2026.05.22 monsignor Alemesian

Հարցազրոյց Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի հետ Արամ Ա. Վեհափառի Վատիկան կատարած պաշտօնական այցի մասին

Բոլորս ալ դերակատարութիւն ունինք հայապահպանման ու քրիստոնէապահպանման գործունէութեան ծիրէն ներս

Ռատիօ Վատիկան - Հայկական Բաժանմունք

17 – 21 մայիս 2026-ին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Վատիկան իր անդրանիկ հանդիպումը ունենալով Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ ու Վատիկանի Վերատեսչութիւններու այլ Ղեկավարներուն հետ։

Ունկնդրէ Հարցազրոյցը

Այս առիթով Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժանմունքը առիթը ունեցաւ հանդիպելու եւ զրուցելու Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող պատուիրակութեան անդամ ու այս երրօրեայ պատմական այցելութեան համադրողներէն մին` Գերաշնորհ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի հետ որ ներկայացուց այցելութեան նպատակները ու զանազան հանդիպումներու ընթացքին արծարծուած նիւթերը` զոր Նարեկ Սրբազան ամփոփեց երեք ոլորտներու մէջ,

Առաջինը համամարդկային` որուն մէջ ներառուած է քրիստոնեայ - իսլամ յարաբերութիւնները, Իրանի պատերազմը, Լիբանանի կացութիւնը։

Երկրորդ` Համաքրիստոնէական, որուն մէջ ընդգծուած է Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն կարեւորութիւնը ոչ միայն որպէս ներկայութիւն այլ նաեւ վկայութիւն եւ մասնակցութիւն։ Հուսկ միջեկեցական յարաբերութիւնները եւ համաքրիստոնէական երեւոյթները` ինչպէս Սուրբ Զատիկը միասնաբար, ճշդուած թուականի մը տօնելու հարցը, մարտիրոսներու Օր մը ունենալ տարին մէկ անգամ, ու նախապատրաստուիլ Վատիկանի Գ. Ժողովին` ի տես ներկայ կեանքի դիմաց կայացած մարտահրաւէրներուն։

Երրորդը` համահայկական երեսը` որուն մէջ ներառուած են հայութեան դիմագրաւած հարցերը` ըլլայ Հայաստան, ըլլայ սփիւռքի մէջ, ներառեալ կրօնական եւ մշակութային ինքնութեան ու ժառանգութեան պահպանումը։

Գերաշնորհ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան անդրադարձաւ նաեւ Սրբազան Քահանայապետին կողմէ համամիութեան ախոյան` Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յայսմաւուրքի մէջ ներառման որոշումին։

Նարեկ Սրբազանը խօսեցաւ նաեւ այն սիրալիր յարաբերութիւններու մասին` որոնք գոյութիւն ունին  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ու Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ միջեւ։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան որ հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի ե երկխօսութեան վրայ։

Գերաշնորհ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան  զրոյցի աւարտին ազնւութիւնն ունեցաւ նաեւ շնորհաւորելու Ռատիօ Վատիկանի Հայկական Բաժանմունքի գործունէութեան վաթսուն ամեայ Յոբելեանը` որ պիտի տօնախմբուի յառաջիկայ օրերուն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2026, 11:55