Գերպ Ինասիօ Սաուրէ, Նամփուլայի արքեպիսկոպոսը եւ Մոզամպիքի Եպիսկոպոսաց  համահաւաք դասի նախագահը՝ Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ։ Գերպ Ինասիօ Սաուրէ, Նամփուլայի արքեպիսկոպոսը եւ Մոզամպիքի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը՝ Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ։ 

Գերպ. Օզորիոն հաւատքի նահատակ է»․Մոզամպիքի եպիսկոպոսները հանդիպեցան Լեւոն ԺԴ. Պապին

Մոզամպիքի եպիսկոպոսները Վատիկանի մէջ հանդիպեցան Լեւոն ԺԴ. Պապին, որ իր մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Քելիմանէի եպիսկոպոս Գերպ Օզորիոյի սպանութենէն ետք՝ կոչ ընելով այս ողբերգութիւնը վերածելու յոյսի եւ վերականգնման ուղիի։ Անոնք նաեւ պահանջեցին անկախ եւ վստահելի քննութիւն՝ սպանութեան պատասխանատուները եւ շարժառիթները ամբողջովին բացայայտելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մոզամպիքի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահ գերպ. Ինասիօ Սաուրէն, փոխնախագահ գերպ. Ժուան Կառլոսը եւ Պէյրայի նախկին արքեպիսկոպոս գերպ. Քլաուտիօ Տալլա Ցուաննան Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցան Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ՝ սպաննուած Քելիմանէի եպիսկոպոս գերպ. Օզորիօ Աֆոնսոյի գործին առնչութեամբ։ Անոնք յայտնեցին, որ Սրբազան Քահանայապետը խորապէս ծանօթ է Մոզամպիքի իրավիճակին եւ իր մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնած է թէ՛ խօսքով, թէ՛ անձնական հանդիպման ընթացքին՝ քաջալերելով այս ողբերգութիւնը վերածել յոյսի եւ վերականգնման ճանապարհի։

Եպիսկոպոսները շեշտեցին, որ սպանութիւնը տակաւին չէ բացայայտուած, եւ մինչեւ այսօր պաշտօնական տեղեկութիւն չկայ ո՛չ ոճրագործներուն, ո՛չ պատուիրատուներուն եւ ո՛չ ալ շարժառիթներուն մասին։ Անոնք կոչ ուղղեցին իրականացնելու անկախ եւ վստահելի քննութիւն՝ զգուշացնելով, որ լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու մէջ շրջանառուող չհաստատուած վարկածները կրնան խոչընդոտել ճշմարտութեան բացայայտումը։

Մոզամպիքի Եկեղեցին այս դէպքը կը դիտէ ոչ միայն որպէս խոր ցաւ, այլ նաեւ որպէս ինքնաքննութեան եւ նորոգման առիթ։ Եպիսկոպոսները ընդգծեցին, որ անհրաժեշտ է աւելի մեծ հետեւողականութիւն հոգեւոր ծառայութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ազատագրուիլ արտաքին ազդեցութիւններէն, որոնք երբեմն կը միջամտեն քահանայական կոչումներուն եւ եկեղեցական կեանքին։

Ամփոփելով՝ գերպ. Սաուրէն Օզորիօ եպիսկոպոսը բնորոշեց որպէս «հաւատքի նահատակ»՝ ընդգծելով, որ ան սպաննուեցաւ, որովհետեւ կը ծառայէր կեանքին եւ Աւետարանին։ Ան աւելցուց, որ նահատակութիւնը, որքան ալ ցաւալի ըլլայ, կը զօրացնէ Եկեղեցին եւ կը սնուցանէ անոր յոյսը ապագայի հանդէպ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

10/07/2026, 15:06