«Աստուծոյ արդարութեան չափանիշը սէրն է». Ֆրանչիսկոս Պապ

Այգիին բանուորներու առակը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին 24 սեպտեմբերի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Երկնքի թագաւորութիւնը տանտէրի մը նման է, որ առտուն կանուխ ելաւ՝ իր այգիին համար բանուորներ բռնելու։ Եւ բանուորներուն հետ օրը մէկ դահեկանի համաձայնեցաւ ու զանոնք ղրկեց իր այգին։ Ժամը երեքին ատենները ելաւ՝ ուրիշներ տեսաւ, որոնք շուկային մէջ պարապ կայներ էին, Ըսաւ անոնց. «Դուք ալ գացէք իմ այգիս եւ ինչ որ արժան է՝ կու տամ ձեզի»։ Անոնք ալ գացին։ Ապա ժամը վեցին եւ ժամը իննին ատենները ելաւ՝ նոյնը ըրաւ։ Ժամը տասնըմէկին ատենները ելաւ, ուրիշներ գտաւ՝ որոնք պարապ կայներ էին, անոնց ալ ըսաւ. «Ինչո՞ւ հոս բոլոր օրը պարապ կայներ էք»։ Ըսին իրեն. «Անոր համար որ մէ՛կը մեզ վարձքով չբռնեց»։ Ըսաւ անոնց. «Դուք ալ այգին գացէք ու ինչ որ արժան է՝ պիտի առնէք»։ Իրիկունը, այգիին տէրը իր տնտեսին ըսաւ. «Բանուորները կանչէ եւ անոնց վարձքը տուր՝ վերջիններէն սկսելով մինչեւ առաջինները»։ Երբ եկան անոնք որ ժամը տասնըմէկին գացեր էին, մէյ մէկ դահեկան առին։ Առաջինները գալով՝ կը կարծէին թէ աւելի պիտի առնեն, բայց անոնք ալ առին մէյ մէկ դահեկան։ Երբ առին՝ տանտիրոջ դէմ տրտունջ ըրին ու ըսին. «Այդ վերջինները մէկ ժամ գործեցին, բայց մեզի հաւասար ըրիր, որ օրուան ծանրութիւնը ու տաքութիւնը քաշեցինք»։ Անիկա պատասխան տուաւ անոնցմէ մէկուն ու ըսաւ. «Ընկե՛ր, ես քեզ չեմ զրկեր. չէ՞ որ դուն ինծի հետ մէկ դահեկանի համաձայնեցար. Ա՛ռ քուկդ ու գնա՛. կ’ուզեմ որ այս վերջինին քեզի տուածիս չափ տամ։ Միթէ ես իշխանութիւն չունի՞մ իմ բաներուս վրայ՝ ինչ որ ուզեմ ընելու. կամ թէ քու աչքդ չա՞ր է՝ որ ես բարերար եմ»։ Այսպէս յետինները առաջին պիտի ըլլան եւ առաջինները յետին. վասն զի կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները քիչ»։

Ունկնդրէ լուրը

Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած այս հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին 24 սեպտեմբերի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, զոր Ան աւանդութեան համաձայն ներկայացուց իր գրասենեակի պատուհանէն Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։

Աստուծոյ արդարութեան չափանիշը

«Այսօրուան Աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ զարմանալի առակ մը» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով, որ տանտէրին ըրածը կարծես անարդարութիւն մը ըլլար ու յստակացնելով որ «առակը պէտք չէ կարդալ օրուան վարձքի չափանիշի համաձայն» ու թէ անիկա «մեզի ցոյց կ՛ուզէ տալ Աստուծոյ չափանիշերը, որ մեր արժանիքներուն հաշիւը չընէր այլ մեզ կը սիրէ որպէս զաւակներ»։

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը շեշտը դրաւ առակին մէջ պարունակուած երկու արարքներու վրայ. Առաջին` Աստուած դուրս կու գայ բոլոր ժամերուն մեզ կոչելու համար ու Երկրորդ` բոլորը կը վարձատրէ նոյն վարձատրութեամբ։

Աստուած մեզ կը փնտռէ օրուան բոլոր ժամերուն

«Առակը կը պատմէ, որ տանտէրը դուրս ելաւ առաւօտ կանուխ բանուորներ բռնելու իր այգիին համար, բայց ետքը կը շարունակէ դուրս գալ օրուան տարբեր ժամերուն` մինչեւ արեւին մար մտնելը։ Այսպէսով կը հասկնանք, որ աշխատողները միայն մարդիկը չեն այլ եւ ամենէ առաջ Աստուած է, որ միշտ դուրս կու գայ, համայն օրուան ընթացին» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով, որ «Աստուած չի սպասեր մեր ջանքերուն մեզի դէմ յանդիման գալու համար, Ան մեզ չի քններ գնահատելու համար մեր արժանիքները նախ քան մեզ կոչելը, անիկա չի յանձնուիր եթէ մենք ուշանանք անոր պատասխանելու, ընդհակառակը Ինքն է` որ յանձն առաւ նախաձեռնութիւնը եւ Յիսուսի միջոցաւ դուրս եկաւ դէպի մեզի, մեզի յայտնելու համար իր սէրը» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը, հաստատելով` որ «Ան մեզ կը փնտռէ օրուան բոլոր ժամերուն։ Անոր սրտին համար երբեք ուշ չէ, ան միշտ կը փնտռէ մեզ ու կը սպասէ»։

Աստուած մեզ կը վարձատրէ իր սիրով

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա երկրորդ արարքին` բոլորը վարձատրել նոյն «դահեկանով» որ իր սէրն է։ Ահա այս է առակին նշանակութիւնը, վերջին ժամուան բանուորները կը վարձատրուին առաջիններուն նման, որովհետեւ Աստուծոյ արդարութիւնը աւելի մեծ արդարութիւն է։ Մարդկային արդարութիւնը կը պահանջէ, որ իւրաքանչիւրին տրուի իր արժանիքին համաձայն բայց Աստուծոյ արդարութիւնը սէրը չի չափեր մեր արժանիքներու կշիռքին վրայ, Աստուած մեզ կը սիրէ, կը սիրէ որովհետեւ զաւակներ ենք ու այդ կ՛ընէ ձրի եւ անվերապահ սիրով», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, դիտել տալով, որ մենք շատ անգամ Աստուծոյ հետ կը յարաբերինք «վաճառականութեամբ», աւելի շատ կենդրոնանալով մեր հմտութիւններուն վրայ, քան Անոր շնորհքի առատաձեռնութեան վրայ:

Խուսափինք հաշուարկներու վանդակէն

«Շատ անգամ որպէս Եկեղեցի փոխանակ դուրս ելլելու օրուան բոլոր ժամերուն ու մեր բազուկները տարածելու բոլորին, մենք մեզ կը նկատենք դասարանի առաջինները եւ կը դատենք միւսները, որոնք հեռու են, առանց մտածելու, որ Աստուած կը սիրէ նաեւ զիրենք, մեզի հանդէպ ունեցած միեւնոյն սիրով» ըսաւ Քահանայապետը նշելով նաեւ, որ «նոյնիսկ մեր յարաբերութիւններուն մէջ, որոնք հասարակութեան կառուցուածքն են, մեր իրականացուցած արդարութիւնը երբեմն չի խուսափիր հաշուարկներու վանդակէն»։

Սրբազան Պապը առ այդ հրաւիրեց հարց տալ «ես որպէս քրիստոնեայ, գիտե՞մ դուրս գալ ու երթալ դէպի միւսները։ Առատաձե՞ռն եմ բոլորի նկատմամբ։ Գիտե՞մ Յիսուսին սորվեցուցածին համաձայն աւելիով նուիրել հասկացողութիւն ու ներում» Ան ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին օգնութիւնը «որպէսզի դարձի գանք ու ընկալենք Աստուծոյ չափանիշը` որ անվերապահ ու անհուն սիրոյ չափանիշն է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2023, 12:07

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >