ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (65)
65.- ՄԵԹՈՆԻ ՄԷՋ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ ՏԻՐԱՑՈՒ ԵՂԲԱՅՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԸ ԿԸ ՎԱԽՃԱՆԻ
Մխիթար Վենետիկի մէջ իր բոլոր ծանօթները գործի լծելով՝ ամէն ջանք կը գործադրէ տեղահանուած փոքրիկ միաբանութեան համար կացարան եւ հոգեպահուստ ապահովելու համար։ Սակայն առօրեայ այս բոլոր մտահոգութիւններով, նեղութիւններով եւ վազվզուքով հանդերձ վայրկեան մը անգամ Մեթոնի միաբանակիցները մտքէն չի կրնար հանել։ Անտարակոյս, իր անսասան հաւատքը եւ վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ էր, ամբողջ սրտով յոյսը դրած բարեգութ Խաչեալի եւ քաղցրագորով Տիրամօր վրայ, սակայն գիշեր-ցերեկ կը տանջուէր իր եղբայրակիցներուն հոգեկան խռովքն ու ապրումները պատկերացնելով։
Մեթոնի վանքը եօթ հոգի մնացած էին. չորսը քահանայ իսկ երեքը եղբայր։ Հ. Ղազարը՝ Փոխ-Աբբան, 47 տարեկան էր, տասնըմէկ տարուան քահանայ. իր օծակիցն էր Հ. Թովմասը՝ 23 տարեկան. Հ. Մանուէլը՝ 48 տարեկան, 15 տարուան քահանայ, իսկ նորօծ Հ. Յակոբը՝ 29 տարեկան։ Երեք եղբայրներէն տիրացու Յովհաննէս սարկաւագը՝ ամենատարեցն էր, 49 տարեկան, եղբայր Մարկոսը՝ 37, իսկ եղբայր Մկրտիչը՝ 28 տարեկան։
Մխիթարի մեկնելէն ետք անպատմելի ճնշիչ դատարկութիւն մը տիրած էր, մենութեան եւ սարսափի զգացումներով համակուած էր իրենց սիրտերուն մէջ։ Վանքի իւրաքանչիւր անկիւնը կը թնդար եւ կ՚արձագանգէր. քսան միաբանի փոխարէն եօթը հոգի մնացած էին եկեղեցւոյ, սեղանատան, միջանցքներուն եւ սենեակներուն մէջ։ Բայց յատկապէս Մխիթար Աբբահօր բացակայութիւնը անտանելի ցաւ մըն էր, որ ոչ մէկ ձեւով կարելի էր փարատել։
Հազիւ մէկ շաբաթ անցած էր, որ Մխիթար եւ տասնըմէկ միաբանները Վենետիկ տանող նաւը՝ խարիսխը վերցուցած եւ առագաստները պարզելով ճամբայ ելած էր, երբ Եւդոկիացի տիրացու եղբայր Յովհաննէսի առողջական վիճակը կը ծանրանայ եւ տարիներ շարունակ զինք տանջած աղիքներու հիւանդութիւնը մահուան դուռը կը հասցընէ։ Բարեպաշտութեամբ կը ստանայ հիւանդներու օծումը, կը խոստովանի եւ սուրբ Հաղորդութիւնը որպէս թոշակ ընդունլով՝ խաղաղ կը ննջէ արդարներու մահով, հոգին աւանդելով 7 Մարտ 1715ին։
Եղբայր Յովհաննէսը տասներկու տարի է որ կը ծառայէր միաբանութեան։ Հ. Մատթէոս ժամանակագիրը կը պատմէ թէ ան Եւդոկիոյ երեւելի անձերէն մէկն էր, որ շուրջ քառասուն տարեկանին հրաժարելով աշխարհի վայելքներէն կ՚աշակերտի Մխիթարի եւ ուսման նուիրուելու տարիքը անցած ըլլալով՝ խոնարհութեամբ յանձն կ՚առնէ ծառայել հասարակութեան որպէս խոհարար։ Շատ բարեպաշտ, բարեհամբոյր, ծառայասէր, եղբայրասէր էր։ Միշտ ժպտադէմ եւ պատրաստակամ բոլոր եղբայրներուն օգնութեան հասնելու համար։ Վարժ գրագիր ըլլալով՝ Մխիթար Աբբահօր յօրինած դասագիրքերը սիրով կ՚ընդօրինակէր՝ ուսման նուիրուած միւս եղբայրներուն համար։ Ոչ միայն ճաշ կը պատրաստէր, այլ լուացքը կ՚ընէր, ամէնուն մազերը կը սափրէր, հիւանդները կը խնամէր, փայտ կը կրէր։ Մէկ խօսքով կատարեալ հնազանդութեամբ իր կեանքը անցուցած էր, իր խօսքերով՝ «Յիսուս Քրիստոսի փառքին համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ