Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց աղօթել խաղաղութեան համար

Վատիկանի Պօղօս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին յղած Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ՝աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 8 յունուարին, Վատիկանի Պօղօս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ափրիկէէն ժամանած կրկէսի խումբ արուեստագէտներ հանդս եկան երգերով ու պարերով, Ֆրանչիսկոս Պապին եւ հազարաւոր հաւատացեալներուն դիմաց։

Կրկէսի խաղերուն աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալական խօսք ուղղեց ըսելով, «Շնորհակալ եմ այս կանանց եւ մարդկանց, որոնք զուարճացուցին մեզ կրկէսի միջոցաւ։ Կրկէսը կը զուարճացնէ մեզ՝ մանուկներու պէս։ Կրկէս կատարողները ունին այս առաքելութիւնը, մեզ զուարճացնել եւ բարի բաներ կատարել։ Շնորհակալութիւն բոլորիդ» ըսաւ Քահանայապետը ապա տարբեր լեզուներով ողջունեց Իտալացի եւ օտարերկեայ ուխտաւորները»։

Իտալացիներուն ուղղած ողջոյին խօսքին մէջ խնդրեց, որ ողջունեն քահանայական 25 ամեակը նշող Կարդինալ Կամպէթթի ապա յիշեց երիտասարդները, հիւանդները, տարեցները, նորապսակեալները, հրաւիրելով զանոնք շարունակելու մտածել Յիսուսի, Քրիստոսի Յայտնութեան՝ ողջ մարդկութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր ողջոյնի խօսքը աւարտեց  հրաւիրելով աղօթելու խաղաղութեան համար. «Չմոռնանք մարտիրոսացած Ուքրանիան, չմոռնանք Նազարեթը, Իսրայէլը։ Չմոռնանք պատերազմի մէջ գտնուող բոլոր երկիրները։ Խաղաղութիւն խնդրենք։ Եւ չմոռնանք որ պատերազմը միշտ միշտ պարտութիւն է », ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2025, 10:39