Il Papa caduto a S.Marta, contusione all'avambraccio

Սրբազան Պապը վիրաւորած է աջ նախաբազուկը

Ան այսօր առաւօտեան Սանթա Մարթայի իր տան մէջ փոքրիկ արկած մը ունեցաւ որուն պատճառով աջ նախաբազուկը հարուած մը ստացաւ բայց առանց կոտրուածքներու։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

«Այսօր առաւօտեան Սանթա Մարթայի իր տան մէջ Քահանայապետը փոքրիկ արկած մը ունեցաւ որուն պատճառով աջ նախաբազուկը հարուած մը ստացաւ բայց առանց կոտրուածքներու։ Նախազգուշացումի համար բժիշկները որոշեցին ձեռքը անշարժացնել»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը որուն պէտք է աւելցնել որ Քահանայապետը հակառակ այս արկածին շարունակեց իր օրուան գործունէութիւնը եւ օրակարգին վրայ նախատեսուած հանդիպումները որոնց շարքին էր Պարենային անվտանգութեան համաշխարհային կոմիտէի նախագահ` Տիկ Nosipho Nausca-Jean Jezile-ի հետ հանդիպումը։

 

 

 

 

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2025, 13:00