2025.03.07 Oeuvre Orient 7 mars 2025

L’Œuvre d’Orient-ի 170-ամեակը. Պատերազմող երկիրներու քրիստոնեաներուն կողքին

L’Œuvre d’Orient-ը կը բոլորէ իր 170-ամեակը։ Ֆրանսայի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ այս կառոյցը կը սատարէ քրիստոնեայ համայնքներուն աշխարհի 23 երկիրներու մէջ՝ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ափրիկէի Եղջիւր եւ Արեւելեան Եւրոպա։ Անիկա կը գտնուի այն քրիստոնեաներու կողքին, որոնք պատերազմի զոհեր են, բայց նաեւ՝ Աւետարանի մէջ Յիսուսի տուած պատգամին վկաները՝ ըլլալու համար «երկրի աղն ու լոյսը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Œuvre d’Orient կը տօնէ իր 170-ամեակը։ Այս կաթողիկէ ֆրանսական կազմակերպութիւնը 1856-էն ի վեր կ՚աջակցի Արեւելեան եկեղեցիներուն եւ քրիստոնէական համայնքներուն՝ Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի Եղջիւրի եւ Արեւելեան Եւրոպայի 23 երկիրներու մէջ։ Ան տարեկան կը կատարէ շուրջ 1.250 ծրագիր, կը համագործակցի 400 կրօնական համայնքներու հետ եւ կը հիմնուի հազարաւոր նուիրատուներու աջակցութեան վրայ։

Տօնախբութեան կեդրոնական պահը եղաւ Կիրակի, 10 Մայիսին, Փարիզի Նոթր-Տամ տաճարին մէջ, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ՝ Կարդինալ Քաուտիօ Կուճերոթթիի մատուցած Սուրբ Պատարագը` ի ներկայութեան, Պատրիարքներու, եպիսկոպոսներու, կրօնաւորներու եւ բարերարներու։

Oeuvre d’Orient - (Արեւելքի Օժանդակութիւն) ընդհանուր տնօրէն՝ գերապայծառ Հիւկ տը Վուայըմոնն (Hugues de Woillemont) մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց թէ «Պատերազմի մէջ գտնուող այս երկիրներուն մէջ, քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը, որոնք զինուած չեն եւ չեն մասնակցիր կողոպուտներուն, հակառակ ամէն ինչի, կը շարունակէ վկայել յանձնառութեան, հաւատարմութեան եւ ծառայութեան մը մասին, որ ուղղուած է բոլորին՝ առանց խտրութեան բաց ընդունելութեամբ։ Մենք կը սատարենք դպրոցներուն, առողջապահական հաստատութիւններուն, ապաստարաններուն եւ մարդասիրական շտապ օգնութիւններուն։ Կը կարծեմ, որ մենք պէտք է նայինք այս համայնքներուն, այս քրիստոնեաներուն, որպէս տառապող եւ տառապանքի մէջ շարունակ ապրող համայնքներ, որոնք զոհն են հին թէ նոր յարատեւող հակամարտութիւններուն»։

«Այս համայնքները մեզի իսկական դաս մը կու տան։ Անոնք մեր խղճահարութեան պէտք չունին։ Անոնք պարզապէս մեր երախտագիտութեան եւ անոնց զօրավիգ կանգնելու մեր յանձնառութեան պէտք ունին» հաստատեց ի միջի այլոց Ան։

Մամլոյ Ասուլիսի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Գերապ. Հաննա Ժալլուֆը Հալէպի Առաքելական Փոխանորդը որ ներկայացուց Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի քրիստոնեաներուն վիճակը։ «Այսօր Հալէպի մէջ մնացած են մօտ 30.000 քրիստոնեաներ» ըսաւ Ան նշելով որ «մարդիկ կը շարունակեն ապրիլ պատերազմի հետեւանքներով եւ ապագայի վախով, բայց քրիստոնեաները կոչուած են խաղաղութեան եւ հաշտութեան վկաները ըլլալու։ «Մենք մահմետականներէն չենք վախնար, այլ՝ ծայրայեղականներէն» հաստատեց ի միջի այլոց հոգեւորականը։։

Իսկ Oeuvre d’Orient-ի գործիչ Vincent Gelot խօսեցաւ Լիբանանի ներկայ ծանր իրավիճակին մասին։ 2019-էն ի վեր երկիրը տնտեսական եւ քաղաքական ճգնաժամերու մէջ է, իսկ հարաւային շրջանները նոր վտանգներու տակ են։ Ան ըսաւ, թէ բնակչութիւնը ուժասպառ է, բայց եկեղեցին եւ տեղական համայնքները կը շարունակեն ընդունիլ տեղահանուածները, օգնութիւն հասցնել եւ մխիթարել տառապողները։ Ան շեշտեց թէ վճռակամութիւնն է, որ մարդիկ իրենց մոռցուած չզգան։

Ելոյթ ունեցաւ նեաւ քոյր Magda Smet Նազարէթի Փոքրիկ Քոյրերու միաբանութենէն կրօնաւորուհի մը, որ կը գործէ Տպայէի (Dbayeh) գաղթակայանին մէջ։ Ան խօսեցաւ իրենց մատուցած ծառայութեան մասին` որ հաւատարիմ մնալով հիմնադիր Շարկ Տը Ֆուքոյի հոգեւորականութեան, ջանք է սիրով եւ համերաշխութեամբ օգնել ամենախոցելի մարդոց՝ անոնց տալով օգնութիւն, արժանապատուութիւն եւ յոյս, որպէսզի խաղաղ ապագայի հաւատքը չմարի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2026, 10:34