Կարդինալ Փիցապալլան ստացաւ «Limes»ի՝ «Երկխօսութեան եւ Խաղաղութեան» մրցանակը Կարդինալ Փիցապալլան ստացաւ «Limes»ի՝ «Երկխօսութեան եւ Խաղաղութեան» մրցանակը 

Կարդինալ Փիցապալլա. «Կազան աղէտի վերածուած է. Սուրբ Երկիրը մինակ մի՛ ձգէք»

Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլան Կազայի մէջ իր վերջին այցելութենէն ետք իրավիճակը բնորոշեց որպէս «աղէտ»՝ շեշտելով բնակչութեան, յատկապէս երեխաներուն, անմարդկային պայմանները եւ միջազգային մարդասիրական աջակցութեան հրատապ անհրաժեշտութիւնը։ Ան նաեւ կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան եւ լրատուամիջոցներուն չմոռնալ Սուրբ Երկիրը, շարունակել խօսիլ անոր մասին եւ խթանել երկխօսութիւնն ու փոխադարձ ըմբռնումը՝ որպէս խաղաղութեան միակ ճանապարհ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Կազան աղէտի վերածուած է»։ Այս խօսքերով Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլան նկարագրեց Կազայի ներկայ ողբերգական իրավիճակը՝ Պերկամոյի մէջ «Limes» աշխարհաքաղաքական հանդէսի «Երկխօսութեան եւ Խաղաղութեան» մրցանակը ստանալէ ետք ունեցած իր ելոյթին ընթացքին։

Կարդինալը անդրադարձաւ 22 եւ 23 Յունիսին Կազայի Գօտի կատարած իր հովուական այցելութեան, որ իրականացուցած էր Երուսաղէմի Յոյն Ուղղափառ Պատրիարք Թէոփիլոս Գ.ի հետ։ Ան պատմեց, թէ ամբողջ թաղամասեր հողին հաւասարուած են, իսկ Ռաֆահ քաղաքը գործնականօրէն այլեւս գոյութիւն չունի։

Կեանք վրաններու եւ կոյուղիներու միջեւ

«Մարդիկ կ'ապրին վրաններու, կոյուղիներու եւ ինքնաշարժներու համար բացուած պատահական ճամբաներու միջեւ։ Լուսանկարները չեն կրնար փոխանցել ամէնէն ծանր իրականութիւնը՝ հոտը», ըսաւ Պատրիարքը՝ աւելցնելով, որ առնէտներու տարածումը դարձած է նոր աղէտ մը, եւ անոնք յատկապէս երեխաները կը կծեն։ «Կազան լի է երեխաներով, որոնք դպրոց երթալու փոխարէն կը խաղան կեղտի ու կոյուղիներու կողքին»։

Դժուար պայմաններ՝ նոյնիսկ հրադադարէն ետք

Փիցապալլան նշեց, որ հրադադարէն ետք ալ մարդասիրական կացութիւնը գրեթէ անփոփոխ մնացած է։ Թէեւ սահմանափակ քանակութեամբ սննդամթերք կը հասնի, սակայն բազմաթիւ անհրաժեշտ նիւթեր տակաւին չեն կրնար մուտք գործել Կազա, որովհետեւ կը դասուին «երկակի օգտագործման» ապրանքներու շարքին։ Անոր համաձայն՝ նոյնիսկ դպրոցական նստարաններ, մատիտներ, տետրեր եւ պատուհաններու ապակի չեն հասնիր, ինչ որ դժուար կը դարձնէ կրթական կեանքի վերականգնումը։

Պատրիարքը առանձնայատուկ մտահոգութիւն յայտնեց երեխաներու եւ մայրերու հոգեբանական վիճակին համար։ «Բժիշկներն ու բուժաշխատողները կը շեշտեն, որ այսօր ամենահրատապ կարիքն է մասնագէտներու ներկայութիւնը, որոնք կրնան բուժել պատերազմի հոգեկան վէրքերը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Ես խոր ցաւ կը զգամ. շատ դժուար է հասկնալ այս իրականութիւնը»։

Մտահոգիչ կացութիւն Արեւմտեան Ափին

Անդրադառնալով Արեւմտեան Ափի կացութեան՝ Փիցապալլան նշեց, թէ պաղեստինեան բնակչութիւնը ամէնօրեայ ճնշումներու կ'ենթարկուի։ Իր խօսքով՝ իսրայէլացի բնակեցնողներու բռնարարքները, հողերու վնասումը, ծառահատումները, յարձակումներն ու սպառնալիքները դարձած են առօրեայ երեւոյթ, մինչ միջամտելու կոչուած անվտանգութեան ուժերը շատ յաճախ ուշ կը հասնին կամ անգործ կը մնան։

Խաղաղութեան ճանապարհը՝ երկխօսութեան միջոցով

Չնայած այս մռայլ պատկերին՝ կարդինալը վերահաստատեց, որ խաղաղութեան ճանապարհը կը շարունակէ անցնիլ երկխօսութեան եւ փոխադարձ ըմբռնումի միջոցաւ։ Ան յիշեցուց, որ 2023 թուականի 7 Հոկտեմբերի իրադարձութիւնները խոր վէրք ձգած են իսրայէլեան հասարակութեան մէջ, իսկ այսօր ծայրայեղական հոսանքները աւելի մեծ ազդեցութիւն կը գործեն երկրի քաղաքական եւ հասարակական կեանքին վրայ։

Փիցապալլայի համաձայն՝ Երուսաղէմն ալ կը փոխուի ոչ միայն ժողովրդագրական, այլ նաեւ հոգեբանական իմաստով. տարբեր համայնքները աւելի ու աւելի կը մեկուսանան իրարմէ եւ կը կորսնցնեն հանդիպելու ու իրար հասկնալու հնարաւորութիւնը։

«Սուրբ Երկիրը մինակ մի՛ ձգէք»

Իր խօսքի աւարտին Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան եւ լրատուամիջոցներուն՝ չմոռնալ Սուրբ Երկիրը։

«Մի՛ հետեւիք միայն նորութիւններու անցողիկ հետաքրքրութիւններուն։ Շարունակեցէ՛ք խօսիլ այս ժողովուրդներուն մասին։ Մենք այս հողին կը պատկանինք։ Անհրաժեշտ է կարեկցիլ, հասկնալ եւ երկխօսիլ՝ առանց նոր պատնէշներ բարձրացնելու։ Օգնեցէ՛ք, որ Սուրբ Երկիրը դուրս գայ այս տառապանքէն եւ մինակ չմնայ», եզրափակեց կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

01/07/2026, 07:03