Ամէն օր աւելի վեր բարձրանանք ծառայութեան եւ գովաբանութեան ընդմէջէն. Վերափոխման տօնին Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ Վերափոխման հանդիսաւոր օրը, եկէք խորհրդածենք անոր մասին, երբ մարմնով ու հոգիով կը բարձրանայ դէպի Երկնքի փառքը»։ Այսպէս սկսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը` ըստ Լատինաց Վերափոխման տօնին առիթով, 15 օգոստոսին, արտասանած Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը։
«Նոյնիսկ այսօրուայ Աւետարանը զայն կը ներկայացնէ, երբ ան կը բարձրանայ, այս անգամ դէպի «լեռնային շրջան» (Ղուկաս 1:39), որպէսզի օգնութիւն մատուցէ իր զարմիկին՝ Եղիսաբեթին, և այնտեղ է որ Ան կ՛արտասանէ Մեծացուսցէի ուրախալի օրհներգը» շարունակեց Սրբազան հայրը եւ աւելցուց. «Մարիամը կը բարձրանայ, և Աստուծոյ Խօսքը մեզի կը բացայայտէ այն ինչ որ զայն կը բնութագրէ երբ ան կը բարձրանայ՝ ծառայութիւն մերձաւորին և գովաբանութիւն Աստուծոյ:Մարիամը ծառայութեան կինն է, Մարիամը Աստուած փառաբանող կինն է: Աւելին, Ղուկաս աւետարանիչը Քրիստոսի կեանքը եւս կը պատմէ որպէս վերելք դէպի բարձունք, դէպի Երուսաղեմ, ինքնազոհութեան վայր` խաչին վրայ և նոյն կերպով կը նկարագրէ Մարիամի ճանապարհորդութիւնը. Մէկ խօսքով, Յիսուսն ու Մարիամը նոյն ճանապարհէն կ՛անցնին. երկու կեանք, որոնք վեր կը բարձրանան՝ փառաբանելով Աստուած և ծառայելով իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն. երկու կեանք, որոնք կը յաղթեն մահուան և յարութիւն կ՛առնեն. երկու կեանք, որոնց գաղտնիքը ծառայութիւնն ու գովքն են» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու շեշտը դրաւ ծառայութիւն ու գովաբանութիւն բառերուն վրայ:
Ծառայութիւնը
«Ծառայութիւնը։ Մենք կը բարձրանանք այն ժամանակ երբ կը հպինք ծառայելու համար մեր եղբայրներուն և քոյրերուն. սերն է, որ կը բարձրացնէ կեանքը» հաստատեց Սրբազան Պապը դիտել տալով որ «ծառայելը դիւրին չէ» ու Տիրամայրը որ նոր յղի դարձած էր, Նազարէթէն 150 քիլոմեթր կը կտրէ Եղիսաբեթի տունը հասնելու համար»:
«Օգնելը սուղ կ՛արժէ։ Ու մենք այս մէկը կը փորձարկենք՝ ուրիշներու հոգ տանելու ջանքերուն, համբերութեան և անհանգստութիւններու ժամանակ» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը այս ուղղութեամբ ներկայացնելով առօրեայ կեանքէն զանազան օրինակներ ու հաստատելով, որ «թէեւ յոգնեցուցիչ է բայց դէպի վեր բարձրանալը կը նշանակէ շահիլ Երկինքը»:
Գովաբանութիւնը
«Ծառայութիւնը սակայն կարող է անպտղաբերութեան վտանգի տակ ըլլայ առանց Աստուծոյ փառաբանութեան։ Իրականին մէջ, երբ Մարիամը կը մտնէ իր զարմիկին տունը, կը փառաբանէ Տէրը։ Ան չի խօսիր ճամբորդութեան իր յոգնութեան մասին, այլ անոր սրտէն կը ժայթքի ուրախ երգ մը։ Որովհետև ով որ Աստուած կը սիրէ, գիտէ գովաբանել» ըսաւ ապա Քահանայապետը ու աւեցլուց- «Գովաբանութիւնը կ՛աւելցնէ ուրախութիւնը: Գովաբանութիւնը նման է սանդուխի մը, որ սրտերը դէպի վեր կը տանի։ Գովաբանութիւնը կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը և կը յաղթահարէ յանձնուելու փորձութիւնը»։ Ան ապա գեղեցիկ ու լաւ նկատեց «ամէն օր փառաբանել Աստուած» ու «ափսոսանքի ու բողոքի փոխարէն երախտագիտութեամբ ու օրհնութեամբ ապրիլ, ու փոխանակ վիզը կախ ապրելու հայեացքը սեւեռել դէպի վեր»։
Վեր բարձրանանք ծառայութեան եւ գովաբանութեան միջոցաւ
«Ծառայութիւն և գովաբանութիւն: Փորձենք մենք մեզի հարցեր տալ այս մասին՝ թէ արդեօք ես աշխատանքն ու ամենօրեայ զբաղմունքս կ՛ ապրիմ ծառայողական հոգիով: Եթէ ես կը նուիրում մէկու մը առանց անմիջական օգուտներ փնտռելու: Մէկ խօսքով, եթէ ես ծառայութիւնը կը նկատեմ կեանքիս «ցատկահարան»։ Եւ մտածելով փառաբանութեան մասին` կարո՞ղ եմ Մարիամի նման ուրախանալ Աստուծմով (հմմտ. Ղուկաս 1:47): Կ՛աղօթեմ օրհնաբանելով Տէրը։ Ու զայն գովաբանելէն ետքը Անոր ուրախութիւնը կը տարած՞եմ այն մարդոց միջեւ որոնց կը հանդիպիմ։ Իւրաքանչիւրդ պատասխան թող տայ այս հարցումներուն» ըսաւ Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով մեր Մօր Սուրբ Կոյս Մարիամին օգնութիւնը` «Մեր Մայրը որ համբարձաւ Երկինք մեզի թող օգնէ որպէսզի ամէն օր բարձրանանք աւելի վեր ծառայութեան եւ գովաբանութեան ընդմէջէն» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ