2024.05.22 celebrazione della memoria liturgica di Santa Rita a Cascia con il cardinale Robert Prevost

Սրբուհի Ռիթայի տօնին առանցքը խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնն են

Քաշայի մէջ Սրբուհի Ռիթային նուիրուած աւանդական տօնակատարութիւններուն կիզակէտը հանդիսացան 21 Մայիսին Չիքակոյէն բերուած Խաղաղութեան եւ Ներողամտութեան Ջահը՝ օրհնուած Լեւոն ԺԴ․ի կողմէ ընդհանուր ունկնդրութեան ատեն, որով վառուեցաւ Սրբավայրի հրապարակին եռոտանին, եւ 22 Մայիսին Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը՝ Կարդինալ Սթանիզլաւ Ճիվիչի նախագահութեամբ։ Սրբուհիին նուիրուած ձեռնարկութիւնները ծիրէն ներս, «Սրբուհի Ռիթա Միջազգային Ճանաչում» մրցանակը շնորհուեցաւ երեք կիներու՝ Ֆաննի Քուրիին, Լուչիա Տի Մաուրոյին
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Այսօր կը նշուի միջազգայնօրէն շատ սիրուած Սրբուհի Ռիթայի ծիսական տօնը։ Պատերազմներով եւ բաժանումներով լեցուն այս օրերուն Սրբուհի Ռիթայի պատգամը աւելի քան հրատապ է, նշած է Քաշայի վանքի մայրապետ Մայր Մարիա Կրացիա Քոսսուն՝ ընդգծելով, որ խաղաղութիւնը երազանք չէ, այլ՝ ամէնօրեայ յստակ ընտրութիւն։

Սրբուհի Ռիթան

Յիրաւի, Սրբուհի Ռիթա Եկեղեցւոյ կողմէ հռչակուած է որպէս արագահաս, հաշտարար, հրաշագործ, անհնար դատերու սրբուհի։

Ռիթայի կեանքը յատկանշուեցաւ ողբերգութիւններով․ հակառակ որ իր փափաքն էր վանք մտնել ու ինքզինք ամբողջովին Աստուծոյ նուիրել՝ իր ծնողներուն կամքին հնազանդելով ամուսնացաւ եւ ունեցաւ երկու զաւակ։ Երբ անոր ամուսինը կը սպաննուի՝ անոր զաւակները կը մտադրեն իրենց վրէժը լուծել։ Սրբուհի Ռիթան, որ անխոնջ հաւատացեալ էր եւ ներած էր իր ամուսնոյն մարդասպանները, աղօթեց նախընտրելով իրեն զաւակներուն մահը քան թէ ականատես ըլլար անոնց բռնարար արարքներուն, որոնք իրենց հոգւոյն փրկութիւնը կրնային վտանգել։ Քիչ ժամանակ ետք զաւակները կը հիւանդանան ու կը մեռնին։ Երբ այրի ու որդեկորոյս ան դիմեց Օգոստինեան Քոյրերու վանքը զինք չընդունեցան։ Աղօթքի ուժով, Սուրբերու եւ նոյնինքն Սուրբ Օգոստինոսի միջնորդութեամբ է, որ անոր առջեւ բացուեցան Օգոստինեան Վանքի դռները 1413 թուականին, ուր ապրեցաւ մինչեւ մահ` 1457ի Մայիս 22ին։

«Խաղաղութեան եւ Ներողամտութեան Ջահը»՝ բերուած Չիքակոյէն

Այս տարի տօնակատարութիւններու կարեւորագոյն խորհրդանիշերէն է «Խաղաղութեան եւ Ներողամտութեան Ջահը»՝ բերուած Չիքակոյէն, զոր վերջերս քոյրացած է Քաշայի հետ։ Անոր կրակով՝ վառուած Չիքակօ եւ օրհնուած Լեւոն ԺԴ․ Պապին կողմէ՝ Վատիկանի մէջ, երեկ երեկոյեան՝ 21 Մայիսին, ժամը 21.00ին Սրբավայրի հրապարակին վրայ վառուեցաւ աւանդական եռոտանին։

Սուրբ Պատարագ՝ Կարդինալ Ճիվիչի նախագահութեամբ

Մինչդեռ այսօր՝ 22 Մայիսին, Քրաքովիայի Վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս, Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապի երբեմնի Քարտուղար` Կարդինալ Սթանիզլաւ Ճիվիչի նախագահութեամբ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ, որուն յաջորդեցին պատմական շքերթը եւ աւանդական վարդերու օրհնութիւնը։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ծիրանաւորը անդրադարձաւ Սրբուհիին ապրած կեանքին․«Սրբուհի Ռիթան ապրեցաւ իր երկու զաւակներուն մահը... Ան տառապեցաւ թէ՛ մարմնապէս եւ թէ՛ հոգեպէս, բայց թոյլ չտուաւ, որ այդ ցաւը զինք կոտրէ», ըսաւ ի մասնաւորի ան եւ յորդորեց․

«Սորվիլ Սրբուհի Ռիթայէն՝ պարզ կնոջմէ մը, որ եղաւ կին, մայր, այրի եւ կրօնաւորուհի, ճշմարիտ իմաստութիւնը եւ վերադարձը հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ ակունքներուն։ Սրբուհի Ռիթան ապրեցաւ մեզմէ հեռու ժամանակաշրջանի մը մէջ՝ վեց դար առաջ, բայց իր կեանքի եւ սրբութեան վկայութիւնը չի հիննար ու կը շարունակէ խօսիլ մեր սիրտերուն», շարունակեց Կարդինալը եւ իր քարոզն աւարտեց Տիրոջմէ խնդրելով խաղաղութիւն Ուքրանիոյ ու Միջին Արեւելքի մէջ։

«Սրբուհի Ռիթա Միջազգային Ճանաչում» մրցանակը՝ երեք կիներու

Ճիշտ տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, «Սրբուհի Ռիթա Միջազգային Ճանաչում» խորագիրով մրցանակը շնորհուեցաւ երեք կիներու, որոնք, ինչպէս Սրբուհի Ռիթան, հակառակ իրենց կեանքի ծանր կորուստներուն եւ հարուածներուն, ընտրած են ներողամտութեան ու սիրոյ ուղին՝ դառնալով խաղաղութեան կենդանի օրինակներ։ Այդ կիներն են․

Ֆաննի Քուրին, որ ճանչցած է իր զաւկին կորուստի ցաւը, որ ծնած էր սրտի ծանր հիւանդութեամբ եւ ենթարկուած բազմաթիւ վիրահատութիւններու մինչեւ իր մահը։ Կինը ցաւը վերածած է գործնական յանձնառութեան՝ նուիրուելով կամաւորական աշխատանքի ամենատկարներու, մարմնավաճառներու, անօթեւաններու եւ զաւակ կորսնցուցած այլ ծնողներու կողքին։

Լուչիա Տի Մաուրոն, որ այրիացած է, որովհետեւ իր ամուսինը՝ որ գիշերապահ էր, սպաննուած է չորս երիտասարդներու կողմէ։ Լուչիան ընտրած է չմնալ ատելութեան մէջ, կոտրել վրէժխնդրութեան տրամաբանութիւնը եւ հանդիպիլ անոնցմէ ամենակրտսերին, հազիւ տասնեօթը տարեկան եւ սկսած է ընկերակցիլ անոր, խնամել զինք եւ մինչեւ այսօր կը հետեւի անոր ուղիին։

Միրնա Փոմփիլին, որ կորսնցուցած է իր դուստրը արկածի մը պատճառով։ Այս ողբերգական դէպքը զինք չէ մղած փակուելու տառապանքի մէջ, այլ՝ բացուելու արտակարգ գթասրտութեան արարքի մը հանդէպ այն կնոջ, որ պատճառ դարձած էր աղջկան մահուան։

«Սրբուհի Ռիթայի Ովասիս» ծրագիրը

Այս տարուան տօնակատարութիւնները, բացի այդ, ունին նաեւ գործնական մեծ նպատակ։ Սրբուհի Ռիթա Հիմնադրամը սկսած է դրամահաւաքի արշաւ մը՝ «Սրբուհի Ռիթայի Ովասիս» (Oasi Santa Rita) ծրագրին համար, որով Մարքէ նահանգի Փորթօ Ռեքանաթի քաղաքին մէջ կը նախատեսուի կառուցուել ոչ-շահութաբեր յատուկ հիւրընկալութեան կեդրոն մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2026, 12:47