Սրբազան Պապին Վատիկանի պաշտօնեաներու ընտանիքներուն հետ հանդիպումը` դեկտեմբեր 2024 Սրբազան Պապին Վատիկանի պաշտօնեաներու ընտանիքներուն հետ հանդիպումը` դեկտեմբեր 2024  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ թիկունք կը կանգնի Վատիկանի բազմազաւակ ընտանիքներուն

2025ի Յունուար ամիսէն սկսեալ Վատիկանի բազմազաւակ ընտանիքներուն պիտի երաշխաւորուի ամսական 300 եւրոյի օժանդակութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի որոշումով 2025ի Յունուար ամիսէն սկսեալ, երեք կամ երեքէն աւելի զաւակներով Վատիկանի Պետութեան աշխատաւորներուն ընտանիքները պիտի ստանան ամսական 300 եւրոյի գումար։ Սոյն գումարը պիտի երաշխաւորուի մինչեւ 18 տարեկան եւ կամ մինչեւ համալսարանական դասընթացքի աւարտը` բայց ոչ 24 տարեկանէն վեր։

Այս մէկը ինչպէս նշեցինք Ֆրանչիսկոս Պապին անձնական նախաձեռնութիւնն է, որ ինք փոխանցեց Վատիկանի Պետութեան Կառավարութեան նախագահին և գլխաւոր քարտուղարին, կարդինալ Ֆերնանտօ Վերկես Ալծակային և քոյր Ռաֆֆայելլա Փեթրինիին, անոնց 19 դեկտեմբերին շնորհած ունկնդրութեան ժամանակ։

Այս առիթով հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ Ծնողական արձակուրդը եւս կը փոխուի եւ ներկայի երեքէն կը դառնայ հինգ օր։ Փաստօրէն, երեխայի ծննդեան կապակցութեամբ վճարովի արձակուրդի եռօրեայ ժամկէտը, որ կը վերաբերի նաև որդեգրող կամ խնամատար հօր, կ՛երկարաձգուի մինչև հինգ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2025, 07:42