Մարգարիտին առակը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան։

«Լաւ պիտի ըլլար այսօր ըսել. Յիսուս դուն իմ ամենամեծ բարիքն են» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հայցեց Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզի օգնէ փնտռելու, գտնելու եւ ողջագուրելու Յիսուսը` մեր ամբողջ էութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

 «Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը վաճառական մարդու մը նման է, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ. Եւ պատուական մարգարիտ մը գտնելով, կ’երթայ իր բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու զանիկա կը գնէ»։ Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած այս հատուածը (Մատթ. 13,46) առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Կիրակի 30 Յուլիսի Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան, որուն վրայ հիմնուելով Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ վաճառականին կատարած երեք արարքներուն վրայ` փնտռել, գտնել ու ապա գնել գեղեցիկ մարգարիտը։

Փնտռել

«Անիկայ նախաձեռնող վաճառական մըն էր, դուրս կու գայ տունէն փնտռելու համար մարգարիտը. Չի բաւարարուիր ըսելով «ինծի բաւարար է այն ինչ որ ունիմ», այլ կը փնտռէ աւելի գեղեցիկը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով որ այս մէկը հրաւէր է նաեւ մեզի համար «չփակուելու սովորութիւններուն միջակութեան ու բաւարարութեան մէջ, այլ արթնցնելու իղձը, մշակելու համար բարիի երազներ ու փնտռելու Տիրոջ նորութիւնները»։

Գտնել

Խօսելով գտնել արարքին մասին Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ վաճառականը ճարպիկ էր եւ կը հասկնայ մարգարիտին մեծ արժէքը։

«Այս մէկը եւս դաս մըն է մեզի» նշեց Քահանայապետը, ամէն օր տան մէջ, ճամբուն վրայ, աշխատանքի վայրին մէջ, արձակուրդներու ժամանակ մենք կարելիութիւնը ունինք նշմարելու բարին ու շատ կարեւոր է գիտնալ գտնել այն ինչ որ արժէքաւոր է` կեանքին մարգարիտները, ու զանոնք զանազանել դիւրափշուր բաներէ...ժամանակ չվատնենք ապարդիւն բաներու համար մինչ կեանքը մեզի կը ներկայացնէ Աստուծոյ եւ ուրիշներուն հետ հանդիպելու թանկարժէք մարգարիտը» յարեց ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Գնել

Վերջին արարքը` գնել մարգարիտը։ Վաճարականը իր բոլոր ունեցածը կը վաճառէ զայն ձեռք բերելու համար։ Անիկա կը դառնայ իր կեանքին իմաստը եւ այս մէկը եւս հրաւէր է մեզի` ի միտ ունենալու կեանքի ամենէթանկագին մարգարիտը` նոյնինքն Յիսուսը, զոր պէտք է փնտռել, գտնել եւ մերը դարձնել, որովհետեւ Անոր հետ մեր կեանքը ամբողջութեամբ կը փոխուի։

Քահանայապետը խորհրդածութիւնը եզրափակեց դարձեալ շեշտը դնելով երեք արարքներուն վրայ` փնտռել, գտնել ու գնել ու հրաւիրեց հարցեր տալ, եթէ մենք մեր կեանքին մէջ այդ արարքները կը կատարենք ու եթէ Յիսուսին առաջնահերթութիւն կու տանք, եթէ զայն կը նկատենք մեր կեանքին ամենամեծ բարիքը։

«Լաւ պիտի ըլլար այսօր ըսել. Յիսուս դուն իմ ամենամեծ բարիքն ես» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հայցեց Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզի օգնէ փնտռելու, գտնելու եւ ողջագուրելու Յիսուսը` մեր ամբողջ էութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2023, 12:08

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >