ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (60)
60.- ՄԽԻԹԱՐ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՀԵՌԱՆԱԼ ՄԵԹՈՆԷՆ
1714 թուականի Նոյեմբեր ամսուն Մխիթար Աբբահայր իր հետ առնելով երեք միաբաններ, շատ հաւանաբար Հ. Ղազար Գործակալը, եղբ. Մարկոսը եւ եղբ. Մկրտիչը, կ՚երթայ այցելելու միաբանութեան Մաւրամաթի կալուածները, ուր երկյարկանի գիւղական տուն մը շինել տուած էր որպէս իջեւան եւ շտեմարան, ծառատունկ կազմակերպած եւ հողային աշխատանքներ ծաւալած։
Մխիթարի ականջին շշուկ մը կը հասնի, որ Պեղոպոնէսի Ընդհանուր Կուսակալը՝ Ալեսսանդրոյ Պոն, որ այդ ատեն մօտակայ Նիշի քաղաքը կը գտնուէր, Կոստանդնուպոլսէն նամակով մը կը տեղեկացուէր թէ թուրքերը բանտարկած էին Վենետիկի դեսպանը եւ սուլթանը պատերազմ յայտարարած էր՝ գրաւելու համար Պեղոպոնէսը եւ տասնըհինգ տարի ետք կրկին վերադարձնելու համար Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ։ Մխիթար կը շտապէ ստուգել տեղեկութիւնները՝ անմիջապէս կուսակալի պալատէն, շատ հաւանաբար պալատական բժիշկին միջոցով, որ իր մտերիմ բարեկամն էր։
Կարելի է երեւակայել Մխիթարի եւ իր միաբաններուն սրտակոտոր յուսալքումը՝ մօտալուտ պատերազմի գոյժին հաւաստիութիւնը հաստատելուն։ Հազիւ միաբանութիւնը սկսած էր ոտքի կանգնիլ, վանքի շինարարութիւնը աւարտած էր, կալուածներու վերահսկողութիւնը հաստատուած եւ բարեկարգման աշխատանքներ կատարուած, պիտի ստիպուէին այս բոլորը լքել եւ ամէն ինչ ծայրէն սկսիլ, ուրիշ տեղ ծածկ մը անգամ չունենալով, ոչ ալ դրամական միջոցներ...
Մխիթար աննկուն, յոյսը միմիայն Աստուծոյ վրայ դրած, Աստուածամօր հանդէպ անհուն վստահութեամբ, կ՚աճապարէ կազմակերպուիլ՝ անակնկալներու առջեւ չգտնուելու համար։ Պանդխտութեան վիճակը պատկերացնելով, փորձառութեամբ տեղեակ ըլլալով որ քանի մը տարի կրնար տեւել իրենց վերախմբաւորումը, անմիջապէս Նէապոլիս կ՚ուղարկէ ուսուման ընթացքը աւարտած իննը աշակերտները, տեղւոյն կաթողիկէ վիճակաւորէն խնդրելով որ զիրենք քահանայ ձեռնադրէ։ Անոնց կ՚ընկերակցէր որպէս հոգեւոր առաջնորդ Հ. Յովհաննէս Վարդապետը։ Կիրակի, 8 Նոյեմբեր 1714ին կը կատարուի քահանայական ձեռնադրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Մխիթար յանձնարարած էր Հ. Յովհաննէս Վարդապետին Նէապոլիսի մէջ ներկայանալ նաեւ Պեղոպոնէսի Կուսակալին եւ Մեթոնէն հեռանալու հրաման խնդրել գոնէ միաբանութեան անդամներու կէսին համար, որպէսզի կարելի ըլլար միաբանութիւնը ապահով անկիւն մը փոխադրել, եւ ապա մնացածին մասին մտածէր։
Միաժամանակ, տակաւին նոր յայտարարուած պատերազմը մինչեւ կազմակերպուէր եւ արշաւանքը սկսէր՝ բաւական ժամանակ կը պահանջուէր, եւ ինչպէս ժամանակագիրը կը նշէ, «գուցէ այլեւս մեկնելու կարիք անգամ չըլլար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ