2025.01.16 Sua Grazia Haji Dede Edmond Brahimaj, Leader della Comunità dei Bektashi di Tirana

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Թիրանայի Պէքթաշի հասարակութեան ղեկավարին հետ

«Հակառակ ներկայի մարտահրաւէրներուն, միջկրօնական երկխօսութիւնը եզակի դեր ունի հաշտեցման, արդարութեան և խաղաղութեան ապագայի կերտման գործին մէջ, որ այնքան եռանդոտ կերպով կը ցանկանան աշխարհի մարդիկ և յատկապէս երիտասարդները» ըսաւ Սրբազան Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի` 16 Յունուար 2025ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց Թիրանայի Պէքթաշի հասարակութեան ղեկավար` Ն. Ս. Հայճի Տէտէ Էտմոնտ Պրահիմայը, ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները։

Նորին Սրբութիւնը ընդունելով հիւրերը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար, ապա երախտագիտութիւն արտայայտեց Միջ կրօնական երկխօսութեան Վերատեսչութեան, որ կարելի դարձուց սոյն հանդիպումը։

Ան ապա ընդգծեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Պէքթաշի հասարակութեան միջեւ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, դիտել տալով, որ այս կապերը կարող են սատարել եղբայրութեան ու խաղաղ համակեցութեան։

Սրբազան Պապը խրախուսեց ապա մերժել բռնութիւնները ու խթանել հանդիպումը` ինչպէս նաեւ հասարակաց բարիքին ի սպաս համագործակցութիւնը, շեշտը դնելով միջկրօնական երկխօսութեան իմաստալից պահերուն վրայ եւ ասկէ մեկնելով վստահութիւն յայտնեց, որ Պեքթաշի համայնքը կարող է ծառայել, որպէս մշակոյթներու և կրօններու միջեւ հաշտեցման կամուրջ։

«Հակառակ ներկայի մարտահրաւէրներուն, միջկրօնական երկխօսութիւնը եզակի դեր ունի հաշտեցման, արդարութեան և խաղաղութեան ապագայի կերտման գործին մէջ, որ այնքան եռանդոտ կերպով կը ցանկանան աշխարհի մարդիկ և յատկապէս երիտասարդները» ըսաւ Սրբազան Պապը ու խօսքը աւարտեց ներկաներուն հաւաստիացնելով իր աղօթքներն ու օրհնութիւնները, աղօթք խնդրելով նաև իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2025, 13:02