Ծաղկազարդի տօնակատարութիւնը Պաղտատի մէջ
Զատիկէն մէկ շաբաթ առաջ, Հայ Եկեղեցին մեծ հանդիսաւորութեամբ կը նշէ Ծաղկազարդի տօնը: Այս տօնով կ'աւարտի Մեծ Պահքի քառասնօրեայ շրջանը և կը սկսի Աւագ Շաբաթը, ծիսական տարուայ ամենամեծ Շաբաթը: Ծաղկազարդի նախորդող Շաբաթ երեկոյեան տեղի կ'ունեայ նախատօնակ, եկեղեցիները կը զարդարուին ձիթենեաց ճիւղերով, ապա կը բացուի խորանի վարագոյրը։
Այս ուրախական առիթով, Կիրակի, 29 Մարտ 2026-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Պաղտատի Հ. Կ. Թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Հ. Ներսէս Արք. Զապարեան սուրբ և անմահ Պատարագ մատուցեց Նարեկի Ս. Աստուածածին մայր տաճարէն ներս: Սկիզբը՝ «Դռնբացէք»ի հնաւանդ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, որուն ընթացքին, «Բաց մեզ, Տէր, զդուռն ողորմութեան» շարականին ներքոյ, բացուեցաւ եկեղեցւոյ խորանին վարագոյրը, խորհրդանշելով՝ երկնքի արքայութեան դռներու բացումը, տիրոջ երկրորդ գալուստը, աշխարհի վախճանն եւ ահեղ դատաստանը:
Յընթացս սուրբ Պատարագին, դպրաց դասը յաջորդաբար երգեց «Թագաւոր գոլով քո յաշխարհ» և «Այսօր ընդ հրակերպեան դասուց» գեղեցիկ շարականները: Սուրբ և Անմահ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հիւրեր, պետական անձնաւորութիւններ, ընդ որում Իրագի մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Տիար Ռուբէն Սողոյեանը: Գերապայծառ տէրը օրուան իր պատգամը փոխանցեց, ըսելով. «Ծաղկազարդը մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի փառաւոր ու յաղթական մուտքը Երուսաղէմ քաղաք, իր չարչարանքերէն քանի մը օր առաջ: Հրէական Զատկի տօնը մօտալուտ ըլլալով` Ս. Քաղաքը հաւաքուած էր խուռներամ բազմութիւն մը, որ կ'աղաղակէր «Ովսաննա Դաւթի Որդւոյն:
Օրհնեալ ըլլայ ան որ Տիրոջ անունով կու գայ` Իսրայէլի Թագաւորը»: Այս աղաղակներով ժողովուրդը կը խոստովանէր վերջապէս` որ Քրիստոս դարերէ ի վեր խոստացուած եւ ազգերէ սպասուած Մեսիան էր, որովհետեւ Հին Կտակարանի մէջ այդ խօսքերը Մեսիային կ'ակնարկէին: Նոյն ամբոխը որ այսօր «Ովսաննաներ» կը բարձրացնէ ի պատիւ Քրիստոսի` քանի մը օր ետք «խաչեսցի» պիտի աղաղակէ ու Պիղատոսէն, Հռոմէացի կուսակալէն պիտի պահանջէ Աստուածային անմեղ Գառնուկին զենումը: Չնայելով այս ամէնուն, եկէ՛ք այսօր Քրիստոսը դիմաւորենք մեր սրտի Երուսաղէմին մէջ, այնպէս որ այս տօնը առաջին քայլը հանդիսանայ մեր սիրտը դարձնելու մշտական բնակարանը Քրիստոսի: Եկէ՛ք դուրս վտարենք այն մեղքը, որ աշխարհի մէջ արմատացած է, եւ անոր տեղ Յիսուս Քրիստոսի անհուն սէրը ցանենք»: Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, եկեղեցական թափօրը շարականներու երգեցողութեան ներգոյ ուղղուեցաւ տաճարի գաւիթը, ուր Անդաստանի կարգ կատարուեցաւ, որուն ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերը, մասնաւորապէս՝ հայրենիքը, բնակիչները, վանքերը և տարուայ պտղաբերութիւնը։ Ապա կատարուեցաւ ձիթենեաց ոստերու օրհնութեան արարողութիւն:
Օրհնուած ճիւղերը կը խորհրդանշեն խաղաղութիւն և յաղթանակ՝ զորս կը բաժնեն հաւատացեալ ժողովուրդին։ Եկեղեցւոյ հայրերուն համաձայն ՝ ձիթենիի և արմաւենիի ճիւղերու ընծայումը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մահուան հանդէպ յաղթանակը, ինչպէս նաեւ ունի արքաները դիմաւորելու պատիւ և հանդիսաւորութիւն ցուցաբերելու իմաստ: Եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան աւարտին՝ հաւատացեալները, գլխաւորութեամբ պատարագիչ Առաջնորդին ուղղուեցան Առաջնորդարանի դահլիճը` ուր տեղի ունեցաւ յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն եւ շնորհաւորութիւններու ընդունելութիւն, տօնական ջերմ մթնոլորտի մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ