2025.01.18 Membri della Fondazione della Guardia Svizzera Pontificia

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Վերոնայի Կաթողիկէ Հիմնարկի պատուիրակութիւնը

«Չմոռանանք, որ դրամը աւելի շատ կու տայ, երբ ներդրուած է ի շահ ուրիշներու։ Ասիկա շատ կարևոր է, շատ վատ վիճակ մը կայ, այժմ, ներդրումներու իմաստով։ Որոշ երկիրներուն մէջ ամենաշատ շահոյթ ստացող ներդրումները զէնքի գործարաններն են. ներդրումներ սպանելու համար: Այս մարդիկը խելագար են։ Ասիկա ձեռնտու չէ ժողովրդին» ըսաւ Սրբազան Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 18 Յունուարի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Վերոնայի Կաթողիկէ Հիմնարկի պատուիրակութեան անդամները եւ ուրախութիւն արտայայտելով հանդիպման համար շեշտեց յոյսի Յոբելեանի կարեւորութիւնը, ապա խօսեցաւ հասարակաց տան պահպանման պատասխանատուութեան մասին ընդգծելով «տնտեսութիւն» իմաստը՝ որպէս կենսամիջոցներու իմաստուն և յարգալից կառավարում։

Ան ապա բարձր գնահատեց Հիմնադրամի նախաձեռնութիւնները` ընտանիքներուն ու երիտասարդներուն զօրակցութեան, կամաւորութեան և աջակցութեան ոլորտին մէջ՝ խրախուսելով ներկաները միշտ բարիք ընել բոլորին, յատկապէս անոնց, որոնք առաւել կարիքաւոր են:

Ֆրանչիսկոս Պապը նաև զգուշացուց այն ներդրումներէն, որոնք հասարակութեան վնաս կը հասցնել, օրինակ՝ զէնքի ոլորտը, և ընդգծեց, որ դրամը պէտք է ներդնել մարդկութեան բարօրութեան համար։

«Չմոռանանք, որ դրամը աւելի շատ կու տայ, երբ ներդրուած է ի շահ ուրիշներու։ Ասիկա շատ կարևոր է, շատ վատ վիճակ մը կայ, այժմ, ներդրումներու իմաստով։ Որոշ երկիրներուն մէջ ամենաշատ շահոյթ ստացող ներդրումները զէնքի գործարաններն են. ներդրումներ սպանելու համար: Այս մարդիկը խելագար են։ Ասիկա ձեռնտու չէ ժողովրդին» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ան ապա խրախուսեց զանոնք միշտ վստահութիւն ունենալու Աստուծոյ Նախախնամութեան վրայ, ի տես կրթական ու աշխատանքային տագնապներուն, հրաւիրելով կառուցելու աւելի արդար ապագայ մը։

Ի վերջոյ Ան քաջալերեց զանոնք շարունակելու` իրենց երջանկութիւն եւ խաղաղութիւն սերմանելու գործը եւ խօսքը աւարտեց խնդրելով` որ աղօթեն իրեն համար

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2025, 10:33