2026.02.18 Terra Santa

Երուսաղէմ. Զատկուան տօնակատարութիւններուն վերաբերող հարցերը Սուրբ Յարութեան Տաճարին մէջ լուծուած են

«Եկեղեցին կը շարունակէ մշտական երկխօսութեան մէջ մնալ իշխանութիւններուն հետ, ներառեալ Իսրայէլեան ոստիկանութեան հետ։ Մենք կ՛աղօթենք եւ կը յուսանք, որ աւարտ գտնէ տարածաշրջանը հարուածող ողբերգական պատերազմը» եւ «անոր ծանր հետեւանքները բոլորին վրայ» գրուած է հաղորդագրութեան մէջ ու վերահաստատուած է Եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը երկխօսութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ Status Quo-ի պահպանման նկատմամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարքարանը եւ Սուրբ Երկրի Պահակութիւնը, երկուշաբթի 30 Մարտին հրատարակած   համատեղ հաղորդագրութեամբ, յայտարարեցին, որ Սուրբ Շաբաթուան եւ Զատկուան տօնակատարութիւններուն վերաբերող հարցերը Սուրբ Յարութեան Տաճարին մէջ լուծուած են՝ համապատասխան իշխանութիւններուն հետ համագործակցութեամբ։

Իսրայէլեան ոստիկանութեան հետ համաձայնութեամբ ապահովուած է եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն մուտքը՝ արարողութիւնները կատարելու եւ հին Զատկական աւանդութիւնները պահպանելու համար։ 

Սակայն, ընթացիկ պատերազմի իրավիճակին պատճառաւ, հանրային հաւաքներու սահմանափակումները կը շարունակուին, եւ արարողութիւնները ուղիղ եթերով պիտի հեռարձակուին Սուրբ Երկրի եւ ամբողջ աշխարհի հաւատացեալներուն համար։

Հաղորդագրութեան մէջ երախտագիտութիւն կը յայտնուի Իսրայէլի Հանրապետութեան նախագահ Իսահակ Հերծոկին՝ իր միջամտութեան համար, ինչպէս նաեւ միջազգային առաջնորդներուն, որոնք իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին։

Եկեղեցական իշխանութիւնները կը վերահաստատեն կրօնական ազատութեան կարեւորութիւնը` որպէս համընդհանուր արժէք, որ կը կիսուի բոլոր հաւատքներու կողմէ, եւ կը յուսան, որ լուծումներ պիտի գտնուին, որոնք պիտի արտօնեն աղօթքները կատարելու սուրբ վայրերուն մէջ՝ միաժամանակ յարգելով անվտանգութեան պահանջները։

«Եկեղեցին կը շարունակէ մշտական երկխօսութեան մէջ մնալ իշխանութիւններուն հետ, ներառեալ Իսրայէլեան ոստիկանութեան հետ։ Մենք կ՛աղօթենք եւ կը յուսանք, որ աւարտ գտնէ տարածաշրջանը հարուածող ողբերգական պատերազմը» եւ «անոր ծանր հետեւանքները բոլորին վրայ» գրուած է հաղորդագրութեան մէջ ու վերահաստատուած է Եկեղեցւոյ  յանձնառութիւնը երկխօսութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ Status Quo-ի պահպանման նկատմամբ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2026, 11:50