Ֆրանչիսկոս Պապ. Երիտասարդները թող Աւետարանի քաջ վկաները դառնան։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նամակ մը ուղղեց Սուրբ Վինչէնցօ Տէ Փաուլիի առաքելութեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր, հայր Թոմազ Մավրիչիին, միաբանութեան հիմնադրութեան 400 ամեակի կապակցութեամբ։
Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Սուրբ Վինչէնցոյին հոգեւոր ժառանգութեան եւ առաքելական եռանդին մաղթելով որ անոր սկզբունքները ներշնչեն այօսրուան երիտասարդները։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց աղքատներու մէջ Քրիստոսի ծառայութեան կարեւորութիւնը՝ ժամանակակից եկեղեցւոյ վերանորոգման համար ու քաջալերեց երիտասարդները դառնալու Աւետարանի խիզախ վկաները։
Քահանայապետը ճանչցաւ եւ բարձր գնահատեց ողջ աշխարհի մէջ տարածուած Վինչէնցիանա միաբանութեան հոգեւորականութիւնը նշելով մի քանի պատմական դէմքեր, ինչպէս Սուրբ Ճովաննի Կապրիէլէ Փէրպոյրէ եւ Սանթա Քաթերինա Լապուրէ նշեց նաեւ Սուրբ Վինչէնզօ Փաուլիի հաստատութիւնը, հիմնուած 1833ին, որպէս բարի գործերու ուժ, որ ունի անդամներ ամբողջ աշխարհի մէջ եւ անդրադարձաւ եղբայրասիրական եւ բարեսիրական հաստատութիւնները, ինչպէս Եղբայրսիրական միութիւնները, ընդգծելով վերջիններուն, աղքատներուն հոգ տանելու կարեւորութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը, յորդորելով միաբանութեան անդամները շարունակելու վերանորոգուած սիրով ծառայելու կարիքաւորներուն, ճանչնալով մեկուսացուած անձերուն արժանապատուութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
