«Խաղաղութեան հասնելու միակ ուղին երկխօսութիւնն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը յիշելով «Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ բռնկուած օջախները»

Մտահոգութեամբ տեղեկացայ, որ այս ժամերուն կովկասեան տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան նոր օջախներ բռնկուած են։ Շարունակենք աղօթել, որպէսզի նաեւ այս տարածքներուն մէջ խաղաղ բանավէճերը ու ներդաշնակութիւնը յաղթեն հակառակութեան, և որպէսզի աշխարհը սորվի խաղաղութիւն կառուցել՝ նաև սահմանափակելով սպառազինութիւններու մրցավազքը և պատերազմի հսկայական ծախսերը վերածելով ժողովուրդներու շօշափելի աջակցութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր Խաչվերացի տօնին օրը հոգեպէս մենք մեզ մօտիկ զգանք Օժիորնոյէյի Խաղաղութեան Թագուհի ազգային սրբավայրին ուր կը գտնուի հսկայական խաչը, որուն վրայ գրուած է «Ղազախստանի ժողովուրդին երախտագիտութիւն» եւ «մարդոց խաղաղութիւն։ Երախտագիտութիւնը Տիրոջ` Աստուծոյ սուրբ ժողովրդին համար, որ կ՛ապրի այս մեծ երկրին մէջ կը միանայ այդ ժողովուրդի յանձնառութեան խթանելու երկխօսութիւնը եւ կը վերածուի խաղաղութեան կոչի, խաղաղութիւն, որուն ծարաւն ունի մեր աշխարհը»։ Խօսքերն են ասոնք զոր արտասանեց Ֆրանչիսկոս Պապը Նուր Սուլթանի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց` որոնք կազմակերպեցին պատարագը ու իր երախտապարտութեան զգացումները փոխանցելով քաղաքական, քաղաքացիական ու կրօնական Իշխանութիւններուն ու նաեւ բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք ժամանած են Կեդրոնական Ասիայի տարբեր շրջաններէն մասնակցելու համար արարողութեան։

Չի վարժուինք պատերազմին

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա պատերազմեցրու հետեւանքով մարտիրոսացած վայրերը, յատկապէս Ուքրանիան, ըսաւ Ան, կոչ ուղղելով չի վարժուելու պատերազմին եւ չի յանձնուելու Անոր անխուսափելիութեան։

«Օգնութեան հասնինք անոր, որ կը տառապի ու պնդենք, որպէսզի ջանք դափուի ձեռք բերելու խաղաղութիւնը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը հարց տալով. «քանի մահեր պէտք է տակաւին, նախ քան հակադրութիւնները իրենց տեղը զիջին երկխօսութեան` մարդոց, ժողովուրդներուն ու մարդկութեան բարիքին համար»։

«Միակ ելքի ճամբան խաղաղութիւնն է եւ անոր հասնելու միակ ուղին երկխօսութիւնն է» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը, որ ապա  ակնարկելով վերջին օրերուն Հայաստանի գերիշխան հանրապետութեան դէմ կատարուած ատրպէյճանական յարձակումին, նշեց.

“Մտահոգութեամբ տեղեկացայ, որ այս ժամերուն կովկասեան տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան նոր օջախներ բռնկուած են։ Շարունակենք աղօթել, որպէսզի նաեւ այս տարածքներուն մէջ խաղաղ բանավէճերը ու ներդաշնակութիւնը յաղթեն հակառակութեան, և որպէսզի աշխարհը սորվի խաղաղութիւն կառուցել՝ նաև սահմանափակելով սպառազինութիւններու մրցավազքը և պատերազմի հսկայական ծախսերը վերածելով ժողովուրդներու շօշափելի աջակցութեան։”

Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան այս բանին, շնորհակալութիւն ձեզի ու բոլոր անոնց, որոնք միութեան եւ խաղաղութեան պատգամաւորներն են ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2022, 14:31