Կարդինալ Փիցապալլա․ Խաղաղութեան եւ հաշտութեան ճանապարհը երկար է, բայց պէտք է շարունակել յոյսը կենդանի պահել
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երուսաղէմի Լատինաց պատրիարք, Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլա, Վենետիկի պատրիարքարան կատարած երկօրեայ այցելութեան ընթացքին, շեշտեց, որ Սուրբ Երկրի խոր վէրքերը բուժելու եւ իրական հաշտեցում հաստատելու համար երկար ժամանակ պիտի պահանջուի։ Ան ընդգծեց, թէ քրիստոնեաները չպէտք է յանձնուին պատերազմի եւ աւերման տրամաբանութեան, այլ կոչուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու խաղաղութեան, ներողամտութեան եւ երկխօսութեան մշակոյթին։
Կազայի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ եւ դպրոցի վերակառուցում
Խօսելով Կազայի իրավիճակին մասին՝ Փիցապալլա յայտնեց, որ հրադադարէն ետք ալ մարդասիրական կացութիւնը կը մնայ ծայրայեղ ծանր։ Ան տեղեկացուց, թէ Կազայի քրիստոնեայ համայնքը ներկայիս կը հաշուէ 541 անդամ, որոնք գրեթէ ամէն ինչ կորսնցուցած են։ Ամենամեծ խնդիրները ենթակառոյցներու բացակայութիւնն ու մանկական հոգեբանական խոր տագնապներն են։ Պատրիարքարանը արդէն սկսած է ամբողջական դպրոց մը վերականգնելու ծրագիր, ուր կրթութեան կողքին երեխաներուն կը տրամադրուին նաեւ սնունդ եւ համայնքային աջակցութիւն՝ նպաստելով բնական կեանքի վերականգնման։
Յոյս՝ քաղաքացիական հասարակութենէն
Փիցապալլա նաեւ յայտնեց, որ խաղաղութեան իրական յոյսը կրնայ ծնիլ քաղաքացիական հասարակութենէն, մանաւանդ երիտասարդ սերունդէն, եւ կոչ ուղղեց շարունակելու խօսիլ Սուրբ Երկրի մասին, միջազգային ուշադրութիւնը կենդանի պահելու եւ խաղաղութեան համար աղօթելու։
«Երանելի են հեզերը»
Իր քարոզին մէջ ան ընդգծեց, որ ատելութիւնն ու վրէժխնդրութիւնը ապագայ չեն կրնար կառուցել՝ յիշեցնելով Քրիստոսի պատգամը, թէ «երանելի են հեզերը», որովհետեւ անոնք են, որ կը կերտեն վաղուան ապագան։ Վենետիկի պատրիարքարանը, իր կարգին, յայտարարեց, որ պիտի աջակցի Կազայի նոր դպրոցի կառուցման՝ հաւաքուած հանգանակութիւններու միջոցով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.