Սուրբ Խաչի Օծմում Սուրբ Խաչի Օծմում 

Սուրբ Խաչի օծման եւ օրհնութեան սրբազան կարգ՝ Ծղալթբիլա գիւղին մէջ

2026-ի ապրիլ 7-ին, Ախալցիխէի Ծղալթբիլա հայ կաթողիկէ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ երկաթեայ մեծ Խաչի եւ Յիսուսի նորաքանդակ պատկերի օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Այս սրբազան նուէրը համայնքին մատուցուած է բժշկական գիտութիւններու դոկտոր Մկրտիչ Մոսոյեանի բարերարութեամբ, որուն համար Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեանը յատուկ երախտագիտութիւն յայտնած է:

«Քա՛ւ լիցի ինձ պարծենալ այլ բանով, քան միայն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչով» (Գաղ. 6:14)

2026-ի ապրիլ 7-ին, Ախալցիխէի շրջանի Ծղալթբիլա հայ կաթողիկէ գիւղին մէջ օծուեցաւ ու օրհնուեցաւ երկաթեայ մեծ Խաչ մը, որուն վրայ զետեղուած է Խաչեալ Յիսուսի նորաքանդակ պատկերը: Օծման եւ օրհնութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը, Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեանի արտօնութեամբ եւ օրհնութեամբ, կատարուեցաւ ձեռամբ Ծղալթբիլայի համայնքի ժողովրդապետ Արժ. Տ. Սահակ Քհն. Աղեկեանի եւ Մխիթարեան միաբան՝ Գերպ. Հ. Գէորգ Վրդ. Սարգսեանի:

Երկաթեայ խաչը եւ Խաչեալին պատկերը գիւղին նուիրաբերուած է բժշկական գիտութիւններու դոկտոր Միխայիլ (Մկրտիչ) Սեմիոնի Մոսոյեանի սիրայօժար բարերարութեամբ, որ ծնունդով նոյն գիւղէն է եւ կը բնակի Ռուսաստան: Բարերարը ուռուցքաբանութեան գործնական վիրաբոյժ է, ամպիոնի վարիչ եւ կը ղեկավարէ Վ. Ա. Ալմազովի անուան ազգային բժշկական հետազօտական կեդրոնի ռոպոթացուած վիրաբուժութեան բաժանմունքը:

Խաչի օծման սրբազան արարողութենէն ետք ընթերցուեցաւ Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեանի երախտիքի խօսքը՝ ուղղուած բարերար դկտ. Մկրտիչ Մոսոյեանին.

«Յարգարժա՛ն եւ յոյժ սիրելի՛ պարոն դկտ. Մկրտիչ Մոսոյեան,

Սոյն գրութեամբ կ՚ուզեմ իմ խորին երախտագիտութիւնս յայտնել Ձեզի՝ հայ կաթողիկէ Ծղալթբիլա համայնքին մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Խաչելութեան պատկերը նուիրաբերելու համար: Մեր սրտին շատ մօտ է եւ մեծապէս գնահատելի է Ձեզի նման նուիրեալ զաւակներու աղօթական ջերմեռանդ մասնակցութիւնը համայնքի հոգեւոր կեանքին եւ առատաձեռն ու սիրայօժար նուիրատուութիւնները՝ ի նպաստ մեր համայնքի հոգեւոր կեանքի զարգացման, եկեղեցիներու բարեզարդման եւ պաշտամունքային կեանքի հարստացման՝ անձնական բարձր պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ: Ասիկա՛ է իւրաքանչիւր հայ կաթողիկէ հաւատացեալի կոչումը եւ աստուածահաճոյ քրիստոնէական նկարագիրը:

Թող Յարուցեալ Քրիստոս առատօրէն օրհնէ՛ Ձեզ եւ Ձեր ընտանիքը՝ Իր Յարութեան լոյսով, մասնագիտական նոր յաջողութիւններու հեռանկարով, սրբութեամբ եւ Յարութեան հաւատքին վրայ խարսխուած անանց երջանկութեամբ»:

Դիւան Առաջնորդութեան Կաթողիկէ Հայոց

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2026, 10:51