«Վկաներու բազմութիւնը եւ հաւատքի մէջ տոկուն ըլլալը» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեան
Եբրայեցիս թուղթը գլուխգործոց մըն է, որ գրուած է քաջալերելու համար հալածանքներու ենթարկուող հրեայ-քրիստոնեայ հաւատացեալները։ Անիկա ջերմեռանդօրէն կը փաստէ, թէ Յիսուս Քրիստոս գերազանց է Հին Կտակարանի բոլոր անձնաւորութիւններէն ու դրութիւններէն՝ յորդորելով ընթերցողներուն, որ տոկան իրենց հաւատքին մէջ եւ ետ չդառնան դէպի իրենց հին կեանքին։
Գիրքը իր գագաթնակէտին կը հասնի գործնական շրջադարձով մը։ ԺԱ. (11-րդ) գլուխը հռչակաւոր կերպով կը թուարկէ Հին Կտակարանի հաւատքի հերոսները, որոնք տոկացին՝ առանց տեսնելու Աստուծոյ խոստումներուն կատարումը։ Այս իրականութիւնը կ՚առաջնորդէ հալածանքի ենթարկուող քրիստոնեան վերջնական քաջալերանքին. թօթափելու մեղքը եւ իր հայեացքը Յիսուսի վրայ բեւեռելու։
«Վկաներու բազմութիւնը» (Եբրայեցիս 12:1) ուղղակիօրէն կը վերաբերի 11-րդ գլխուն մէջ թուարկուած Հին Կտակարանի հաւատքի հերոսներուն։ Անոնք կը ներկայանան, որպէս մարզադաշտի մը մէջ հաւաքուած հսկայական ու քաջալերող բազմութիւնը, որ կը մղէ այսօրուան հաւատացեալներուն՝ տոկունութեամբ վազելու իրենց հոգեւոր մրցավազքը։
Այս «Վկաներու Բազմութիւն» արտայայտութիւնը քրիստոնեաներուն համար հիմնական աստուածաշնչական փաստարկ մըն է սուրբերու հաղորդութեան եւ անոնց բարեխօսութիւնը հայցելու աւանդութեան համար: «Վկաները»՝ մեզմէ առաջ գացած սուրբերն ու մարտիրոսները, յատկապէս՝ Եբրայեցիս 11-րդ գլխուն մէջ յիշուածները, մեռած կամ հեռաւոր չեն։ Անոնք կենդանի են Քրիստոսի մէջ եւ աշխուժօրէն կը շրջապատեն հաւատացեալները:
Երբ քրիստոնեայ մը եկեղեցի կը մտնէ, պատերը ծածկուած կը տեսնէ սուրբերու սրբապատկերներով ու որմանկարներով։ Այս տեսողական միջավայրը ուղղակի արտայայտութիւնն է այն իրականութեան, որ հաւատացեալներուն կը յիշեցնէ, թէ իրենք առանձին չեն պաշտեր զԱստուած, այլ՝ Յաղթական Եկեղեցիին հետ մէկտեղ։
Մենք ներկայիս ալ զանազան տեսակի նեղութիւններէ կ՚անցնինք եւ կարիքը ունինք քաջալերանքի ։ Աւելի լաւ ընկերակից եւ քաջալերող չենք կրնար գտնել, քան հաւատքի այդ հերոսները, որոնք իրենց երկնային Վարդապետին նման յաղթեցին այս աշխարհին, եւ հիմա Յիսուսի աջ կողմը կեցած՝ մեզ կը քաջալերեն: Անոնք իրենց կեանքի վկայութեամբ եւ հոգեւոր ներկայութեամբ մեծ նեցուկ են մեզի համար:
Որքա՜ն գեղեցիկ է անոնց ներկայութիւնը եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ՝ մեր տուներէն ներս: Շատ մը քրիստոնեաներ ունին աղօթքի յատուկ անկիւն մը, ուր զետեղած կ՚ըլլան իրենց բարեխօս սուրբին կամ սուրբերու պատկերները, եւ անոնց դիմաց կենալով՝ կ՚աղօթեն ու անոնցմէ օգնութիւն կը խնդրեն: Այդ սուրբերը դիմացան ահռելի հալածանքներու ու չարչարանքներու, տոկացին եւ ստացան փառաց պսակը: Հիմա անոնք մեր կողքին են եւ մեզի կը թելադրեն, որ չյուսահատինք, որովհետեւ մեր բոլոր տառապանքները ոչինչ են գալիք փառքին դիմաց։ Եթէ քիչ մըն ալ դիմանանք, յաւիտենական երջանկութիւնն ու խաղաղութիւնը մերը պիտի ըլլան:
Խնդրենք Աստուծմէ՝ սուրբերու բարեխօսութեամբ, որ մեզի ալ տայ դիմանալու տոկունութիւն, որպէսզի մենք ալ արժանանանք փառաց պսակին, եւ անոնց՝ Աստուածամօր, հրեշտակներուն եւ Ամենասուրբ Երրորդութեան հետ ապրինք յաւիտեան:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.