«Մայիսեան Սրբութիւն եւ Հերոսութիւն» խորագիրով գեղարուեստական-ազգային հանդիսաւոր ձեռնարկ «Մայիսեան Սրբութիւն եւ Հերոսութիւն» խորագիրով գեղարուեստական-ազգային հանդիսաւոր ձեռնարկ 

«Մայիսեան Սրբութիւն եւ Հերոսութիւն» խորագիրով գեղարուեստական-ազգային հանդիսաւոր ձեռնարկ

«Մայիսեան Սրբութիւն եւ Հերոսութիւն» խորագիրով գեղարուեստական-ազգային հանդիսաւոր ձեռնարկը համախմբեց լիբանանահայ հոգեւոր, քաղաքական եւ մշակութային շրջանակներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ՝ տօնախմբելու Մայիս ամսուան հոգեւոր խորհուրդը եւ ազգային վերածնունդը։ Երեկոն յատկանշուեցաւ հարուստ յայտագիրով՝ երգի, պարի ու ասմունքի կատարումներով, ինչպէս նաեւ սերունդներու միջեւ դրօշակի փոխանցման խորհրդանշական արարողութեամբ եւ միասնականութեան ու հայրենասիրութեան զօրաւոր պատգամներով։

Հայրապետական հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, նախագահութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Սարմէն Պաղտասարեանի, ձեռնարկի հովանաւորութեամբ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան եւ կազմակերպութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ «Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի» Մշակութային Միութեան։

Յիշողութեան, հաւատքի եւ ազգային ոգիի հանդիսաւոր երեկոյ: Կիրակի, 24 Մայիս 2026-ին, Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ, հանդիսաւոր եւ տօնական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ «Մայիսեան Սրբութիւն եւ Հերոսութիւն» խորագիրով գեղարուեստական-ազգային ձեռնարկը, որ համախմբեց հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ միութենական շրջանակներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։

Ներկայ էին Պէյրութի Պատրիարքական թեմին օգնական եպիսկոպոս Արհի. Հ. Գրիգոր Պատիշահ, Գերյարգելի, Գերապատիւ եւ Արժանապատիւ հոգեւոր հայրեր, նախկին նախարար, Պուրճ Համուտի փոխ քաղաքապետ, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներ, հայրենակցական միութիւններու անդամներ, թաղապետեր, հայկական վարժարաններու եւ հաստատութիւններու տնօրէններ, տեղեկատուական ոլորտի պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով մշակութասէր հայորդիներ։

Երեկոյի բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Հարպոյեան, որ իր ներշնչող եւ զգացմունքային խօսքով Մայիս ամիսը ներկայացուց որպէս աղօթքի, մայրական սիրոյ եւ ազգային վերածնունդի խորհրդանիշ։ Ան շեշտեց, թէ Մայիսը հայ ժողովուրդին համար միայն օրացուցային ամիս մը չէ, այլ՝ հոգեւոր ու ազգային ինքնութեան կենդանի յիշեցում։

«Մայիսը մեզի կը յիշեցնէ, թէ այս ժողովուրդը ոչ միայն ապրեցաւ, այլ նաեւ հաւատաց, պայքարեցաւ ու յաղթեց», նշեց ան՝ անդրադառնալով Սուրբ Աստուածամօր մայրական ներկայութեան, հայ մօր անձնուէր կերպարին եւ Մայիս 28-ի ազգային վերածնունդին»։

Գեղարուեստական բաժինը հարուստ էր երգով, երաժշտութեամբ, ասմունքով եւ կենդանի պատկեր պարով։

Հ.Կ.Մ. Երիտասարդականի «Յոյս» երգչախումբը իր հոգեցունց կատարումներով փոխանցեց հաւատքի, լոյսի եւ յոյսի պատգամը՝ ներկայացնելով հոգեւոր եւ ազգային երգացանկ մը, խմբավարութեամբ Ալեքս Լեւոնեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Վերոնա Ռուսիալեանի։

Երեկոյին յատուկ երանգ հաղորդեց նաեւ Հ.Կ.Մ. Երիտասարդականի «Կայծ» նուագախումբը, որ իր երաժշտական կատարումներով ներկայացուց յուզիչ եւ հանդիսաւոր մթնոլորտ։

Ասմունքով հանդէս եկաւ Հրակ Մանիկոնեան՝ ներկայացնելով Համաստեղի «Մայր իմ անուշ» բանաստեղծութիւնը, որ խոր զգացումներով լեցուց դահլիճը եւ ներկաները առաջնորդեց մայրական սիրոյ եւ կարօտի զգացումներու աշխարհ։

Իր հերթին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի «Շուշի» պարախումբը իր գեղեցիկ եւ խորհրդանշական շարժումներով մարմնաւորեց հայ ժողովուրդի աննկուն կամքը, գոյապայքարը եւ յաղթանակի ոգին՝ պարուսոյց Աւօ Գարաքէշիշեանի ղեկավարութեամբ։

Երեկոյի ամենայուզիչ պահերէն մէկը եղաւ դրօշակի փոխանցման արարողութիւնը, որ խորհրդանշեց ազգային արժէքներու, հաւատքի եւ հայրենասիրական ոգիի փոխանցումը սերունդէ սերունդ։

Հ.Կ.Մ.-ի վեթերան միութենական անդամ Եղբ. Նազարէթ Ապունայեան Հ.Կ.Մ.-ի դրօշը փոխանցեց «Յիսուսի Բարեկամներ» խմբակի կրտսերագոյն անդամներուն՝ պատգամելով, թէ հայրենիքի, հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման պատասխանատուութիւնը այժմ նոր սերունդին ուսերուն վրայ է։ Այս քայլով ան շեշտեց, թէ ազգի ապագան կը կերտուի այն ատեն, երբ երիտասարդութիւնը կառչած կը մնայ իր արմատներուն, եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքներուն։

Ժողովրդապետ Հայր Սահակ Քէշիշեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն տարած մեծ աշխատանքը եւ յատկապէս ընդգծեց ժողովրդապետութեան պատկան 20-րդ միութիւնը` Հ.Կ.Մ. Երիտասարդականի «Կայծ» նուագախումբի նուիրումն ու միասնական ոգին։ Ան նշեց, թէ նման նախաձեռնութիւններ ոչ միայն մշակութային ձեռնարկներ են, այլեւ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հաւաքական գիտակցութեան ամրապնդման կարեւոր առիթներ։

Հայր Սահակը իր պատգամին մէջ կոչ ուղղեց բոլոր ներկաներուն՝ մտածելու եւ գործելու որպէս հայեր, ի նպաստ հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին։ Ան շեշտեց, թէ այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է միասնաբար աշխատիլ, վեր դասելով ազգային շահը ամէն տեսակ բաժանումներէ։ «Մոռնանք յարանուանական եւ կուսակցական տարբերութիւնները, միացեալ ուժով աշխատինք, գործենք եւ արձանագրենք յաջողութիւններ՝ ի փառս մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին», ըսաւ ան։

Ան նաեւ ընդգծեց, թէ հայ ժողովուրդի ուժը միշտ եղած է իր միասնականութեան, հաւատքին եւ մշակոյթին մէջ եւ այդ արժէքները պէտք է շարունակեն առաջնորդել նոր սերունդները։

«Մայիսեան Սրբութիւն եւ Հերոսութիւն» երեկոն վերածուեցաւ ոչ միայն մշակութային ձեռնարկի, այլեւ հաւաքական յիշողութեան, հաւատքի եւ ազգային արժանապատուութեան կենդանի արտայայտութեան։ Արուեստը, աղօթքը եւ հայրենասիրութիւնը այդ երեկոյ միաձուլուեցան մէկ միասնական պատգամի մէջ՝ վերահաստատելով, որ հայ ժողովուրդի յոյսը, հաւատքն ու պայքարի ոգին կը շարունակեն մնալ անմար։

Երեկոյի աւարտին Հոգեւոր Տէրը, Հ.Հ. Դեսպանը, հոգեւոր հայրերը, հիւրերը, միութենական անդամները, ինչպէս նաեւ երգչախումբի, նուագախումբի եւ պարախումբի մասնակիցները ունեցան խմբային յիշատակի լուսանկար մը, որպէս այդ յիշարժան եւ միասնութեան ոգիով լեցուն երեկոյի գեղեցիկ յուշ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2026, 09:37