Քինշասայէն Ճուպա, Սրբազան Պապին ճամբորդութեան չորրորդ օրը

Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առնելով Քինշասայէն կ՛ուղղուի Հարաւային Սուտանի մայրաքաղաք Ճուպա ուր Անոր կը միանան Քանթըրպուրրի Առաջնորդը եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ Վարիչը տրուած ըլլալով որ Հարաւային Սուտանի այս առաքելական այցելութիւնը ունի համամիութենական բնոյթ։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ուրբաթ 3 փետրուարը Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական միջազգային 40րդ ճամբորդութեան չորրորդ օրն է։ Նորին Սրբութեան յայտագիրը կը նախատեսէ հրաժեշտ Քինշասայէն ու մեկնում դէպի ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան Հարաւային Սուտան։

Հանդիպում Եպիսկոպոսներուն հետ

Առաւօտեան կանուխ Ֆրանչիսկոս Պապը Առաքելական Պալատիին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Նուիրակութեան նուիրատուներուն հետ եւ կ՜ողջունէ Նուիրակութեան աշխատակազմի անդամները ապա կը փոխադրուի Նուիրակութեան մօտակայքը գտնուող Քոնկոյի ազգային Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կեդրոն, ուր հանդիպում կ՛ունենայ Երկրին եպիսկոպոսներուն հետ` անոնց ուղղելով իր պատգամը։

Հրաժեշտ եւ մեկնում

Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Պապը հրաժեշտ կ՜առնէ եպիսկոպոսներէն ու կ՛ուղղուի Քինշասայի Նտժիլի միջազգային օդակայան ուր Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութիւն նախագահի ներկայութեամբ տեղի ունեցած հրաժեշտի արարողութեան աւարտին կը բարձրանայ օդանաւ եւ վերջին հայեացքն ու ողջոյնը տալէ ետք Քինշասային իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան եւ լրագրողներուն հետ միասին կը մեկնի ուղղուելով ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող` Հարաւային Սուտանի մայրաքաղաք Ճուպա, ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամով 15ին (հռոմի ժամով 14ին)։

Ժամանում Ճուպա

Արդարեւ 3 ժամ 20 վայրկեան տեւած թռիչքէ մը ետք Սրբազան Պապը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կը կատարէ Ճուպայի միջազգային օդակայան ուր Քահանայապետը կը դիմաւորուի Հարաւային Սուտանի մօտ առաքելական նուիրակ` Գերապայծառ Հուպերթուս Մաթէուս Մարիա Վան Մեկենի կողմէ ապա օդանաւի ոտքին կը հիւրընկալուի Հարաւային Սուտանի նախագահ Տիար Սալվա Քիիր Մայարտիթի կողմէ։

Օդակայանին մէջ կայացած Փրոթոքոլային բարի գալուստի արարողութենէն ետքը Սրբազան Պապը հակիրճ հանդիպում կ՛ունենայ նախագահին հետ ապա կ՛ուղղուի Ճուպայի նախագահական պալատ, իրեն ընկերակից ունենալով Քանթըրպուրրի Առաջնորդը եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ Վարիչը, տրուած ըլլալով որ Հարաւային Սուտանի այս առաքելական այցելութիւնը ունի համամիութենական բնոյթ։

Այց նախագահին 

Նախագահական պալատ ժամանելուն Քահանայապետը, Քանթըրպուրրի Առաջնորդը եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ Վարիչը կը դիմաւորուին Երկրի Նախագահին կողմէ ապա խմբային պատկերէն ետքը Քահանայապետն ու Նախագահը կ՛ունենան առանձնական հանդիպում մինչ նախագահական պալատի «Board Room»ին մէջ Երկրին փոխ նախագահները կը հանդիպին Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարի, Քրիստոնեաներու միութեան խթանումի վերատեսչութեան Վերատեսուզի, Պետական Քարտուղարութեան տեղակալի, Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու քարտուղարի, Պապակն Նուիրակի, Քանթըրպուրրի Առաջնորդին ու Սքովտիայի Եկեղեցւոյ վարիչին հետ։

Իշխանութիւններուն հետ հանդիպում

Քահանայապետին եւ նախագահին միջեւ կայացած առանձնական հանդիպումէն ետքը Սրբազան Պապն ու նախագահը կը միանան փոխ նախագահներուն ու քահանայապետի պատուիրակութեան անդամներուն ու հակիրճ հանդիպումէ ետք բոլորը միասին կը փոխադրուին Նախագահական պալատի այգի, ուր նախատեսուած է հանդիպում մը քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, որուն ընթացքին ելոյթ կ՜ունենան նախագահը, Քանթըրպուրրիի Առաջնորդը եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ Վարիչը ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛արտասանէ Հարաւային Սուտանի ճամբորդութեան առաջին ճառը։

Հանդիպումի աւարտին Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի Ճուպայի Առաքելական Պալատ, որ այս օրերուն կը հանդիսանայ անոր նստավայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2023, 07:52