Յիսուս առաքեալներուն հետ Յիսուս առաքեալներուն հետ 

«Ո՞ւր են միւսները» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեան

Ս. Ղուկասի Աւետարանին մէջ նկարագրուած տասը բորոտներու բժշկութեան դէպքը կը շեշտէ հաւատքի եւ հնազանդութեան կարեւորութիւնը, քանի որ բոլորը բժշկուեցան երբ հնազանդեցան Յիսուսի խօսքին՝ քահանաներուն ներկայանալու մասին։ Սակայն միայն մէկը՝ սամարացին, վերադարձաւ շնորհակալութիւն յայտնելու եւ փառաբանելու Աստուած, ինչ որ Յիսուս ներկայացուց որպէս երախտագիտութեան եւ փրկարար հաւատքի իսկական օրինակ։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ս. Ղուկաս իր Աւետարանին 17րդ գլխուն մէջ կը պատմէ տասը բորոտներու բժշկութեան դէպքը։ Թէեւ պատմութիւնը բոլորս ալ գիտենք, սակայն, առ ի յիշեցում, հակիրճ կերպով անդրադառնանք անոր։ Յիսուս Երուսաղէմ երթալու ճամբուն վրայ կը հանդիպի տասը բորոտներու, որոնք հեռուէն կանգնած բարձրաձայն կ՚աղաղակեն. «Յիսո՛ւս, Վարդապե՛տ, ողորմէ՛ մեզի»։ Յիսուս կը տեսնէ զանոնք եւ կը պատուիրէ, որ երթան ու իրենք զիրենք քահանաներուն ցոյց տան։ Եւ մինչ անոնք ճամբան էին, կը մաքրուին իրենց բորոտութենէն։ Անոնցմէ միայն մէկը, տեսնելով իր բժշկուիլը, կը վերադառնայ՝ բարձր ձայնով զԱստուած փառաբանելով, եւ կ'իյնայ Յիսուսի ոտքերուն առջեւ երախտագիտութիւն յայտնելով։ Ու այդ մէկը սամարացի մըն էր։ Յիսուս կը հարցնէ. «Չէ՞ որ տասն ալ մաքրուեցան, հապա ո՞ւր են միւս իննը. չգտնուեցա՞ւ մէկը, որ վերադառնար եւ Աստուծոյ փառք տար, բացի այս օտարականէն»։ Եւ Յիսուս անոր կըսէ. «Ելի՛ր, գնա՛, հաւատքդ քեզ փրկեց»։

Հետաքրքրական է այս պատմութեան մէջ այն իրողութիւնը, որ Յիսուս ո՛չ մէկ շարժումով կամ յատուկ խօսքով կը բժշկէ զանոնք, այլ պարզապէս կը հրահանգէ, որ ըստ Օրէնքի, որ երթան ու իրենք զիրենք քահանաներուն ցոյց տան։ Տասը բորոտները, Յիսուսի թելադրանքին հնազանդելով, անմիջապէս ճամբայ կ'իյնան։ Ընդհանրապէս, մարդ արարածը կը փափաքի նախ տեսնել եւ ապա հաւատալ, սակայն այս դէպքին մէջ կը տեսնենք, որ անոնք նախ հաւատացին ու հնազանդեցան, եւ յետոյ միայն բժշկուեցան։ Անոնցմէ միայն մին՝ որ ազգութեամբ սամարացի էր, տեսնելով իր բժշկուիլը, անմիջապէս կը վերադառնայ եւ բարձրաձայն զԱստուած փառաբանելով՝ իր խորին երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Յիսուսի։ Տեսնելով այս մէկուն վերադարձը՝ Յիսուս կը հարցնէ. «Չէ՞ որ տասն ալ մաքրուեցան, հապա ո՞ւր են միւս իննը»։

Յիսուս կը փնտռէ ու կը սպասէ, որ մենք երախտագէտ ըլլանք մեր ստացած բոլոր բարիքներուն համար, սակայն, դժբախտաբար, քիչեր են անոնք, որոնք կը գիտակցին այս հոգեւոր իրականութեան եւ ժամանակ կը տրամադրեն շնորհակալութիւն յայտնելու։ Սակայն, ինչո՞ւ համար Յիսուս կը փնտռէ մարդոցմէ, որ դառնան Իրեն եւ շնորհակալութիւն յայտնեն։ Միթէ՞ Աստուած մեր փառաբանութեան կամ շնորհակալութեան պահանջքն ունի։ Ամենեւի՛ն։ Ղուկաս աւետարանիչի արձանագրած այս դէպքը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ ինչո՛ւ համար Տէրը կը սպասէ մեր վերադարձին։ Յիսուսի եւ սամարացի բորոտին միջեւ տեղի ունեցած այս կարճ, բայց խորիմաստ խօսակցութենէն իսկ կարելի է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ համար Տէրը կը փնտռէր միւսներուն վերադարձը եւ կը փափաքէր, որ ամէնքն ալ գան ու իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեն։ Արդարեւ, երբ սամարացին Յիսուսի ոտքերուն առջեւ իյնալով զԱստուած կը փառաբանէր, Տէրը անոր ըսաւ. «Ելի՛ր, գնա՛, հաւատքդ քեզ փրկեց»։ Ինչպէս բոլոր աւետարանիչները կը սորվեցնեն մեզի, Յիսուսի կատարած հրաշքները պարզապէս ֆիզիկական բժշկութիւններ չեն, այլ նշաններ, որոնք մեզ դէպի փրկութիւն կ'առաջնորդեն։ Արդարեւ, Աստուծոյ գերագոյն նպատակն է, որ համայն մարդկութիւնը փրկուի։ Ուստի, մեր կեանքին մէջ պատահած ամէն ինչ՝ ըլլայ լաւ թէ վատ, յաջողութիւն թէ ձախողութիւն, եթէ ամբողջութեամբ

Աստուծոյ յանձնենք, Ան անպայմանօրէն զանոնք պիտի օգտագործէ ի նպաստ մեր անձերու փրկութեան, որպէսզի արժանի ըլլանք Իր հետ վայելելու յաւիտենական կեանքը։ Ո՛չ մէկ բան կրնայ արգելք ըլլալ անոնց, որոնք Աստուծոյ կամքին համաձայն կ՚ապրին, որպէսզի հասնին իրենց անձերու փրկութեան։

Հետեւաբար, սիրելինե՛ր, ամէն վայրկեան փա՛ռք տանք Աստուծոյ եւ երախտագէտ սրտով շնորհակալութիւն յայտնենք Իրեն ամէն բանի համար, որպէսզի արժանի ըլլանք Իր հետ թագաւորելու յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

26/06/2026, 10:20