Ո՞վ է մարգարէն. Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւն

Մենք պէտք է զիրար ունկնդրենք որովհետեւ «Սուրբ Հոգին մարգարէութեան շնորհքը բաժնեց համայն Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդին» ուստի հարկաւոր է որ անոր օգնութիւնը հայցելէն ետքը ունկնդրենք ու զրուցենք միասին այն վստահութեամբ թէ իւրաքանչիւրը` նոյնիսկ ամենափոքրը բան մը ունի ըսելիք, մարգարէական պարգեւ մը ունի կիսելիք։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 2 Յուլիս 2023ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, որուն առիթով ներկայացուց նաեւ խորհրդածութիւն մը մեկնաբանելով օրուան աւետարանական հատուածը, քաղուած Մատթէոս Աւետարանիչէն (Մատթ 10,41) ուր Յիսուս կ՛ըսէ. «Ան որ մարգարէ մը կ՛ընդունի իբրեւ մարգարէ մարգարէի վարձք կ՜առնէ»։

Ընկալել մարգարէները

«Ան կը խօսի մարգարէի մասին սակայն ո՞վ է մարգարէն» հարց տուաւ Քահանայապետը նկատել տալով, թէ ոմանք զայն կը ներկայացնեն որպէս ապագան գուշակող կախարդ մը, «բայց այս մէկը սնահաւատութիւն է» նշեց Նորին Սրբութիւնը ապա ըսաւ, թէ «ուրիշներ մարգարէն կը նկարագրեն, որպէս անցեալի անձնաւորութիւն մը, որ գոյութիւն ունէր Քրիստոսէն առաջ, հռչակելու համար Անոր գալուստը։ Բայց Յիսուս կը շարունակէ խօսիլ մարգարէները ընկալելու հարկաւորութեան մասին, ուստի անոնք տակաւին գոյութիւն ունին» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Մեզմէ իւրաքանչիւրս մարգարէ է

«Մարգարէն սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր մեզմէ իւրաքանչիւրս է, որ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի միջոցաւ ընդունեցանք մարգարէութեան շնորհքն ու առաքելութիւնը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով, որ «մարգարէն ան է որ մկրտութեան ուժով միւսները կ՛օգնէ կարդալու ներկան Սուրբ Հոգիի ներգործութեան տակ, ու հասկնալու Աստուծոյ ծրագիրները ու անոնց համապատասխանելու։ Այլ խօսքով ան այն անձն է, որ ուրիշներուն ցոյց կու տայ Յիսուսը, զԱյն կը վկայէ եւ կ՛օգնէ ներկան ապրելու ու կառուցելու ապագան Յիսուսին ծրագիրներուն համաձայն։ Ուստի, եզրակացուց Ֆրանչիսկոս Պապը, բոլորս ալ մարգարէներ ենք, Յիսուսին վկաները, որպէսի Աւետարանին զօրութիւնը ցոլայ առօրեայի, ընտանեկան ու ընկերային կեանքին մէջ (Lumen Gentium, 35)։

Իրար զիրար ընկալել եւ ունկնդրել

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու. «Ես կը խօսի՞մ եւ ամենէն առաջ կ՛ապրի՞մ որպէս Յիսուսին վկան։ Որեւէ մէկու մը կեանքին մէջ քիչ մը լոյս կը տանիմ։ Ի՞նչպէս կ՛ընթանայ իմ մարգարէութիւնս, իմ վկայութիւնս»։

«Տէրը Աւետարանին մէջ կը խնդրէ նաեւ ընկալել մարգարէները, ուստի կարեւոր է, որ մենք իրար զիրար ընկալենք, որպէս մարգարէներ, որպէս Աստուծոյ պատգամը տանողներ, իւրաքանչիւրը իր կոչումին համաձայն, եւ այս մէկը ընել այն վայրերուն մէջ ուր կ՛ապրինք` ընտանիքին, ժողովրդապետութիւններուն, կրօնական հասարակութիւններու ու Եկեղեցւոյ եւ Ընկերութեան այլ վայրերուն մէջ»։

Նոյնիսկ ամենափոքրը ունի յատուկ պարգեւ

Մենք պէտք է զիրար ունկնդրենք որովհետեւ «Սուրբ Հոգին մարգարէութեան շնորհքը բաժնեց համայն Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդին» ուստի հարկաւոր է որ անոր օգնութիւնը հայցելէն ետքը ունկնդրենք ու զրուցենք միասին այն վստահութեամբ թէ իւրաքանչիւրը` նոյնիսկ ամենափոքրը բան մը ունի ըսելիք, մարգարէական պարգեւ մը ունի կիսելիք։

Այդպէս է, որ կ՛որոնուի ճշմարտութիւնը եւ կը տարածուի Աստուծոյ եւ եղբայրներու ունկնդրութեան եղանակը, որուն մէջ անհատները իրենք զիրենք ընկալուած կը զգան ոչ որովհետեւ մեզի հաճելի բաներ կ՛ըսեն այլ որովհետեւ ընկալուած են եւ արժեւորուած որպէս պարգեւներ։

Իւրաքանչիւրս կարիքը ունի միւսներէն սորվելու

«Քանի հակամարտութիւններ կարելի էր կանխել և լուծել ունկնդրելով ուրիշները իրար հասկանալու անկեղծ ցանկութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց այլ հարցեր տալ մենք մեզի. «ես գիտե՞մ եղբայրներն ու քոյրերը ընկալել, որպէս մարգարէական պարգեւներ։ Կը հաւատա՜մ թէ իրենց կարիքը ունիմ։ Զանոնք յարգանքով կ՛ունկնդրե՞մ, անոնցմէ բան մը սորվելու ցանկութեամբ։ «Որովհետեւ , հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը, իւրաքանչիւրս կարիքը ունի միւսներէն սորվելու»

«Մարիամ Մարգարէներու Թագուհիին թող օգնէ մեզի տեսնելու եւ ընկալելու բարին զոր Սուրբ Հոգին սերմանած է միւսներուն մէջ» եղան Նորին Սրբութեան խորհրդածութեան վերջին խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2023, 12:16

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >