Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի խնդութիւնը ի լուր Էլիաս Հուայէք Պատրիարքի երանացման հռչակման
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Լրատուական Գրասենեակը հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը մեծ խնդութեամբ ընդունած է Մարոնի Սուրբ Ընտանիքի Քոյրերու Միաբանութեան հիմնադիր՝ Էլիաս Հուայէք Պատրիարքի երանացման հռչակումը, եւ իր գոհաբանական տուրքը մատուցած է Աստուծոյ այս օրհնեալ շնորհքին համար, որ ուրախութեամբ ու յոյսով կը համակէ Եկեղեցին եւ Լիբանանը։
Մինասեան Պատրիարքը հաստատած է, որ Հուայէք Պատրիարքը իսկապէս Աստուածային Նախախնամութեան մարդն էր, քանի որ իր կեանքը նուիրեց Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու մարդուն ծառայութեան՝ առանց որեւէ խտրականութեան, դառնալով յոյսի, միասնութեան եւ սիրոյ նշան նոյն հայրենիքի զաւակներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ զոհողութեան, հաւատքի ու ողորմութեան կենդանի վկայ։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը աւելցուցած է, որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ Հուայէք Պատրիարքը երանելի հռչակող հրամանագիրի ստորագրութիւնը պատմական եւ հոգեւոր մեծագոյն հանգրուան մըն է Լիբանանի եւ համաշխարհային Եկեղեցւոյ համար, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ այս մեծ Պատրիարքը կը մարմնաւորէ հաւատարիմ հովիւի, սիրող հօր եւ այնպիսի առաջնորդի մը կենդանի պատկերը, որ ամենադժուար պայմաններուն մէջ հաւատքով ու տոկունութեամբ առաջնորդեց իր ժողովուրդը։
Ան նշած է, որ այս դժուարին ժամանակաշրջանին մէջ երանացման հռչակումը յոյսի նոր պատգամ մըն է թէ՛ Լիբանանի մէջ ապրող եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքին գտնուող լիբանանցիներուն համար, ինչպէս նաեւ հրաւէր մը՝ կառչած մնալու հաւատքին, աղօթքին եւ մարդասիրական ծառայութեան, յիշեցնելով իր ժամանակակիցներուն վկայութիւնները, որոնք զինք կոչած էին «Սուրբ Պատրիարք»։
Մինասեան Պատրիարքը իր խօսքը աւարտած է՝ հաւատացեալները հրաւիրելով հայցելու նորընծայ Երանելիին բարեխօսութիւնը եւ աղօթելու, որպէսզի Լիբանանը մնայ առաքելութեան, սրբութեան ու սիրոյ երկիր՝ Հուայէք Պատրիարքին հետ միասին կրկնելով իր իմաստալից խօսքերը. «Աստուա՛ծ իմ, տո՛ւր որ ապրիմ եւ մեռնիմ Քու հաճութեամբդ»։
Ռաֆայէլ Մինասեան Պատրիարքը նաեւ իր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը յղէ Ամենապատիւ Պատրիարք Պշարա Պութրոս Ռայի Կարդինալին եւ Մարոնի Սուրբ Ընտանիքի Քոյրերու Միաբանութեան՝ հայցելով Աստուծմէ, որ այս օրհնեալ առիթը ըլլայ շնորհքի եւ յոյսի աղբիւր։
Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ