Ֆրանչիսկոս Պապ նոյեմբերին կ՜այցելէ Պահրէյնի Թագաւորութիւնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 28 սեպտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, տիար Մաթթէօ Պրունի յայտարարութիւն մը հրապարակեց տեղեկացնելով, որ յառաջիկայ 3էն-6 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս ՊապԸ առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի մեկնի Պահրէյնի Թագաւորութիւն։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Ընդառաջելով եկեղեցական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հրաւէրին, Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի կատարէ, յայտարարուած առաքելական ճամբորդութիւնը Պահրէյնի Թագաւորութիւն, այս տարուայ 3-էն-6 նոյեմբերին, այցելելով Մանամա եւ Ավալի քաղաքները, Պահրէյնի մէջ երկխօսութեան նուիրուած «Արեւելք եւ Արեւմուտք, յանուն մարդկային համակեցութեան» խորագիրով վեհաժողովին առթիւ։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ «այցելութեան օրակարգն ու յաւելեալ տեղեկութիւնները պիտի յայտարարուին յառաջիկային»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ