SWITZERLAND-DAVOS-POLITICS-ECONOMY SWITZERLAND-DAVOS-POLITICS-ECONOMY  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Արուեստական Բանականութիւնը պէտք է որ նպաստէ մարդկային համապարփակ զարգացման

Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը համաշխարհային տնտեսական ֆորումի նախագահին, 20էն 24 յունուարին Տավոսի մէջ կայացած տարեկան ընդհանուր հանդիպումի կապակցութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ Քահանայապետին այսօրուան գործունէութեան հայող այս եւ այլ լուրերը

Ֆրանչիսկոս Պապը ուղերձ մը յղեց համաշխարհային տնտեսական ֆորումի նախագահին, 20էն 24 յունուարին, Տավոսի մէջ կայացած տարեկան ընդհանուր հանդիպումի կապակցութեամբ։

Ուղերձին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ համաշխարհային տնտեսական ֆորումի այս տարուան նիւթին՝ «համագործակցութիւն արուեստական բանականութեան համար» նշելով, որ այս նիւթը հնարաւորութիւն կ՝ընձեռէ նկատելու արուեստական բանականութիւնը որպէս ժողովուրդներու միջեւ միութեան միջոց, գրեց Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ Քրիստոնէական աւանդութիւնը արուեստական բանականութիւնը կը նկատէ որպէս Աստուածային պարգեւ մը ու կաթողիկէ եկեղեցին կը նպաստէ գիտական առաջընթացին, որպէս համագործակցութիւն Աստուծոյ հետ՝ արարչագործութիւնը կատարելագործելու համար։

Այնուամենայնիւ կը նշէ Սրբազան Հայրը արուեստական բանականութիւնը կ՝առաջացնէ բարոյական հարցեր եւ մարտահրաւէրներ, որովհետեւ ընդօրինակելով հանդերձ մարդկային կարողութիւնները՝ արուեստական բանականութիւնը չկրնար մարդու նման որոշումները կայացնել ու Արուեստական բանականութեան համար կիրակուած «բանականութիւն» բառը անտեղի է, որովհետեւ անիկա մարդու բանականութեան պտուղն է» նշեց Սրբազան հայրը ուղերձին մէջ դիտել տալով, որ արուեստական բանականութիւնը ճիշդ օգտագործելու դէպքին մէջ անիկա կարող է անհատներուն օգնել՝ կատարելու իրենց կոչումը, սակայն այն պէտք է ուղղուած ըլլայ մարդկութեան բարօրութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձին մէջ նկատել կու տայ, որ արուեստագիտական զարգացումները պէտք են որ բարելաւեն բոլորին կեանքը՝ խուսափելով աճող հակամարտութիւններէն եւ անհաւասարութիւններէն ու արուեստական բանականութիւնը պէտք է ,որ նպաստէ մարդկային համապարփակ զարգացման։

Կառավարութիւններն ու ընկերութիւնները պէտք են վերահսկել արուեստական բանականութեան օգտագործումը երաշխաւորելով որ անիկա նպաստէ մարդկային եւ արժանապատուութեան եւ ընդհանուրի բարիքին՝ օժանդակութեան սկզբունքին համաձայն, գրեց Ան

Քահանայապետը ուղերձը աւարտեց յաջողութիւններ մաղթելով հանդիպումի քննարկումներուն եւ Տիրոջ օրհնութիւնը հայցեց բոլորին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2025, 11:14