2026.02.10 L'Abbate Mkhitar

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը 69)

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

69.- ՄԽԻ­ԹԱ­Ր ՎԵ­ՆԵ­ՏԻ­ԿԻ ԾԵ­ՐԱ­ԿՈՅ­ՏԻՆ ԿԸ ԴԻ­ՄԷ ՎԱՆՔ ՄԸ ՍՏԱ­ՆԱ­ԼՈՒ ՀԱ­ՄԱՐ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Մ­խի­թար Վե­նե­տիկ հաս­նե­լուն ժա­մա­նակ չէր կորսն­ցու­ցած. 171­5ի Ապ­րի­լին, ար­դէն իսկ քա­ռաս­նօ­րեայ ար­գե­լա­րա­նին մէջ եղած ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին, իր ծա­նօթ­նե­րուն մի­ջո­ցով դի­մում­նա­գիր ներ­կա­յա­ցու­ցած էր Տէ­րու­թեան Իշ­խա­նին՝ Վե­նե­տի­կի Տո­ժին եւ Ծե­րա­կոյ­տին՝ Մե­թո­նի մէջ կորսն­ցու­ցած մե­նաս­տա­նին փո­խա­րէն, իրեն եւ տաս­նը­մէկ եղ­բայ­րա­կից­նե­րուն վանք մը յատ­կաց­նե­լու խնդ­րան­քով։ Շատ հա­ւա­նա­բար, Մխի­թար նշած էր նաեւ որ Սան Սեր­վո­լոյի վան­քը կ՚ակն­կա­լէր։­

Ար­դա­րեւ, այս խնդ­րան­քին առիթ եւ հիմ­նա­ւո­րում տուող պատ­մա­կան նա­խադ­րեալ մը կար։­

Երբ 164­7ին օս­մա­նեան նա­ւա­տոր­մը կը յար­ձա­կի Վե­նե­տի­կի Տի­րա­պե­տու­թեան արե­ւե­լեան տա­րածք­նե­րուն մաս կազ­մող Կրե­տէ կղ­զիին վրայ, Հա­սա­րա­կա­պե­տու­թիւ­նը 200 մայ­րա­պետ կը տար­հա­նէ եւ կը տե­ղա­փո­խէ Վե­նե­տիկ, յոյն եւ վե­նետ­կե­ցի կրօ­նա­ւո­րու­հի­նե­րը թշ­նա­մի­նե­րու վայ­րա­գու­թիւն­նե­րէն ազա­տե­լու հա­մար։ Քան­տիայէն (Կ­րե­տէ) փախս­տա­կան մայ­րա­պետ­նե­րը երեք միաբա­նու­թիւն­նե­րու կը պատ­կա­նէին. Բե­նե­դիկ­տեան, Դո­մի­նի­կեան եւ Փրան­կիս­կեան։ Անոնք յու­նա­խօս էին, եւ իւ­րա­քան­չիւր կարգ ու­նէր իր մե­ծա­ւո­րու­հին։ Հե­տեր­նին ու­նէին նաեւ իրենց նա­ժիշտ­նե­րը։ Առ­ժա­մա­պէս զի­րենք կը տե­ղա­ւո­րեն Սան Սեր­վո­լոյ կղ­զին, յու­սա­լով որ շու­տով Կրե­տէն կ՚ա­զա­տագ­րեն եւ կը վե­րաբ­նա­կեց­նեն, իրենց վան­քե­րը վե­րա­դարձ­նե­լով նաեւ մայ­րա­պետ­նե­րը։ Սա­կայն ան­հնար կ՚ըլ­լայ իրա­կա­նաց­նել այս ծրա­գի­րը, եւ յի­սուն տա­րուան ըն­թաց­քին կրօ­նա­ւո­րու­հի­նե­րը կը վախ­ճա­նին։ Վեր­ջին եր­կու իննս­նա­մեայ մայ­րա­պետ­նե­րը՝ Մա­րիա Անյե­զէ տէ Քա՚ Կրե­կոյ եւ Անյե­զէ Էրից­ցա (Maria Agnese de Ca' Grego e Agnese Erizza) զի­րենք խնա­մող յու­նա­խօս եր­կու կի­նե­րուն հետ կը տե­ղա­փո­խուին Քոր­բուս Տօ­մի­նի եւ Սան­թա Մա­րիա Մաճ­ճիորէ վան­քե­րը։ Այս­պէս 171­6ի Յու­նիս 4ին պաշ­տօ­նա­պէս կ՚ա­ւար­տի կրե­տա­ցի յու­նա­խօս կրօ­նա­ւո­րու­հի­նե­րու Սան Սեր­վո­լոյի մէջ կե­ցու­թեան փու­լը։­

Ուս­տի, Մխի­թար կը խնդ­րէր այս օրի­նա­կին վրայ իրեն տրա­մադ­րել այդ կղ­զին, սա­կայն Ծե­րա­կոյ­տը կը մեր­ժէ եր­կու հիմ­նա­ւո­րու­մով. նախ՝ քա­նի որ 10 Յու­նուար 160­4ի օրէն­քը կ՚ար­գի­լէր նոր վա­նա­կան հա­մա­լիր­ներ հաս­տա­տել Վե­նե­տի­կի Տէ­րու­թեան ամ­բողջ տա­րած­քին մէջ։ Երկ­րորդ՝ քա­նի որ Սան Սեր­վո­լոյի վան­քը ար­դէն յատ­կա­ցու­ցած էին զի­նուո­րա­կան հի­ւան­դա­նոց մը կա­ռու­ցե­լու նպա­տա­կով։

­Հե­տե­ւա­բար, հա­զիւ վար­ձա­կա­լած բնա­կա­րա­նին մէջ տե­ղա­ւո­րուած, 1715 թուա­կա­նի Մայի­սին Մխի­թար Աբ­բա­հայր պաշ­տօ­նա­կան նա­մա­կով մը կը դի­մէ «Վա­նո­րէից հո­գա­բար­ձու» պե­տա­կան վար­չու­թեան, խնդ­րե­լով որ դրա­պէս ար­տա­յայ­տուի եւ յայ­տա­րա­րէ որ ոչ մէկ խո­չըն­դոտ կայ իր միաբա­նա­կից­նե­րով Վե­նե­տի­կի մէջ հաս­տա­տուե­լու հա­մար։

Մ­խի­թար գի­տա­կից էր որ հո­րի­զո­նի վրայ սեւ ամ­պե­րու նման լուրջ դժուա­րու­թիւն­ներ կը կու­տա­կուէին, բո­լո­րո­վին տար­բեր արե­ւե­լեան բիրտ բար­բա­րո­սու­թե­նէն, բայց հա­ւա­սա­րա­պէս եւ գու­ցէ աւե­լի դա­ժան եւ ջլա­տիչ... սա­կայն գօ­տեպն­դուած Խա­չեալի եւ Աս­տուա­ծա­մօր հան­դէպ ան­սա­կարկ վս­տա­հու­թեամբ կը յանձ­նա­րա­րէ իր աշա­կերտ­նե­րուն աղօթ­քով հայ­ցել Աս­տու­ծոյ բա­րե­հա­ճու­թիւ­նը։  

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

09/07/2026, 11:07