A drone photo of emergency services inspect the damage in Jerusalem's Old City

Երեք ամսուան ընթացքին աւելի քան 80 յարձակում քրիստոնեաներու դէմ Իսրայէլի մէջ

Կրօնական ազատութեան տուեալներու կեդրոնին հրապարակած զեկոյցը կ՚արձանագրէ 2026-ի Ապրիլէն Յունիս ամիսներու ընթացքին Իսրայէլի մէջ քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած չարաշահումներն ու յարձակումները: Այս միջադէպերը յաճախ տեղի կ՚ունենան օրը ցերեկով, որոշ պարագաներու անոնք կը կատարուին անչափահասներու կողմէ, որոնք երբեմն կը քաջալերուին իրենց իսկ ծնողներուն կողմէ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

90 օրուան ընթացքին՝ 83 հալածանքի դէպքեր Երուսաղէմի մէջ, յատկապէս Հին Քաղաքին մէջ: Խօսքը գլխաւորապէս թքնելու, ֆիզիքական յարձակումներու, սպառնալիքներու ու վիրաւորանքներու, աւերիչ արարքներու, վանքերու բակերուն մէջ աղբ ու առարկաներ նետելու, ինչպէս նաեւ առցանց սադրանքներու մասին է, ինչպէս օրինակ՝ «Google Maps»ի վրայ քրիստոնէական վայրերու մասին գրուած կարծիքներու մասին, որոնց կը կցուին ոչ-հրէական պաշտամունքի վայրերու կործանման կոչ ընող աստուածաշնչական յղումներ: Այս դրուագներ են, որոնք յաճախ տեղի կ՚ունենան օրը ցերեկով, ցուցադրական կերպով, երբեմն նոյնիսկ ծնողներու ներկայութեամբ, որոնք կը քաջալերեն իրենց զաւակները՝ նմանակելու զիրենք: Եւ հոն բնակող քրիստոնեայ համայնքներն են, որոնք կը կրեն այս բոլորին ծանր հետեւանքները:

Ասիկա այն է, ինչ որ կը պարզուի Կրօնական ազատութեան տուեալներու կեդրոնին (Religious Freedom Data Center RFDC) կողմէ վերջին օրերուն հրապարակուած Զեկոյցէն, զոր կը վերաբերի 2026-ի Ապրիլ-Յունիս ամիսներու ընթացքին Իսրայէլի մէջ քրիստոնեաները թիրախաւորած միջադէպերուն։

Յարձակումներու գագաթնակէտը արձանագրուած է հրէական Շաւուոթ եւ Եօմ Երուշալայիմ տօներու, Դրօշակներու քայլերթի, ինչպէս նաեւ նոր Առաքելական Նուիրակի թափօրին ընթացքին: Առանձնայատուկ դէպքերէն կը յիշատակուի նաեւ Ապրիլ 28-ին Սիոն լերան վրայ կրօնաւորուհիի մը դէմ կատարուած ֆիզիքական բռնութիւնը։

 «Անտեսանելիութիւնը» հանրային տարածքին մէջ

Հետազօտութիւնը կը շեշտէ, որ Երուսաղէմի հանրային ոլորտին մէջ քրիստոնէական տեսանելի եւ խորհրդանշական ներկայութիւնը գրեթէ իսպառ կը բացակայի, ի տարբերութիւն հրէական խորհրդանիշներու, պաստառներու եւ տօնական մաղթանքներու տարածուն ներկայութեան: Ըստ RFDC-ի՝ այս անտեսումը ուղղակիօրէն կը նպաստէ հրեայ քաղաքացիներու կողմէ քրիստոնեաներու հանդէպ թշնամանքի դրսեւորումներուն: Քանի որ Հին Քաղաքը կը ներառէ երկու քրիստոնէական թաղամասեր, կոչ կ՚ուղղուի քաղաքապետարանին՝ պատշաճ տեղ յատկացնել նաեւ քրիստոնէական համայնքի պատմութեան ու տեսանելիութեան:

Սահմաններէն դուրս տարածուող արարքներ եւ զինուորներու կեցուածքը

Մտահոգութիւնները կը տարածուին նաեւ Իսրայէլի սահմաններէն դուրս: Զեկոյցը կը յիշեցնէ հարաւային Լիբանանի մէջ Յիսուսի արձանի կործանումը եւ Մարիամ Աստուածածնի արձանի պղծումը իսրայէլեան բանակի զինուորներու կողմէ: Նմանապէս, Երուսաղէմ այցելող զինուորական խմբակներու կողմէ քրիստոնեաները ծաղրելու դէպքեր արձանագրուած են:

Այս առթիւ, կեդրոնը դիմած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի դաստիարակութեան գրասենեակին: Համագործակցութեան արդիւնքով պատրաստուած է յատուկ տեղեկատուական փաստաթուղթ մը՝ զինուորական խումբերուն ընկերակցող զբոսավարներուն համար, որպէսզի վերջիններս սորվին սրբավայրերու հանդէպ յարգանքի տարրական կանոնները։

Դպրոցականներու կրթութեան հրամայականը

Յարձակումներու եւ անյարգալից վերաբերմունքի հիմնական պատճառներէն մէկը կրթական համակարգի բացթողումն է: Հազարաւոր իսրայէլացի աշակերտներ կ՚այցելեն Երուսաղէմ առանց որեւէ նախնական պատրաստութեան քաղաքի քրիստոնէական կենդանի համայնքին մասին: Այս անտեղեակութիւնը քրիստոնեաներու հետ հանդիպումը կը վերածէ անակնկալի, որ յաճախ կը յանգի թշնամական հակազդեցութիւններու:

Կրօնական ազատութեան տուեալներու կեդրոնը իր զեկոյցը կ՚եզրափակէ շտապ կոչով. անհրաժեշտ է համակարգուած դաստիարակչական ճիգ մը, որուն պէտք է լծուին դպրոցական ճամբորդութիւններու կազմակերպիչները, նախարարութիւններն ու զբոսավարները, կանխելու համար հետագայ անցանկալի միջադէպերը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

07/07/2026, 10:10