Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (101)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Վերափոխման շարականին:

ՃԱ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Վերափոխման շարականին:

Հայոց Եկեղեցին իր հոգեզմայլ շարականներով ու աղօթքներով կը մեծարէ Աստուածամօր իւրայատուկ դերակատարութիւնը Քրիստոսի Մարդեղութեան Խորհուրդի իրագործման մէջ, որոնք իր տօնին առթիւ կ'երգուին, ազդեցիկ և մելանուշ եղանակով։ Վերափոխման տօնը հին ժամանակներէ ի վեր ընդունուած է Հայ Եկեղեցիէն և հետզհետէ զարգացած է Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին կարգադրութեամբ: Վերափոխման տօնին կանոնը և շարականները միջնադարեան աղբիւրներուն համաձայն՝ կը վերագրուին Մովսէս Խորենացիի և Յովհան Մանդակունի Հայրապետին (Ե. դար): 

Վերափոխման երկրորդ օրուան շարականին մէջ, առ ի մեծարանք Ս. Աստուածածնին,  ունինք Յիսուսի խոստումը՝ տրուած իր Մօր, զինք իր մօտ՝ երկինք տանելու գեղեցիկ աւանդութեան, զոր շարականագիրը կը նկարագրէ հետեւեալ բառերով. «Ճառագայթ Հօր ծոցածին յորժամ ելեր առ Հայր յերկինս, խոստանայիր բանիւ քոյին ի կատարումն Աստուածածնին, քեզ միայնոյ զօրօք քոյին գալ ի փոխումն միշտ Կուսին»: Դարձեալ, «Լոյսն անքնին ծածկեալ ի ծոց Հօր, որ ծագեցաւ ի քէն մա՛յր եւ կո՛յս, այսօր իջեալ անմարմնական դասուք հրեղինացն` փոխադրեաց զքեզ լուսափայլ ամպովք ի լոյսն անստուեր»:  Մովսէս Խորենացիի (Ե. դար) Վերափոխման շարականը ամենայայտնին է. «Այսօր սուրբերը՝ երանելի առաքեալներն ու սուրբ կոյսերը միասին հաւաքուած՝ լուսաւոր զգեստներով պայծառացած, իրենց լապտերները կը վառէին և միաձայն կ'ըսէին՝ օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ:Այսօր տեսան Ս. Կոյսին օդին մէջ թռչիլը և ամպեղէն կառքով երկինք համբարնալը և երկնային խորաններու մէջ մտնելը իմաստուն կոյսերուն հետ. և անոնք միաձայն կ'ըսէին՝ օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ»: Այսուհետեւ, «Մարիամ Աստուածամայր» տօնակատարումէն «Մարիամ Վերափոխեալ» տօնախմբումին անցումը կը շեշտուի և այդ ամէնը հաստատած է նաեւ Մովսէս քերթողահայրը Վերափոխման շարականի առաջին պատկերին մէջ:Ապա Ներսէս Շնորհալին նոյնիմաստ բովանդակութեամբ եղանակած է Ս. Աստուածածնի Վերափոխման կանոնի երկրորդ եւ երրորդ օրերու շարականներուն մէջ, եւ Կիրակոս վարդապետը եւս՝ Վերափոխման կանոնի իր «Արեւելք Գերարփի» շարականին մէջ: Արդարեւ, Մարիամ մնաց անբիծ, եղաւ Ամենասրբուհին և նման սրբութեամբ զարդարուած և հաճելի Բարձրեալին՝ չէր կրնար արքայութեան մէջ ըլլալ, եթէ ոչ հոգիով և լուսաւորեալ մարմինով»: Պատշաճ էր, որ Մարիամ պսակուէր իր յաղթութեան համար ընդդէմ ապականութեան, որ հետեւանքն էր սկզբնական մեղքին:

Ապականութեան յանցանքնը ծաւալեցաւ ամէն կողմ, սակայն կասեցաւ յանդիման Մարիամի, որուն սրբութիւնը ամենեւին եզական էր ամբողջ արարչագործութեան մէջ, որովհետեւ այդ սրբութիւնը պահանջքն էր անոր կոչումին: Եթէ Յիսուս Մարիամն ուզեց իր աջին իբր իր Մայրը և Թագուհի, միայն իր և Մարիամի ուրախութեան համար չէր, այլ՝ որպէս զի Աստուածամայրը իր աստուածահաճոյ բարեխօսութիւնը դնէր ի սպաս ամէն դարերու հաւատացեալներուն, որոնք հաւատքով, վստահութեամբ և սիրով կը հայցեն անոր բարեխօսութիւնը: Իսկապէ՛ս, Ս. Կոյսին նուիրուած շարականները այնքան գեղեցկօրէն հիւսուած են, որ կարծես խօսքէ գոհարներ ըլլան, յատկապէս Մեծացուսցէները, որոնք կը վերագրուին Մովսէս Քերթողին: Գրական գոհարներ են նաեւ Աստուածածնի նուիրուած տաղերն ու մեղեդիները Ս. Գրիգոր Նարեկացիի գրչին պատկանող:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

28/08/2026, 07:49