Սրբազան Պապին Մարտ – Ապրիլ ամիսներուն գլխաւորելիք արարողութիւնները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր` 12 Փետրուար 2025-ին Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներու արարողութիւններու օրակարգը։
5 Մարտին ըստ լատինաց Մոխրոց Օր է եւ աւանդութիւն է որ Քահանայապետերը այդ օր Հռոմի Սուրբ Անսելմոսի անուան Եկեղեցիէն մեկնելով գլխաւորեն ապաշխարութեան թափօրը հուսկ Սանթա Սապինա Եկեղեցւոյ մէջ մատուցեն Սուրբ Պատարագ եւ կատարեն Մոխրոց Օրհնութիւնն ու ապա մոխրոց սրսկումի ծիսակատարութիւնը, բացումը կատարելով քառասնորդաց շրջանին։Նորին Սրբութիւնը վերոնշեալ արարողութիւնները կը կատարէ կէսօրէն ետքը ժամը 4,30էն սկսեալ։
Յայտնենք թէ Լատին Եկեղեցւոյ համար Մեծ Պահքի տեւողութիւնը 40 օր է։ Այս շրջանը հաստատուած է, որպէս պատրաստութիւն Քրիստոսի չարչարանքի, խաչելութեան, մահուան ու փառաւոր Յարութեան տօնակատարութիւններուն։
Մեծ Պահքին ընթացքին, հաւատացեալը հրաւիրուած է ապրելու այս շրջանը աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ողորմածութեան գործերով։
Հայ Եկեղեցւոյ մէջ մոխրոց օրը կը կատարուի Բուն Բարեկենդանին յաջորդող երկուշաբթի օրը։ Մոխրոց օրհնութիւնը հաւատացեալներուն կը յիշեցնէ՝ երկրաւոր բարիքներուն ունայն եւ անցողակի բնոյթը, ու թէ մարդը ''հող է եւ հող պիտի դառնայ''։
Կիրակի 9 Մարտին քառասնորդացի առաջին Կիրակին է` եւ այդ օր Ֆրանչիսկոս Պապը` առաւօտեան 10,30ին Յոյսին նուիրուած յոբելենական տարւոյն ծիրէն ներս Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի գլխաւորէ Կամաւորներու Աշխարհին նուիրուած սուրբ պատարագը, իսկ կէսօրէն ետքը ժամը 5ին սկիզբ պիտի առնէ Հռոմի Քուրիայի անդամներուն յատկացուած քառասնորդացի Հոգեւոր Կրթութիւնը, որուն կը մասնակցի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որոնք պիտի աւարտին Ուրբաթ 14 Մարտի առաւօտեան ու տեղի պիտի ունենան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ։
6 Ապրիլ 2025ին ըստ լատինաց քառասնորդացի հինգերորդ Կիրակին` Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի գլխաւորէ Յոբելենական տարւոյն առիթով` Հիւանդներու ու առողջապահութեան աշխարհին նուիրուած Յոբելեանի Սուրբ Պատարագը` առաւօտեան ժամը 10.30 ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
