Քարաքասի արքեպիսկոպոսը. «Շնորհակալութիւն Քահանայապետին. Եկեղեցին իր ժողովուրդին կողքին է»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վենեզուելլան ցնցած աւերիչ երկրաշարժէն քանի մը օր անց, Քարաքասի մետրոպոլիտ արքեպիսկոպոս Ռաուլ Պիորդ Քասթիլիօ իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին՝ Սուրբ Աթոռին կողմէ տրամադրուած 100 հազար եւրոյի շտապ օգնութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ այս աջակցութիւնը միայն նիւթական արժէք չունի, այլ նաեւ կը վկայէ համընդհանուր Եկեղեցւոյ մերձաւորութեան եւ համերաշխութեան մասին։
Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ զրոյցի ընթացքին արքեպիսկոպոսը պատմեց, թէ երկիրը տակաւին կ'ապրի աղէտի առաջին ժամերու ցնցումներուն մէջ։ Ամէնէն ծանր հարուածը կրած է Լա Կուայրայի առափնեայ շրջանը, ուր մարդկային կորուստներն ու աւերները ամենամեծն են։ Երկրաշարժէն ի վեր բնակիչներուն առօրեան ամբողջովին փոխուած է, իսկ եպիսկոպոսներն ու քահանաները անընդհատ կ'այցելեն աղէտէն տուժած համայնքները՝ մխիթարութիւն եւ օգնութիւն հասցնելու համար։
«Քահանայապետը մեզի գրեց, հետեւեցաւ մեր հաղորդագրութիւններուն եւ տեսաւ աղէտին մասին տեսանիւթերը։ Այս ծանր պահուն մեծ մխիթարութիւն է զգալ, թէ մենք մաս կը կազմենք համընդհանուր Եկեղեցւոյ»,– ըսաւ արքեպիսկոպոսը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Եպիսկոպոսաց համաժողովներուն, «Քարիթաս»-ին եւ միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք օգնութեան ձեռք երկարացուցին Վենեզուելային։
Երկրաշարժին պատճառած վնասներուն ամբողջական պատկերը տակաւին չէ յստակացած։ Զոհերուն եւ անհետ կորածներուն թիւը կը շարունակէ աճիլ, մինչեւ այժմ ամբողջովին փլած են աւելի քան երեք հարիւր շէնքեր, իսկ տասնեակ դպրոցներ, ճեմարաններ եւ եկեղեցական հաստատութիւններ այլեւս անգործածելի դարձած են։ Երկիրը, որ արդէն կը դիմագրաւէ տնտեսական ճգնաժամ եւ արտաքին մեծ պարտքեր, այժմ կանգնած է նոր եւ ծանր մարտահրաւէրի առջեւ։
Արքեպիսկոպոս Պիորդ Քասթիլիօ յատկապէս բարձր գնահատեց փրկարարներուն անձնուիրութիւնը, որոնք օր ու գիշեր կը շարունակեն փլատակներու տակ ողջ մնացածներ որոնել։ Ան հրաշք համարեց Լա Կուայրայի մէջ երեք եղբայրներու կենդանի փրկութիւնը՝ նշելով, որ այդպիսի դէպքերը նոր յոյս կը ներշնչեն ժողովուրդին։
Միջազգային օգնութիւնը կը շարունակէ հասնիլ Վենեզուելա։ Փրկարարական խումբեր ժամանած են Իտալիայէն, Եւրոպական Միութեան տարբեր երկիրներէն, Միացեալ Նահանգներէն, Մեքսիքայէն եւ Լատինական Ամերիկայի բազմաթիւ պետութիւններէն։ Միեւնոյն ժամանակ հազարաւոր մարդիկ կը գիշերեն բաց երկինքի տակ, քանի որ բազմաթիւ բնակավայրեր տակաւին զուրկ են ելեկտրականութենէ, խմելու ջուրէ եւ սնունդէ։
Կաթողիկէ Եկեղեցին, տեղական թեմերը եւ «Քարիթաս»-ի կառոյցները լայնածաւալ մարդասիրական աշխատանք կը կատարեն՝ ծխական համայնքներու միջոցով հաւաքելով առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ եւ բաժնելով անոնք կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Քարաքասի մէջ առնուազն երեսուն ծխական եկեղեցիներ վնասուած են, իսկ մասնագէտներու խումբ մը կը գնահատէ, թէ որոնք կարելի պիտի ըլլայ վերականգնել։
Չնայած եկեղեցիներուն կրած վնասներուն, մարդկային զոհեր չեն արձանագրուած հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու մէջ, քանի որ երկրաշարժի պահուն շատեր ժամանակին կրցած են դուրս գալ եկեղեցիներէն, ուր կը նշուէր Սուրբ Յովհաննու տօնը։
Արքեպիսկոպոսին համոզումով՝ այսօր առաջնահերթութիւնը վիրաւորուած եւ տուժած մարդոց կողքին կանգնիլն է՝ նիւթական օգնութեամբ, հոգեւոր մխիթարութեամբ եւ համերաշխութեամբ։ Իսկ վաղը պիտի սկսի աւելի երկար ճանապարհ մը՝ վերակառուցելու ոչ միայն տուներ, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ, այլ նաեւ ամբողջ երկիրը եւ անոր ժողովուրդին յոյսը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.