2026.07.12 Vangelo di domenica

«Ո՛չ, չըլլայ թէ որոմը քաղած ժամանակ ցորենն ալ անոր հետ քաղէք» (Մատթ. 13, 24 – 30)

Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօր սիրելիներ, եւ համաձայն Հայկական տօնացոյցին, կը սկսինք Ե. Կիրակին Հոգեգալուստի տօնէն ետք, եւ արդէն իսկ շուտով կը մօտենայ Պայծառակերպութեան տօնը եւ կամ Վարդավառը:

Այսօր սիրելիներ լսեցինք մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը, ուր դպիրներն ու փարիսեցիները Յիսուսէն նշան մը կը պահանջեն։ Անոնք կ’ուզէին հրաշք մը տեսնել, որպէսզի հաւատան։ Բայց Յիսուս անոնց կը պատասխանէ ըսելով , թէ իրենց պիտի տրուի միայն «Յովնանի նշանը»։

Յովնան մարգարէն երեք օր եւ երեք գիշեր կետ ձուկին փորին մէջ մնաց, եւ ապա դուրս եկաւ անկէ։ Այսպէս ալ Քրիստոս երեք օր գերեզմանին մէջ պիտի մնար եւ ապա յարութիւն պիտի առնէր։ Ամենամեծ նշանը սիրելիներ մեզի եւ մեր բոլորին համար պէտք է ըլլայ Քրիստոսի մահն ու Անոր յարութիւնը։ Մեր հաւատքը սիրելիներ հրաշքներու վրայ չէ հիմնուած միայն (հակառակ որ հրաշքները մեծ տեղ ունին մեր հոգեւոր կեանքին մէջ), այլ Քրիստոսի յարութեանը վրայ։

Յիսուս նաեւ մեզ կը զգուշացնէ սիրելիներ անմաքուր հոգիէն եւ կամ չար հոգիէն, որ մարդէն դուրս գալէ ետք՝ կը վերադառնայ եւ զինք աւելի վատ վիճակի մէջ կը ձգէ։

Սիրելիներ, այս դէպքը մեզի կը սորվեցնէ թէ միայն մեղքէն հեռանալը բաւարար չէ. մեր սիրտը պէտք է լեցնենք Աստուծոյ ներկայութեամբ, աղօթքով, սիրով եւ բարի գործերով։ Քրիստոսի համար դատարկ սիրտը վտանգաւոր է, որովհետեւ չարը կրնայ կրկին ներս մտնել ու զինք գրաւել։

Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածին մեզի փոխանցած նամակը. կանչուած ենք չփնտռելու արտասովոր նշաններ։ Աստուած արդէն մեզի տուած է մեծագոյն նշանը՝ Իր Որդւոյն Յարութիւնը...հետեւաբար, բանանք մեր սրտերը Քրիստոսի առջեւ, որպէսզի Ան բնակի մեր մէջ եւ մեզ առաջնորդէ դէպի սրբութիւն եւ փրկութիւն։

Թող մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը սիրելիներ մեզ ամրացնէ հաւատքի մէջ եւ լեցնէ մեր սրտերը Իր խաղաղութեամբ. Ամէն:



 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

28/06/2026, 07:49