«Մի' վախնար...» -Գերյարգելի Գէորգ վարդապետ Զապարեանի մտորումներէն
Մեր գոյութեան ժամանակակից պարունակը հետզհետէ շնչահեղձ է դարձած մարտական խժալուր աղմուկներով, որոնք ո'չ միայն կը նկրտին տրորել մարդկային միտքը, այլեւ՝ հոգեկան անանց արժէքները քրիտոնէական:
Տիրապետող ներկայ խաժամուժին մէջէն, սակայն, կ'ընձիւղի ձայն մը, որ Հին Կտակարանի օրերէն կ'երկարի մինչեւ Քրիստոսի Աւետարանը.«Մի' վախնար» (Մարկոս 5, 36 եւ Ա.Մնացորդաց 28, 20):
«Մի' Վախնար...»:
Կեանքի յարափոփոխ ալեկոծումներուն մէջ, Աստուածային այն ձայնն է, որ լռելեայն հաւատք կը պահանջէ: Այն Հաւատքը, որ կը ներընդգրկէ մեր յաւերժագնաց ուղեւորութեան ըմբռնումը կեանքի մասին, իբրեւ պատրաստութիւն մահուան, որ վերջակէտ մը չէ', այլ՝ անցուղի մը, կեանքի մէկ մակարդակէն միւսը, ուր մեր նոր փորձառութիւնը կախում պիտի ունենայ այս աշխարհի վրայ մեր ապրած կենցաղին որակէն:
Զատկական ցնծալի տօնակատարութիւնը մեզի կ'ուսուցանէ, որ մահով մեր կեանքը չի' փճանար, այլ՝ կը փոխուի, առանց մոռնալու Քրիստոսի քաջալերը. «Մի' վախնաք անոնցմէ, որ մարմինը կը սպաննեն, բայց չեն կրնար հոգին սպաննել» (Մատթէոս 10, 28):
Յարութիւնը իբրեւ յուսադրիչ իրադարձութիւն՝ լոյս կը սփռէ Յիսուսի կեանքին ու մահուան գլխաւոր նպատակին վրայ:
Արդարեւ, Իր Յարութեամբ մեր Տէրը մեզմէ իւրաքանչիւրին պատեհութիւնը կ'ընծայէ լիովին մասնակցելու Իր Անմահութեան: Իրեն՝ ինչպէս նաեւ մեզի համար, մահը վերածնունդի անցուղի է:
Ինչպէս, որ Յիսուսի համար մահը անհրաժեշտ էր, որպէսզի յարութիւն առնէր, նոյնպէս ալ մահը անհրաժեշտ է մեզի՝ եթէ կ'ուզենք հասնիլ այն կէտնպատակին, որուն համար ստեղծուած ենք:
Հոգւոյ անմահութեան վարդապետութենէ բխող այս համոզումը մեզի պիտի սատարէ մարդկային մահը իբրեւ պատրանք նկատել, որովհետեւ կը հաւատանք, որ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, մահուամբ զմահ կոխեաց եւ Յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց» :
Սփիւռքեան ներկայ կենսավիճակին մէջ, երբ մեր հոգիներուն անջրդի անապատը հետզհետէ կ'ընդարձակուի, Դաւիթի խօսքերը ուղղուած իր զաւակին՝ Սողոմոնի, այսօր եւս կը զգենուն իրենց յաւիտենական իմասը.
«Զօրացիր' եւ քաջ եղիր ու մի' վախնար,
Որովհետեւ Տէր Աստուած՝ իմ Աստուածս քեզի հետ է,
Ու քեզ պիտի չլքէ» (Ա. Մնացորդաց 28, 20):
«Մի' Վախնար...», ա'յս է Քրիստոսի լուսատեսիլ Յարութեան խորհուրդը, որ մեր ողջ էութեան ներքին տարածքը կը լուսազարդէ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ