Յիսուսի մկրտութեան տօնի առիթով Քահանայապետը մկրտեց 21 նորածիններ

Արարողութեան սկիզբը Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ, թէ կարեւոր է` որ մանուկները իրենք զիրենք լաւ զգան։ Եթէ անօթի են կերակրեցէք զանոնք, թող չի լան, եթէ տաքցած են, փոխեցէք անոնց հագուստները...թող իրենք զիրենք հանգիստ զգան...որովհետեւ այսօր իրենք են դերակատարները եւ մենք անոնց պիտի ծառայենք Խորհուրդով ու աղօթքներով։
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի ծնողներ, կնքահայր ու կնքամայրեր, ի՞նչ անուն կու տակ ձեր զաւկին։ Ի՞նչ կը խնդրէք» հարցումներ են ասոնք զոր Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղեց Սիքստինեան մատրան մէջ համախմբուած 42 ծնողներուն, ու անոնց ընկերացող կնքահայր կնքամայրերուն, որոնք Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին օրը` Կիրակի 12 Յունուար 2025ի առաւօտեան ժամը 9,30ին, եկած էին իրենց զաւակները մկրտելու։

Արդարեւ Վատիկանի մէջ սովորութիւն է որ Յիսուսի մկրտութեան տօնին օրը Վատիկանի պաշտօնեաներու նորածին զաւակները, որոնք մէկ տարեկանը չեն բոլորած, Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդը ստանան Քահանայապետի ձեռքով եւ այս տարի անոնց 21 մանուկներ էին։

Արարողութեան սկիզբը Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ, թէ կարեւոր է` որ մանուկները իրենք զիրենք լաւ զգան։ Եթէ անօթի են կերակրեցէք զանոնք, թող չի լան, եթէ տաքցած են, փոխեցէք անոնց հագուստները...թող իրենք զիրենք հանգիստ զգան...որովհետեւ այսօր իրենք են դերակատարները եւ մենք անոնց պիտի ծառայենք Խորհուրդով ու աղօթքներով։

«Այժմ սկսինք մեր այս արարողութիւնը միասին։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը, ծնողներ ու նաեւ Եկեղեցին այսօր մեծ  պարգեւ մը կ՜ընէ մանուկներուն` Հաւատքի պարգեւը» ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով արարողութեան։

Ան ապա արարողութեան ընթացքին ընթերցուած Աւետարանական հատուածէն ետքը հրաւիրեց ներկաները Տիրոջմէ հայցելու, որ այս մանուկները աճին հաւատքի մէջ, աճին ընտանեկան ուրախութեան մէջ»։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2025, 10:01