PALESTINIAN-RELIGION-CHRISTIANITY

Այսօր եւս խաչի ճանապարհ է - Հարցազրոյց հայր Փաթթոնի հետ, Քոլլոսէումի խաչի ճանապարհի խորհրդածութիւններուն հեղինակը

«Լեոն ԺԴ-ը, իր ընտրութեան օրէն ի վեր, անդադար կ՛ աղօթէ խաղաղութեան համար։ Ան մօտիկութիւն եւ զօրակցութիւն արտայայտեց ոչ միայն Սուրբ Երկրին այլեւ բոլոր այն երկրներուն, ժողովուրդներուն և մարդոց, որոնք կը տառապին պատերազմի հետևանքով», ըսաւ Հայր Փաթթոնը աւելցնելով, որ այս մէկը «այնուամենայնիւ, Եկեղեցւոյ գիծն է արդեն աւելի քան 100 տարիէ ի վեր, այն ժամանակէն, երբ 1917 թ. օգոստոսի 1-ին Պենետիկտոս ԺԵ մերժեց օրհնել զօրքերը, պատերազմը որակեց «անիմաստ սպանդ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մտորումներուն և աղօթքներուն մէջ ակնյայտ է ներշնչումը արդի իրականութիւնէն և իսկական մարդոցմէ», յատկապէս Միջին Արևելքի քրիստոնեաներու տառապանքներէն` պատերազմի պատճառաւ: Փոքր Եղբայրներու միաբանութեան անդամ, հայր Francesco Patton–ն այսպէս կ՜ամփոփէ Ուրբաթ` 3 ապրիլի երեկոյեան Լեւոն ԺԴ. Պապին նախագահութեամբ նախատեսուած խաչի ճանապարհի համար գրուած մտորումներու ծագումնաբանութիւնը, «Օսսերվաթորէ Ռմանօ» օրաթերթի լրագրող Ռոպերթօ Չեթերայի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին։

Հայր Փաթթոնը երկար տարիներ, 2016էն մինչեւ անցեալ տարուայ 24 Յունիսը, եղած է Սուրբ Երկրի Պահակ եւ այս հարցազրոյցին մէջ Ան կը բացատրէ թէ ինչպէս խորհրդածութիւններու պատրաստութեան իրեն յանձնումը կը ցոլացնէ նաեւ Լեւոն ԺԴ. Պապին յատուկ ուշադրութիւնը` ընթացող հակամարտութիւններուն նկատմամբ ու նաեւ անոր խաղաղութեան ի սպաս կոչին կարեւորութիւնը, որ համահունչ է Եկեղեցւոյ աւանդութեան, որ մէկ դարէ ի վեր կը դատապարտէ «անիմաստ սպանդը» ինչպէս պատերազմը որակած էր երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԵ. Պապը 1917-ին։

«Լեոն ԺԴ-ը, իր ընտրութեան օրէն ի վեր, անդադար կ՛ աղօթէ խաղաղութեան համար։ Ան մօտիկութիւն եւ զօրակցութիւն արտայայտեց ոչ միայն Սուրբ Երկրին այլեւ բոլոր այն երկրներուն, ժողովուրդներուն և մարդոց, որոնք կը տառապին պատերազմի հետևանքով», ըսաւ Հայր Փաթթոնը աւելցնելով, որ այս մէկը «այնուամենայնիւ, Եկեղեցւոյ գիծն է արդեն աւելի քան 100 տարիէ ի վեր, այն ժամանակէն, երբ 1917 թ. օգոստոսի 1-ին Պենետիկտոս ԺԵ մերժեց օրհնել զօրքերը, պատերազմը որակեց «անիմաստ սպանդ» և հրաւիրեց պատերազմող պետութիւններու պատասխանատուները հասնելու արդար և երկարատև խաղաղութեան, բանակցութիւններու միջոցաւ, միջազգային իրաւունքի պահպանմամբ, բռնակցուած տարածքներու վերադարձով, ազատ տեղաշարժի վերականգնմամբ և զէնքի կրճատմամբ, որով ազատելով միջոցներ կարելի ըլլայ զանոնք ներդնել հասարակութեան բարօրութեան և զարգացման համար»։

Հայր Փաթոն ապա նշեց` թէ ինք խաչի ճանապարհի խորհրդածութիւնները պատրաստելու պարտականութիւնը ստանձնեց զարմանքով, երկիւղով եւ պատիւով որովհետեւ կապուած է նաեւ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի մահուան ութերորդ հազարամեակին։

Բացատրելով թէ ինչպէս շարադրած է խորհրդածութիւնները Հայր Փաթթոն յայտնեց` թէ ինք ներշնչում քաղեց երեք հիմնական աղբիւրներէ.

Առաջինը Աւետարանը, ու մասնաւորապէս Յովհաննէսի Աւետարանը` Առաքեալին Յիսուսի չարչարանքներու խորհուրդին նկատմամբ ունեցած այն խորաթափանց հայեացքին համար։ Ապա Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին գրութիւնները, որոնք նկատուած են` քրիստոնէական հոգեւորութեան հարուստ աղբիւր մը։ Հուսկ ժամանակակից իրականութիւնը` որ կազմուած է անհատներէ եւ իրական վիճակներէ` տառապեալ տիկնայք, կամաւորներ, լրատուական իրադարձութիւններ, որոնց մէջ ինք կը վերատեսնէ Ճանապարհ Խաչիի կերպարները, նպատակ ունենալով հրաւէր ուղղելու խորհրդածութեան եւ փոփոխութեան, ցոյց տալով Յիսուս Քրիստոսին մօտիկութիւնը իւրաքանչիւր անձի:

Հայր Փաթթոնը ապա խօսեցաւ իր այժմու կեանքի մասին «Նեպօ» լեռան վրայ ուր Աստուած յայտնուած էր Մովսէսին եւ ուր ինք օրերը կ՜անցնէ պարզութեամբ, աղօթքի, ուսմունքի եւ հեզ ծառայութիւններ մատուցելով` ինչպէս ուխտաւորներու հիւրընկալումը։

Ֆրանչիսկեան կրօնաւորը անդրադարձաւ ապա Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներու ապրած իրավիճակին, դիտել տալով, թէ անոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կարող են տակաւին ըլլալ «երկրին աղը» իրենց հաւատքը ապրելով` որպէս կոչում եւ առաքելութիւն։

Անոնք եւս նման Յիսուսի առաջին աշակերտներուն կոչուած են մարմնաւորելու Յիսուսին ողորմութեան, ներումի, փոքրերու եւ կարիքաւորներու հիւրընկալութեան եւ ուրիշներու ծառայութեան պատգամը ու նաեւ դառնալու իւրաքանչիւր անհատի արժանապատւութեան վկայութիւնը` անկախ կրօնէ, ազգութենէ կամ գործուած սխալներէ։

Հայր Փաթթոնը ապա նշեց` թէ ինչպէս շատ անգամ «կրօնը» շահագործուած է պատերազմներ հրահրելու համար դատապարտելով այս երեւոյթը եւ հաստատելով որ Եկեղեցին պարտականութիւնն ունի երաշխաւորելու կրօնի ազատութիւնը ու տարբեր կրօններու Ղեկավարներու միջեւ խթանելու համագործակցութիւնը` կանխարգիլելու համար այն բռնութիւնները, որոնք կ՜արդարացուին Աստուծոյ անունով։ Այս ուղղութեամբ ան, որպէս ներշնչման աղբիւր, յղում կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապին «Fratelli tutti» յորդորագիրին որ կարող է ըլլալ մեկնարկային կէտ մը` միջ կրօնական երկխօսութեան համար։

Հարցազրոյցի աւարտին Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոնը համոզում արտայայտեց` որ Սուրբ Երկրին մէջ խաղաղութիւնը պիտի տիրէ, թէեւ ճանապարհը երկար է եւ կարիքն ունի սերնդափոխութեան, ըլլայ քաղաքական ըլլայ մշակութային գետնի վրայ։

Այսօր պակասը կայ տեսլական ունեցող ղեկավարներու թէեւ` քաղաքացիական ընկերութեան մէջ կը տեսնուին դրական նշաններ` նման այն շարժումներուն, որոնք կը գործեն վասն խաղաղութեան եւ կը փորձեն ջամբել կրթութիւն մը` որ մղուած է համակեցութեան եւ եղբայրութեան, նշեց ի միջի այլոց Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոնը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2026, 16:00