհ-ին ու Սատանայ-ին պիտի պսակուի յաղթանակով:

Ի նմանութիւն Յիսուսի, որ անապատին մէջ համակերպեցաւ Իր Հօր կամքին եւ յանձն առաւ Իր առաքելութիւնը բոլորանուէր գործադրելու ի գին ամէն զոհողութեան, մենք Մեծ Պահքի ժամանակ, վերանորոգ եռանդով շնորհք հայցե'նք հաստատապէս կառչած մնալու Տիրոջ, ու լիապէս կատարելու Անոր սուրբ կամքը՝ մեր եւ այլոց փրկութեան համար:

Եթէ անցեալին հարկադրուած էինք բծախնդրութեամբ ենթարկուիլ Մեծ Պահքի հրահանգներուն, այսօր սակայն, ժամանակներու յեղաշրջումով, Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ անձնապէս կազմակերպելու մեր Քառասնորդացը թէ՛ շնորհք ընդունելու եւ թէ՛ Քրիստոսի սերտօրէն միացած մնալու:

Այսուհանդերձ, նկատի ունենանք, թէ աւանդական միջոցները՝ ինչպէս ծոմն ու աղօթքը, ինչպէս նաեւ՝ բարեգործութիւնը անդրդուելի կը մնան Քառասնորդացը կատարելապէս ապրելու համար: Առ այդ, մեզմէ իւրաքանչիւրին կը վիճակի որոշել իրեն նպաստամատոյց եղանակը՝ տենդագին աղօթելու, իր հոգին ճնշող ընդունայն հոգերը թօթափելու, միաժամանակ Աստուծոյ ու մերձաւորին սիրոյն մէջ բարգաւաճելու:

Եթէ թեթեւաբարոյ ու ծանծաղամիտ մերձենանք մեր քրիստոնէական յանձառութիւնները ապրելու պարտաճանաչութեան, նոյնքան ալ անլուրջ կերպով անտեսած կ'ըլլանք ՄԵծ Պահքի ծոցէն աղբերացող Աստուածային շնորհները:

Սոսկ քառասուն օր՝ «Քառասնորդաց» մը մէկ տարուայ ծիրին մէջ...հոգեղինացնելու եւ լուսազարդելու ապականած ու գարշահոտ գռիհները մեր հոգիներուն:

Լոկ « Քառասնորդաց » մը գովերգելու ու բարեբանելու անպարագրելի գեղեցկութիւնը Աստուածային մեծվայելչութեան, եւ մրմնջելու խոնարհաբար՝

«Տէ՛ր, պատուիրաններուդ քաղցրութիւնը ճաշակել շնորհէ՛ մեզի» (Կանոն Բ. Կիրակի):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2026, 08:00